Loading...

Ezekiel 21

Lamentations  «  Ezekiel 20  ‹  Ezekiel 21  ›  Ezekiel 22  »  Daniel


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՈՒՐԸ

1

1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, 2ուղղէ՛ երեսդ դէպի Երուսաղէմ, 3խօսէ՛ սրբարաններուն, ու մարգարէացի՛ր Իսրայէլի 4երկրին դէմ։

3

Ըսէ՛ Իսրայէլի երկրին. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ. իմ սուրս իր պատեանէն պիտի հանեմ, եւ արդարն ու ամբարիշտը քու մէջէդ պիտի բնաջնջեմ։

4

Քանի արդարն ու ամբարիշտը քու մէջէդ պիտի բնաջնջեմ, իմ սուրս իր պատեանէն պիտի հանուի ամէն մարմինի դէմ՝ հարաւէն մինչեւ հիւսիս,

5

եւ ամէն մարմին պիտի գիտնայ թէ ե՛ս՝ Տէրս իմ սուրս իր պատեանէն հաներ եմ. ան անգա՛մ մըն ալ հոն պիտի չվերադառնայ"”։

6

Իսկ դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, հառաչէ՛ մէջքդ բեկանելու չափ, հառաչէ՛ դառնութեամբ՝ անոնց աչքերուն առջեւ։

7

Երբ քեզի ըսեն. “Ինչո՞ւ կը հառաչես”, պատասխանէ՛. “Գոյժին համար, որովհետեւ կու գայ. ամէն սիրտ պիտի հալի, ամէն ձեռք պիտի թուլնայ, ամէն հոգի պիտի յուսալքուի, եւ ամէն ծունկ ջուրի պէս պիտի 5հոսի։ Ահա՛ կու գայ, ու պիտի 6իրագործուի”, կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։

8

Դարձեալ 7Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

9

«Մարդո՛ւ որդի, մարգարէացի՛ր եւ ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ըսէ՛. «Սո՛ւրը, սո՛ւրը սրուեցաւ. նաեւ յղկուեցաւ»։

10

Մեծ սպանդ ընելու համար սրուեցաւ, փայլատակելու համար յղկուեցաւ։ Ուստի բերկրի՞նք. 8իմ որդիիս գաւազանը ամէն փայտ կ’անարգէ՝՝։

11

Ինք զայն յղկուելու տուաւ, որպէսզի ձեռքով բռնուի. այս սուրը սրուած ու յղկուած է, որպէսզի զայն սպաննողին ձեռքը տայ։

12

Աղաղակէ՛ եւ գոռա՛, մարդո՛ւ որդի, քանի որ ան իմ ժողովուրդիս դէմ, Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն դէմ պիտի ըլլայ. իմ ժողովուրդիս վրայ արհաւիրք պիտի ըլլայ սուրի պատճառով։ Հետեւաբար զա՛րկ քու ազդրիդ,

13

որովհետեւ փորձը եղաւ. եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ այդ անարգող գաւազանը ա՛լ չըլլայ", կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան”»։

14

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, մարգարէացի՛ր, ձեռքերդ իրարո՛ւ զարկ, ու սուրին հարուածները թող կրկնուին, եռապատկուին։ Ասիկա խոցուածներուն սուրն է, 9խոցուածներուն մեծ՝՝ սուրը՝ որ զանոնք 10շրջապատեց։

15

Անոնց բոլոր դռներուն դէմ սպառնացող սուրը դրի, որպէսզի իրենց սիրտը հալի ու խոչընդոտները բազմանան։ Աւա՜ղ, անիկա փայլատակելու համար շինուեցաւ, մորթելու համար սրուեցաւ։

16

Հաւաքէ՛ ոյժերդ՛, զա՛րկ քու աջ կամ ձախ կողմդ, ո՛ւր որ երեսդ 11ուղղուած ըլլայ՝՝։

17

Ե՛ս ալ ձեռքերս իրարու պիտի զարնեմ, եւ իմ ցասումս 12իջեցնեմ։ Ես՝ Տէրս խօսեցայ»։


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՍՈՒՐԸ

18

13Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

19

«Մարդո՛ւ որդի, դուն քեզի երկո՛ւ ճամբայ 14պատրաստէ, որպէսզի Բաբելոնի թագաւորին սուրը գայ։ Անոնք երկուքն ալ մէկ երկրէ թող ելլեն։ 15Ցուցանշա՛ն մը 16կերտէ. զայն քաղաքին ճամբային գլո՛ւխը կերտէ։

20

Ճամբա՛յ պատրաստէ, որպէսզի սուրը հասնի Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային վրայ, եւ Յուդայի մէջ եղող պարսպապատ Երուսաղէմի վրայ։

21

«Արդարեւ Բաբելոնի թագաւորը մայրուղիին վրայ կայնած է՝ երկու ճամբաներուն գլուխը, որպէսզի դիւթութիւն ընէ։ Իր նետերը կը ցնցէ, 17ընտանեկան կուռքերուն՝՝ կը հարցնէ. լեարդը կը զննէ։

22

Իր աջ ձեռքին մէջ դիւթութիւն կայ՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ, որպէսզի 18քարընկէցներ դնեն, 19պատերազմի մէջ իրենց բերանը բանան ու գոռումով ձայն բարձրացնեն, դռներու դէմ քարընկէցներ դնեն, հողաբլուր բարձրացնեն եւ մարտկոց կառուցանեն։

23

Բայց ասիկա անոնց համար՝ իրենց աչքերուն սնոտի դիւթութեան մը պէս պիտի ըլլայ, քանի որ անոնք երդումներ ըրեր էին. իսկ ինք իրենց անօրէնութիւնը պիտի յիշեցնէ, որպէսզի բռնուին։

24

«Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի դուք ձեր անօրէնութիւնը յիշեցուցիք, երբ ձեր յանցանքները յայտնուեցան ու բոլոր արարքներուն մէջ ձեր մեղքերը երեւցան, քանի զանոնք յիշեցուցիք՝ անոր ձեռքով պիտի բռնուիք”»։

25

«Իսկ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլի պիղծ եւ ամբարիշտ իշխան, որուն օրը — անօրէնութեան վախճանին ժամանակը — հասած է,

26

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Խոյրը պիտի վերցուի ու պսակը հանուի. 20իրավիճակը պիտի փոխուի՝՝. ցածը պիտի բարձրանայ, եւ բարձրը պիտի ցածնայ։

27

Զայն պիտի յեղաշրջեմ, պիտի յեղաշրջեմ, պիտի յեղաշրջեմ. բայց ասիկա պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ ա՛ն՝ որուն կը պատկանի դատաստանը. ես զայն անոր պիտի յանձնեմ”»։


ՍՈՒՐԸ ԵՒ ԱՄՄՈՆԱՑԻՆԵՐԸ

28

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, մարգարէացի՛ր եւ ըսէ. “Ամմոնի որդիներուն մասին ու անոնց նախատինքին մասին Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Սուրը, սուրը 21քաշուած է. մորթելու համար յղկուած է՝ որ իր փայլատակումով սպառէ,

29

մինչ քեզի համար ունայն տեսիլքներ կը տեսնեն եւ սուտ դիւթութիւն կ’ընեն, որպէսզի քեզ դնեն 22սպաննուելիք ամբարիշտներուն վիզին վրայ, որոնց օրը — անօրէնութեան վախճանին ժամանակը — հասած է.

30

միթէ զայն իր պատեա՞նը վերադարձնեմ։ Քեզ պիտի դատեմ այն տեղը՝ ուր ստեղծուեցար, քու 23հայրենի երկրիդ մէջ։

31

Քու վրադ իմ սրտմտութիւնս պիտի թափեմ. քու վրադ իմ ցասումիս կրակով պիտի փչեմ, ու քեզ անխելք մարդոց ձեոքը պիտի մատնեմ, որոնք կոտորելու 24վարպետ են։

32

Կրակի ճարակ պիտի ըլլաս, քու արիւնդ երկրին մէջտեղը պիտի 25հոսի, եւ ա՛լ պիտի չյիշուիս. արդարեւ ես՝ Տէրս խօսեցայ"”»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ դի՛ր
3 Եբր.՝ խօ՛սքդ կաթեցուր
4 Եբր.՝ հողին
5 Եբր.՝ երթայ
6 Եբր.՝ ըլլայ
7 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
8 Կամ՝ ան կ’անարգէ իմ որդիիս գաւազանը, ինչպէս ուրիշ ամէն փայտ
9 Կամ՝ խոցուած մեծ մարդոց
10 Կամ՝ խոցեց
11 Եբր.՝ հանդիպի
12 Կամ՝ հանդարտեցնեմ
13 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
14 Եբր.՝ դիր
15 Եբր.՝ Ձե՛ռք
16 Եբր.՝ ստեղծէ
17 Եբր.՝ թերափիմներուն
18 Եբր.՝ խոյեր
19 Եբր.՝ ջարդի
20 Եբր.՝ ասիկա այսպէս պիտի չըլլայ
21 Եբր.՝ բացուած
22 Եբր.՝ խոցուելիք
23 Եբր.՝ ծագումի
24 Եբր.՝ արհեստաւոր
25 Եբր.՝ ըլլայ