Loading...

Ezekiel 16

Lamentations  «  Ezekiel 15  ‹  Ezekiel 16  ›  Ezekiel 17  »  Daniel


ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ

1

1Դարձեալ 2Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, Երուսաղէմի գիտցո՛ւր իր գարշութիւնները,

3

Եւ ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ Երուսաղէմի. "Ծագումովդ ու ծնունդովդ՝ դուն Քանանի երկրէն ես. Քու հայրդ Ամորհացի էր, եւ մայրդ՝ Քետացի։

4

Քու ծնունդդ սա՛պէս եղաւ. Ծնած օրդ՝ պորտդ չկտրուեցաւ, Ո՛չ ալ ջուրով լուացուեցար՝ մաքրուելու համար. Աղով չշփուեցար ու խանձարուրով չփաթթուեցար։

5

Ո՛չ մէկ աչք քու վրադ խղճաց, որ ասոնցմէ որեւէ մէկը ընէր քեզի՝ Քու վրադ արգահատելով. Հապա ծնած օրդ՝ Քու անձիդ խորշանքին պատճառով 3բաց դաշտը՝՝ նետուեցար։

6

Երբ ես քովէդ անցայ, Քեզ 4արիւնլուայ տեսայ, Եւ քեզի ըսի՝ մինչ արիւնիդ մէջ էիր. «Ապրէ՛»։ Թէպէտ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ըսի. «Ապրէ՛»։

7

Քեզ դաշտի բոյսերուն պէս 5աճեցուցի. Դուն շատցար ու մեծցար, Եւ 6կատարեալ գեղեցկութեան՝՝ հասար։ 7Ստինքներդ 8կազմուեցան ու մազերդ աճեցան, Բայց դուն մերկ եւ անծածկոյթ էիր։

8

Քովէդ անցայ ու քեզի նայեցայ, Եւ ահա՛ 9տարփանքի տարիքին մէջ էիր՝՝. Ուստի իմ քղանցքս վրադ տարածեցի, Քու մերկութիւնդ ծածկեցի, Ու քեզի երդում ընելով՝ Քեզի հետ 10ուխտ կնքեցի՝՝,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— Եւ դուն իմս եղար։

9

Քեզ ջուրով լուացի, Քու վրայէդ արիւնդ 11մաքրեցի, Ու քեզ հոտաւէտ իւղով օծեցի։

10

Քեզի նկարազարդ հանդերձ հագցուցի Եւ իշղարի մորթէ շինուած կօշիկ հագցուցի. Քեզ բարակ քթանով 12գօտեւորեցի Ու մետաքսով ծածկեցի։

11

Նաեւ քեզ 13պճնազարդեցի, Ձեռքերուդ ապարանջաններ դրի, Եւ վիզէդ մանեակ կախեցի։

12

Քու քիթիդ օղակ դրի, Ականջներուդ՝ գինդեր, Գլուխիդ՝ շքեղ պսակ։

13

Այսպէս՝ ոսկիով ու արծաթով զարդարուած էիր, Եւ հանդերձներդ բարակ քթանէ ու մետաքսէ էին՝ նկարազարդ։ Նաշիհ, մեղր եւ իւղ կերար, Չափազանց գեղեցկացար Ու թագաւորութեան 14հասար։

14

Քու գեղեցկութեանդ համար համբաւդ 15հեթանոսներուն մէջ 16տարածուեցաւ, Որովհետեւ ան կատարեալ էր այն վայելչութեամբ՝ Որ 17քեզի շնորհած՝՝ էի,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—

15

Բայց դուն՝ համբաւիդ պատճառով Եւ գեղեցկութեանդ վստահելով՝ պոռնկեցար. Քու պոռնկութիւնդ ամէն անցորդի 18շռայլեցիր, 19անոր յանձնուեցար՝՝։

16

Քու հագուստներէդ առիր, Քեզի խայտաբղէտ զարդերով բարձր տեղեր կերտեցիր, Եւ անոնց վրայ պոռնկեցար. Ասոր նմանը եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։

17

Իմ քեզի տուած ոսկիէս ու արծաթէս շինուած Քու շքեղ 20զարդերդ առիր, Քեզի 21այր մարդու՝՝ պատկերներ շինեցիր, Եւ անոնց հետ պոռնկեցար։

18

Քու նկարազարդ հագուստներդ առնելով՝ Զանո՛նք ծածկեցիր, Եւ իմ իւղս ու խունկս անո՛նց մատուցանեցիր։

19

Քեզի տուած հացս, Քեզի կերցուցած նաշիհս, իւղս ու մեղրս ալ Անոնց մատուցանեցիր անոյշ հոտի համար, Եւ ասիկա եղաւ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—

20

Ինծի համար ծնած որդիներդ եւ աղջիկներդ առիր, Ու զանոնք զոհեցիր անոնց՝ որպէսզի զիրենք լափեն։

21

Այս պոռնկութիւնդ քի՞չ բան էր՝ Որ իմ որդիներս մորթեցիր, Եւ զիրենք անոնց մատնեցիր՝ կրակէ անցընելով։

22

Քու բոլոր գարշութիւններուդ ու պոռնկութիւններուդ մէջ Քու 22մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր, Երբ մերկ, անծածկոյթ Եւ արիւնլուայ էիր"”»։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՊՈՌՆԿՈՒԹԻՒՆ

23

«Այս բոլոր չարութիւններէդ ետք (Վա՜յ քեզի, վա՜յ քեզի,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,—)

24

Դուն քեզի հանրատուն ալ կառուցանեցիր, Ամէն հրապարակի մէջ քեզի բարձր տեղ կերտեցիր.

25

Ամէն ճամբայի գլուխ քու բարձր տեղդ կառուցանեցիր, Քու գեղեցկութիւնդ գարշելի ըրիր, Ամէն անցորդի ոտքերդ լայն բացիր, Եւ պոռնկութիւններդ բազմապատկեցիր։

26

Քու 23մեծանդամ սահմանակիցներուդ՝ Եգիպտոսի որդիներուն հետ պոռնկեցար, Ու զիս գրգռելու համար քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։

27

Ուստի ահա՛ իմ ձեռքս քու վրադ երկարեցի, Քու 24ռոճիկդ պակսեցուցի, Քեզ 25ոսոխներուդ՝ Փղշտացիներու աղջիկներուն 26կամքին յանձնեցի, Որոնք քու լիրբ 27ընթացքէդ կը խպնին։

28

Ասորեստանցիներուն հետ ալ պոռնկեցար, քանի որ անկուշտ էիր. Անոնց հետ պոռնկեցար, սակայն չկշտացար։

29

Քու պոռնկութիւններդ բազմապատկեցիր Քանանի երկրէն մինչեւ Քաղդէաստան, Բայց ասով ալ չկշտացար։

30

Քու սիրտդ ո՜րչափ ուժաթափ է,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— Որ այս բոլորը ըրիր՝ 28Բռնակալ պոռնիկ կնոջ մը արարքները.—

31

Ամէն ճամբայի գլուխ հանրատունդ կառուցանեցիր, Ամէն հրապարակի մէջ քու բարձր տեղդ կերտեցիր։ Սակայն պոռնիկի պէս չեղար. հապա վարձատրութիւնը 29արհամարհելով՝

32

Շնութիւն ընող կնոջ մը պէս եղար, Որ իր ամուսինին տեղը օտարներ կ’առնէ։

33

Բոլոր պոռնիկներուն վարձատրութիւն կու տան, Իսկ դո՛ւն վարձատրութիւններդ կու տաս բոլոր հոմանիներուդ. Զանոնք կը կաշառես, որպէսզի ամէն կողմէ քեզի գան՝ Քեզի հետ պոռնկելու համար։

34

Քու պոռնկութիւններուդ մէջ՝ ուրիշ կիներուն 30պատահածին ներհակը կը պատահի քեզի. Քանի ո՛չ մէկը քեզի կը հետեւի՝ պոռնկութեան համար, Դո՛ւն վարձատրութիւն կու տաս, իսկ քեզի վարձատրութիւն չի տրուիր. Ուստի ուրիշներուն ներհակն ես»։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

35

«Հետեւաբար, ո՛վ պոռնիկ, մտի՛կ ըրէ Տէրոջ խօսքը.

36

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի քու 31դրամդ մսխուեցաւ՝՝, Եւ պոռնկութիւններովդ մերկութիւնդ երեւցաւ Քու հոմանիներուդ ու բոլոր գարշելի չաստուածներուդ, Նաեւ անոնց մատնած որդիներուդ արիւնը թափուեցաւ,

37

Ահա՛ ես պիտի հաւաքեմ քու բոլոր հոմանիներդ՝ Որոնց հաճելի եղար, Բոլոր անոնք՝ որ սիրեցիր, եւ բոլոր անոնք՝ որ ատեցիր. Զանոնք ամէն կողմէ քեզի դէմ պիտի հաւաքեմ Ու մերկութիւնդ անոնց պիտի բանամ, Եւ անոնք ամբողջ մերկութիւնդ պիտի տեսնեն։

38

Քեզ պիտի դատեմ Շնութիւն ընող եւ արիւն թափող կիներուն դատաստանով. Ու քեզի դէմ ցասումով ու նախանձախնդրութեամբ արիւնի վճիռ պիտի տամ.

39

Քեզ անոնց ձեռքը պիտի մատնեմ, Եւ անոնք հանրատունդ պիտի փլցնեն, Բարձր տեղերդ պիտի քանդեն, Հագուստներէդ քեզ պիտի մերկացնեն, Շքեղ զարդերդ պիտի գրաւեն, Ու քեզ մերկ եւ անծածկոյթ պիտի ձգեն։

40

Քեզի դէմ համախմբում մը պիտի բարձրացնեն, Ու քեզ 32պիտի քարկոծեն՝՝, Իրենց սուրերով քեզ պիտի ծակծկեն,

41

Տուներդ կրակով պիտի այրեն, Ու վրադ դատավճիռներ պիտի կիրարկեն շատ կիներու 33առջեւ. Քեզ պոռնկելէ պիտի դադրեցնեմ, Եւ անգա՛մ մըն ալ վարձատրութիւն պիտի չտաս։

42

Այսպէս պիտի հանդարտացնեմ ցասումս՝ որ քեզի դէմ է. Իմ նախանձախնդրութիւնս քեզմէ պիտի հեռանայ, Պիտի հանդարտիմ, եւ ա՛լ պիտի չբարկանամ։

43

Քանի քու 34մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր, Հապա այս բոլոր բաներով զիս վրդովեցիր, Ահա՛ ես ալ քու 35արարքներուդ պատիժը քու վրադ պիտի բերեմ՝՝,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։— Դուն բոլոր գարշութիւններուդ վրայ Այս լրբութիւնն ալ պիտի 36չաւելցնես”»։


ԻՆՉՊԷՍ ՄԱՅՐԸ՝ ՆՈՅՆՊԷՍ ԱՂՋԻԿԸ

44

«Ահա՛ ամէն առակախօս Քու մասիդ սա՛ առակը պիտի խօսի. “Ի՛նչպէս է մայրը, աղջիկն ալ ա՛յնպէս է”։

45

Դուն քու մօրդ աղջիկն ես, Որ իր ամուսինէն ու որդիներէն զզուեցաւ. Եւ քու քոյրերուդ քոյրն ես, Որոնք իրենց ամուսիններէն ու որդիներէն զզուեցան։ Ձեր մայրը Քետացի էր, ու ձեր հայրը՝ Ամորհացի։

46

Քու մեծ քոյրդ Սամարիան է, Որ իր 37գիւղերով ձախ կողմդ կը բնակի. Քու պզտիկ քոյրդ ալ Սոդոմն է, Որ իր գիւղերով աջ կողմդ կը բնակի։

47

Սակայն դուն միայն անոնց ճամբաներէն չընթացար, Եւ անոնց գարշութիւններուն նմանները չգործեցիր. Հապա՝ որպէս թէ անոնց ըրածը պզտիկ ու քիչ բան ըլլար՝ Դուն քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ անոնցմէ աւելի ապականեցար։

48

Ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— Քու քոյրդ՝ Սոդոմ, ինք եւ իր գիւղերը, այնպէս չըրին՝ Ինչպէս դուն ու քու գիւղերդ ըրիք։

49

Ահա՛ սա՛ էր քրոջդ՝ Սոդոմի անօրէնութիւնը.— Ան իր գիւղերով ունեցաւ Ամբարտաւանութիւն, հացի 38առատութիւն եւ 39անհոգ հանդարտութիւն, Բայց դժբախտին ու աղքատին 40չօգնեց։

50

Խրոխտացան եւ իմ առջեւս գարշութիւն գործեցին. Ուստի զանոնք բնաջնջեցի՝ երբ տեսայ։

51

Սամարիա քու մեղքերուդ կէսը չգործեց. Դուն անոնցմէ աւելի շատցուցիր քու գարշութիւններդ, Ու գործած բոլոր գարշութիւններովդ Քոյրերդ արդարացուցիր։

52

Դուն ալ, որ քոյրերդ կը դատապարտէիր, Կրէ՛ քու նախատինքդ՝ մեղքերուդ պատճառով, Որոնցմով անոնցմէ աւելի գարշելի եղար. Անոնք քեզմէ արդար են։ Իսկ դուն ալ ամչցի՛ր ու կրէ՛ նախատինքդ, Քանի որ քոյրերդ արդարացուցիր»։


ՍՈԴՈՄ ԵՒ ՍԱՄԱՐԻԱ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻՆ

53

«Ես պիտի վերադարձնեմ անոնց գերիները, Սոդոմի եւ անոր գիւղերուն գերիները, Սամարիայի եւ անոր գիւղերուն գերիները. Ու անոնց մէջ՝ քու գերիներդ ալ,

54

Որպէսզի նախատինքդ կրես Եւ բոլոր ըրածներուդ համար խպնիս՝ Քանի անոնց մխիթարութիւն կ՛ըլլաս։

55

Քու քոյրերդ՝ Սոդոմ եւ անոր գիւղերը՝ Իրենց վաղեմի վիճակին պիտի վերադառնան. Սամարիա եւ անոր գիւղերը Իրենց վաղեմի վիճակին պիտի վերադառնան. Դուն ու քու գիւղերդ ալ Ձեր վաղեմի վիճակին պիտի վերադառնաք։

56

Արդարեւ, քու ամբարտաւանութեանդ օրը, Քրոջդ՝ Սոդոմի մասին 41չխօսեցար,

57

Քանի չարութիւնդ տակաւին յայտնուած չէր, Ինչպէս յայտնուեցաւ հիմա, երբ ատենն է նախատուելու Սուրիայի աղջիկներէն եւ բոլոր անոր շուրջը եղողներէն, Փղշտացիներուն աղջիկներէն՝ Որոնք ամէն կողմէ քեզ կ’արհամարհեն։

58

Քու լրբութիւններուդ եւ գարշութիւններուդ պատիժը Դուն կրեցիր,— կը պատգամէ Տէրը»։


ՈՒԽՏ ՄԸ՝ ՈՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ Է

59

«Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Քեզի հետ պիտի վարուիմ՝ ինչպէս որ դուն վարուեցար, Քանի 42երդումը արհամարհեցիր եւ ուխտը խզեցիր։

60

Բայց ես պիտի յիշեմ քու երիտասարդութեանդ օրերը քեզի հետ կնքած ուխտս, Ու քեզի հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի հաստատեմ։

61

Դուն ալ պիտի յիշես քու 43ընթացքդ, Ու պիտի խպնիս՝ երբ ընդունիս քու մեծ եւ քու պզտիկ քոյրերդ. Զանոնք քեզի պիտի տամ իբր 44գիւղեր, Բայց ո՛չ թէ քու 45ուխտովդ։

62

Քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, Ու պիտի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը.

63

Որպէսզի յիշես եւ ամչնաս, Ու նախատինքիդ պատճառով անգա՛մ մըն ալ բերանդ չբանաս, Երբ քու բոլոր ըրածներուդ համար Քեզի քաւութիւն ընեմ”, կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
3 Եբր.՝ դաշտին մակերեսը
4 Եբր.՝ արիւնիդ մէջ կոխկռտուած
5 Եբր.՝ բիւրաւոր ըրի
6 Եբր.՝ զարդերու զարդին
7 Եբր.՝ Ծիծերդ
8 Եբր.՝ հաստատուեցան
9 Եբր.՝ ատենդ տարփանքի ատեն էր
10 Եբր.՝ ուխտի մէջ մտայ
11 Եբր.՝ ողողելով մաքրեցի
12 Եբր.՝ փաթթեցի
13 Եբր.՝ զարդերով զարդարեցի
14 Եբր.՝ յաջողեցար
15 Կամ՝ ազգերուն
16 Եբր.՝ դուրս ելաւ
17 Եբր.՝ քու վրադ դրած
18 Եբր.՝ թափեցիր
19 Եբր.՝ անորը եղար
20 Եբր.՝ իրերդ
21 Եբր.՝ արուի
22 Կամ՝ երիտասարդութեանդ
23 Եբր.՝ մեծ մարմինով
24 Եբր.՝ սովորական ուտելիքդ
25 Եբր.՝ քեզ ատողներուն
26 Եբր.՝ անձին
27 Եբր.՝ ճամբայէդ
28 Եբր.՝ Տիրող
29 Եբր.՝ ծաղրելով
30 Եբր.՝ եղածին
31 Եբր.՝ պղինձդ թափուեցաւ
32 Եբր.՝ քարերով պիտի քարկոծեն
33 Եբր.՝ աչքերուն
34 Կամ՝ երիտասարդութեանդ
35 Եբր.՝ ճամբադ քու գլուխիդ վրայ պիտի դնեմ
36 Եբր.՝ չգործես
37 Եբր.՝ աղջիկներով
38 Եբր.՝ կշտացում
39 Եբր.՝ անդորր
40 Եբր.՝ ձեռքը չուժովցուց
41 Եբր.՝ բերանէդ չլսուեցաւ
42 Եբր.՝ անէծքով երդումը
43 Եբր.՝ ճամբաներդ
44 Եբր.՝ աղջիկներ
45 Կամ՝ ուխտիդ համաձայն