Loading...

Ezekiel 19

Lamentations  «  Ezekiel 18  ‹  Ezekiel 19  ›  Ezekiel 20  »  Daniel


ՏՐՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

1

Իսկ դուն ո՛ղբ բարձրացուր Իսրայէլի իշխաններուն վրայ,

2

եւ ըսէ՛. «Ի՞նչ է քու մայրդ — մատակ առիւծ մը, Որ առիւծներու մէջ կը պառկի Եւ իր ձագերը կորիւններու մէջ կը մեծցնէ։

3

Ան իր ձագերէն մէկը մեծցուց, Որ կորիւն եղաւ, Որս բզքտել սորվեցաւ, ու մարդ լափեց։

4

Իր մասին ազգերը լսեցին, Անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ, Եւ քիթին օղակ մը անցընելով զինք Եգիպտոսի երկիրը տարին։

5

Երբ 1մայրը տեսաւ թէ պարապ տեղը սպասած է ու յոյսը 2կտրած է, Իր ձագերէն ուրիշ մը առաւ, Եւ զայն կորիւն ըրաւ։

6

Ան առիւծներու մէջ շրջող կորիւն մը եղաւ, Որս բզքտել սորվեցաւ ու մարդ լափեց։

7

Անոնց դղեակները 3քանդեց, Անոնց քաղաքները աւերեց. Անոր մռնչիւնին ձայնէն Երկիրը 4իր բնակիչներէն՝՝ ամայացաւ։

8

Շրջակայ գաւառներէն ազգեր անոր դէմ 5շարուեցան, Իրենց ցանցը տարածեցին անոր վրայ. Անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։

9

Քիթին օղակ մը անցընելով վանդակի մէջ դրին, Ու զայն Բաբելոնի թագաւորին տարին. Զինք բերդը դրին, Որպէսզի իր ձայնը անգա՛մ մըն ալ Իսրայէլի լեռներուն վրայ չլսուի։

10

Քու մայրդ քու նմանութեամբդ՝ ջուրերու քով տնկուած որթատունկի պէս է, Որ յորդառատ ջուրերու պատճառով՝ պտղատու ոստերով լեցուեցաւ։

11

Ան զօրաւոր 6շառաւիղներ ունեցաւ՝ կառավարիչներու մականներուն համար։ Իր հասակը տերեւախիտ ճիւղերուն մէջէն բարձրացաւ, Եւ իր բարձրութեամբն ու ոստերուն առատութեամբ երեւցաւ։

12

Բայց ցասումով խլուեցաւ եւ գետինը ձգուեցաւ, Արեւելեան հովը անոր պտուղը չորցուց. Անոր զօրաւոր շառաւիղները կոտրեցան ու չորցան, Եւ զանոնք կրակը սպառեց։

13

Հիմա անապատը տնկուած է, Անջրդի ու ծարաւուտ երկրի մը մէջ։

14

Անոր բարունակներուն մէկ շառաւիղէն կրակ ելաւ, Եւ անոր պտուղը սպառեց. Անոր վրայ զօրաւոր շառաւիղ չմնաց՝ կառավարիչի մականի համար։ Ասիկա ողբ մըն է, եւ իբր 7ողբերգ պիտի գործածուի՝՝»։



1 Եբր.՝ անիկա
2 Եբր.՝ կորսուած
3 Եբր.՝ գիտցաւ
4 Եբր.՝ զայն լեցնողներէն
5 Եբր.՝ դրուեցան
6 Եբր.՝ գաւազաններ
7 Եբր.՝ ողբ պիտի ըլլայ