Ezekiel 20
Lamentations « Ezekiel 19 ‹ Ezekiel 20 › Ezekiel 21 » Daniel
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ
11Եօթներորդ տարին, հինգերորդ ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջ խորհուրդ հարցնելու համար Իսրայէլի երէցներէն մարդիկ եկան եւ իմ առջեւս նստան։
2Ուստի 2Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
3«Մարդո՛ւ որդի, խօսէ՛ Իսրայէլի երէցներուն հետ եւ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Միթէ դուք ինծի խորհո՞ւրդ հարցնելու եկաք։ Ես կ’ապրի՛մ. ձեզի պիտի 3չպատասխանեմ", կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան”։
4Միթէ անոնց դա՞տը պիտի պաշտպանես, մարդո՛ւ որդի. անոնց դա՞տը պիտի պաշտպանես։ Գիտցո՛ւր անոնց իրենց հայրերուն գարշութիւնները,
5եւ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Այն օրը երբ Իսրայէլը ընտրեցի, Յակոբի տան զարմին 4իմ ձեռքս բարձրացուցի՝՝ ու Եգիպտոսի մէջ զիս անոնց ճանչցուցի, իմ ձեռքս անոնց բարձրացնելով՝ ըսի. «Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
6Այդ օրը իմ ձեռքս անոնց բարձրացուցի, որպէսզի զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հանեմ դէպի այն երկիրը՝ որ իրենց համար հետախուզած էի,— երկիր մը՝ որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ եւ բոլոր երկիրներուն պարծանքն է ,—
7ու անոնց ըսի. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող վտարէ իր աչքերուն դիտած պղծութիւնները, եւ անմաքուր մի՛ ըլլաք Եգիպտոսի չաստուածներով. ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»"”»։
8«Բայց անոնք ինծի դէմ ընդվզեցան ու չուզեցին ինծի մտիկ ընել. անոնցմէ ո՛չ մէկը վտարեց իր աչքերուն դիտած պղծութիւնները, ո՛չ ալ լքեցին Եգիպտոսի չաստուածները։ Այն ատեն ըսի. “Իմ ցասումս անոնց վրայ պիտի թափեմ, եւ բարկութիւնս անոնց վրայ պիտի 5իրագործեմ Եգիպտոսի երկրին մէջ”։
9Սակայն այդպէս վարուեցայ իմ անունիս համար, որ ան չաղարտուի այն 6ազգերուն աչքերուն՝ որոնց մէջ անոնք կը գտնուէին, եւ որոնց 7առջեւ զիս անոնց ճանչցուցի՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելով։
10«Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի եւ անապատը տարի.
11իմ կանոններս անոնց տուի ու որոշումներս անոնց գիտցուցի, որոնցմով մարդ կ’ապրի՝ եթէ զանոնք գործադրէ։
12Իմ Շաբաթներս ալ անոնց տուի՝ որ նշան ըլլան իմ եւ անոնց միջեւ, որպէսզի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ որ զիրենք կը սրբացնեմ։
13«Բայց Իսրայէլի տունը ինծի դէմ ընդվզեցաւ անապատին մէջ։ Իմ կանոններովս չընթացան ու որոշումներս 8մերժեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի՝ եթէ զանոնք գործադրէ։ Իմ Շաբաթներս մեծապէս պղծեցին. ուստի ըսի թէ իմ ցասումս անոնց վրայ պիտի թափեմ՝ անապատին մէջ, եւ զանոնք պիտի 9բնաջնջեմ։
14Սակայն այդպէս վարուեցայ իմ անունիս համար, որ ան չաղարտուի այն ազգերուն աչքերուն՝ որոնց 10առջեւ զանոնք դուրս հանեցի։
15Անապատին մէջ ալ իմ ձեռքս անոնց բարձրացուցի, որ զանոնք չտանիմ այն երկիրը՝ որ տուեր էի անոնց, որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ եւ բոլոր երկիրներուն պարծանքն է։
16Արդարեւ իմ որոշումներս մերժեցին, կանոններովս չընթացան ու Շաբաթներս պղծեցին, որովհետեւ անոնց սիրտը իրենց չաստուածներուն կը հետեւէր։
17Բայց իմ աչքս անոնց խղճաց՝ որ զիրենք չբնաջնջեմ. ուստի անապատին մէջ զանոնք չսպառեցի։
18«Անապատին մէջ անոնց որդիներուն ըսի. “Ձեր հայրերուն կանոններով մի՛ ընթանաք, անոնց սովորութիւնները մի՛ պահէք, եւ անոնց չաստուածներով անմաքուր մի՛ ըլլաք։
19Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը. ի՛մ կանոններովս ընթացէք, ի՛մ որոշումներս պահեցէք ու գործադրեցէ՛ք զանոնք։
20Սրբացուցէ՛ք իմ Շաբաթներս. անոնք նշան թող ըլլան իմ եւ ձեր միջեւ, որպէսզի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը”»։
21«Բայց անոնց որդիներն ալ ինծի դէմ ընդվզեցան. իմ կանոններովս չընթացան, որոշումներս չպահեցին՝ զանոնք գործադրելու համար,— որոնցմով մարդ կ’ապրի՝ եթէ զանոնք գործադրէ,— եւ Շաբաթներս պղծեցին։ Ուստի ըսի. “Իմ ցասումս անոնց վրայ պիտի թափեմ, ու բարկութիւնս անոնց վրայ պիտի 11իրագործեմ անապատին մէջ”։
22Սակայն իմ ձեռքս ետ քաշեցի, եւ այդպէս վարուեցայ իմ անունիս համար, որ ան չաղարտուի այն ազգերուն աչքերուն՝ որոնց 12առջեւ զանոնք դուրս հանեցի։
23«Նաեւ անապատին մէջ իմ ձեռքս անոնց բարձրացուցի, որ զանոնք ցրուեմ ազգերուն մէջ եւ սփռեմ երկիրներուն մէջ։
24Արդարեւ իմ որոշումներս չկիրարկեցին, կանոններս մերժեցին ու Շաբաթներս պղծեցին, եւ իրենց աչքերը 13հետեւեցան իրենց հայրերուն չաստուածներուն։
25Ուստի ես ալ անոնց այնպիսի կանոններ տուի՝ որ 14նպաստաւոր չէին, եւ այնպիսի որոշումներ՝ որոնցմով չէին կրնար ապրիլ։
26Զանոնք իրենց 15ընծաներով 16ապականեցի, քանի ամէն արգանդ բացող կրակէ կ’անցընէին, որպէսզի զանոնք ամայացնեմ, ու գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։
27«Հետեւաբար, մարդո՛ւ որդի, խօսէ՛ Իսրայէլի տան եւ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ձեր հայրերը սա՛ կերպով ալ զիս 17նախատեցին՝ ինծի հանդէպ ուխտազանց ըլլալով։
28Արդարեւ երբ զանոնք տարի այն երկիրը, որուն համար ձեռքս բարձրացուցեր էի որ անոնց տամ, ամէն բարձր բլուր եւ ամէն տերեւախիտ ծառ տեսնելով՝ իրենց զոհերը հոն մատուցանեցին, իրենց գրգռիչ մատաղները հոն 18տարին, իրենց անոյշ հոտերը հոն 19զետեղեցին եւ իրենց թափելիք նուէրները հոն 20ընծայեցին"”»։
29(Անոնց ըսի. «Ի՞նչ է այդ բարձր տեղը՝ ուր դուք կ’երթաք, որուն անունը մինչեւ այսօր “Բարձր տեղ” կը կոչուի»։)
30«Հետեւաբար ըսէ՛ Իսրայէլի տան. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Դուք ձեր հայրերուն 21ընթացքին հետեւելով՝՝ 22կ’ապականիք, անոնց պղծութիւններուն հետեւելով կը պոռնկիք,
31եւ ձեր ընծաները մատուցանելով ու ձեր որդիները կրակէ անցընելով՝ ձեր բոլոր չաստուածներով կ’ապականիք. միթէ ձեզի 23պիտի պատասխանե՞մ՝՝, ո՛վ Իսրայէլի տունը։ Ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— ձեզի պիտի չպատասխանեմ"”։
32«Երբեք պիտի 24չկատարուի ձեր 25մտածումը՝ որ կ’ըսէք. “Մենք փայտ ու քար պաշտելով, 26հեթանոսներուն պէս՝ երկիրներու գերդաստաններուն պէս պիտի ըլլանք”»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՊԱՏԺԷ ԵՒ ԿԸ ՆԵՐԷ
33«Ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— անշուշտ ձեր վրայ ուժեղ ձեռքով, երկարած բազուկով ու թափուած ցասումով պիտի թագաւորեմ։
34Ուժեղ ձեռքով, երկարած բազուկով եւ թափուած ցասումով ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հանեմ, ու ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ ուր դուք ցրուեցաք։
35Ձեզ ժողովուրդներուն անապատը պիտի տանիմ, եւ հոն ձեզի հետ դատ պիտի վարեմ՝ երես առ երես։
36Ինչպէս Եգիպտոսի երկրին անապատին մէջ ձեր հայրերուն հետ դատ վարեցի, այնպէս ալ ձեզի հետ դատ պիտի վարեմ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.—
37ձեզ գաւազանին տակէն պիտի անցընեմ եւ ուխտին կապին մէջ մտցնեմ։
38Ըմբոստներն ու ինծի դէմ յանցանք գործողները ձեզմէ պիտի զատեմ. զանոնք իրենց գաղթականութեան երկրէն պիտի հանեմ, սակայն անոնք Իսրայէլի 27երկիրը պիտի չմտնեն։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը»։
39«Իսկ ձեզի, ո՛վ Իսրայէլի տունը, Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Գացէ՛ք, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ասկէ ետքն ալ թող պաշտէ իր չաստուածները, եթէ չուզէք ինծի մտիկ ընել. բայց իմ սուրբ անունս մի՛ պղծէք ձեր ընծաներով ու չաստուածներով։
40Արդարեւ իմ սուրբ լերանս վրայ, Իսրայէլի բարձր լերան վրայ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— հո՛ն ամբողջ Իսրայէլի տունը զիս պիտի պաշտէ, անոնց բոլորը՝ իրենց երկրին մէջ։ Հոն անոնց պիտի հաճիմ, եւ հոն պիտի պահանջեմ ձեր բարձրացնելիք ընծաներն ու ձեր պարգեւներուն 28երախայրիքը՝ ձեր բոլոր սուրբ բաներով։
41Երբ ձեզ ազգերէն հանեմ եւ հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ ուր ցրուած էք, ձեր անոյշ հոտին հետ ձեզի պիտի հաւանիմ, ու ձեր մէջ 29պիտի փառաւորուիմ՝՝ ազգերուն աչքերուն առջեւ։
42Երբ ձեզ Իսրայէլի 30երկիրը տանիմ, այն երկիրը՝ որուն համար ձեռքս բարձրացուցի որ ձեր հայրերուն տամ, պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը։
43Հոն պիտի յիշէք ձեր ընթացքն ու բոլոր արարքները՝ որոնցմով 31ապականեցաք, եւ ձեր գործած բոլոր չարիքներուն համար դուք ձեզմէ պիտի զզուիք։
44Պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը, երբ ձեզի հետ այդպէս վարուիմ՝ իմ անունիս համար, եւ ո՛չ թէ ձեր վատ 32ընթացքին ու ապականած արարքներուն համեմատ, ո՛վ Իսրայէլի տունը”», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։
ԿՐԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ
4533Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
46«Մարդո՛ւ որդի, 34ուղղէ՛ երեսդ դէպի հարաւ, 35խօսէ՛ դէպի հարաւ, ու մարգարէացի՛ր հարաւային դաշտի անտառին դէմ։
47Ըսէ՛ հարաւային անտառին. “Մտի՛կ ըրէ Տէրոջ խօսքը. Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես քու մէջդ կրակ պիտի 36վառեմ, որ պիտի սպառէ մէջդ եղած ամէն դալար ծառ եւ ամէն չոր ծառ։ Բռնկած բոցը պիտի չմարի, ու անով բոլոր երեսները պիտի այրին՝ հարաւէն մինչեւ հիւսիս։
48Ամէն մարմին պիտի տեսնէ թէ ե՛ս՝ Տէրս զայն վառեցի. ան պիտի չմարի"”»։
49Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, անոնք ինծի համար կ’ըսեն. “Միթէ ասիկա առակներ չի՞ խօսիր”»։