Loading...

Ezekiel 22

Lamentations  «  Ezekiel 21  ‹  Ezekiel 22  ›  Ezekiel 23  »  Daniel


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՈՃԻՐՆԵՐԸ

1

Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, պիտի դատե՞ս, պիտի դատե՞ս այս արիւնահեղ քաղաքը։ Ուրեմն գիտցո՛ւր անոր իր բոլոր գարշութիւնները,

3

եւ ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ո՛վ քաղաք,— որ քու մէջդ արիւն կը թափես՝ որպէսզի ժամանակդ գայ, ու 1քեզի չաստուածներ կը շինես՝ քեզ անմաքուր ընելու համար,—

4

դուն քու թափած արիւնովդ յանցաւոր եղար, եւ շինած չաստուածներովդ քեզ անմաքուր ըրիր. քու օրերդ մօտեցուցիր ու տարիներուդ վախճանին հասար. հետեւաբար քեզ 2ազգերուն նախատինքին եւ բոլոր երկիրներուն ծաղրանքին մատնեցի։

5

Մօտ թէ հեռու եղողները քեզ պիտի ծաղրեն, ո՛վ վատահամբաւ եւ խռովալից քաղաք"”։

6

«Ահա՛ քու մէջդ եղող Իսրայէլի իշխանները արիւն թափեցին, իւրաքանչիւրը իր 3զօրութեան համեմատ։

7

Քու մէջդ հայրն ու մայրը անարգեցին. քու մէջդ գաղթականը հարստահարեցին. քու մէջդ որդին եւ այրին կեղեքեցին։

8

Իմ սուրբ բաներս արհամարհեցիր ու Շաբաթներս պղծեցիր։

9

Քու մէջդ բանսարկու մարդիկ եղան՝ արիւն թափելու համար. քու մէջդ լեռներու վրայ կերան. քու մէջդ լրբութիւն գործեցին։

10

Քու մէջդ որդիներ իրենց հօր մերկութիւնը բացին. քու մէջդ դաշտանի պատճառով անմաքուր եղող կինը բռնաբարեցին։

11

Մէկը իր ընկերին կնոջ հետ գարշութիւն գործեց, միւսը լրբութեամբ իր հարսը պղծեց, ուրիշ մըն ալ քու մէջդ իր քոյրը՝ իր հօր աղջիկը բռնաբարեց։

12

Քու մէջդ կաշառք ստացան՝ արիւն թափելու համար. վաշխ ու տոկոս ստացար. ագահութեամբ ընկերներդ հարստահարեցիր, եւ զիս մոռցար», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։

13

«Ուստի ահա՛ ձեռքերս իրարու զարկի՝ քու բանեցուցած ագահութեանդ ու մէջդ եղած 4արիւնահեղութեան համար։

14

Միթէ սիրտդ պիտի դիմանա՞յ, կամ ձեռքերդ ուժեղ պիտի ըլլա՞ն այն օրերը՝ երբ ես քեզի հատուցում պիտի ընեմ։ Ես՝ Տէրս խօսեցայ, ու պիտի իրագործեմ։

15

Քեզ ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ, քեզ երկիրներուն մէջ պիտի սփռեմ, եւ անմաքրութիւնդ քու մէջէդ պիտի 5անհետացնեմ։

16

Դուն քեզ պիտի անպատուես ազգերուն աչքերուն, ու պիտի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը»։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՏՈՂ ՓՈՒՌԸ

17

6Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

18

«Մարդո՛ւ որդի, Իսրայէլի տունը ինծի 7խարամի պէս եղաւ. բոլորը քուրային մէջ՝ պղինձի, անագի, երկաթի ու կապարի պէս՝ արծաթի խարամ եղան։

19

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի բոլորդ խարամի պէս եղաք, ահա՛ ես ձեզ Երուսաղէմի մէջ պիտի հաւաքեմ։

20

Ինչպէս արծաթը, պղինձը, երկաթը, կապարն ու անագը քուրային մէջ կը հաւաքեն եւ անոր վրայ կրակը կը փչեն՝ զանոնք հալեցնելու համար, այնպէս ալ ձեզ բարկութեամբս ու ցասումովս պիտի հաւաքեմ, անոր մէջ պիտի ձգեմ եւ հալեցնեմ։

21

Ձեզ դիզելով՝ ձեր վրայ իմ ցասումիս կրակը պիտի փչեմ, ու դուք 8անոր մէջ պիտի հալիք։

22

Ինչպէս արծաթը քուրային մէջ կը հալի, դուք ալ անոր մէջ այնպէս պիտի հալիք, եւ պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս իմ ցասումս թափեցի ձեր վրայ”»։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԵՂՔԸ

23

9Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

24

«Մարդո՛ւ որդի, ըսէ՛ անոր. “Դուն այնպիսի երկիր մըն ես՝ որ ո՛չ մաքրուած է, ո՛չ ալ տեղատարափով թրջուած՝ սրտմտութեան օրը”։

25

Անոր մէջ իր մարգարէները կը դաւադրեն. ինչպէս մռնչող առիւծը որսը կը բզքտէ, անոնք անձերը կը լափեն. գանձերն ու պատուական բաները կը գրաւեն, եւ այրիները կը շատցնեն անոր մէջ։

26

Անոր քահանաները իմ Օրէնքս բռնաբարեցին ու սուրբ բաներս պղծեցին. սուրբը անսուրբէն չզանազանեցին, եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը չգիտցուցին։ Իրենց աչքերը իմ 10Շաբաթներս անտեսեցին՝՝, ու ես անոնց մէջ 11պիղծ սեպուեցայ՝՝։

27

Անոր իշխանաւորները իր մէջ որսը բզքտող գայլերու պէս են. արիւն կը թափեն եւ անձեր կը կորսնցնեն, որպէսզի ագահութեամբ շահին։

28

Անոր մարգարէները զանոնք շաղախով ծեփեցին՝ ունայն տեսիլքներով ու 12սուտ դիւթութեամբ՝՝ անոնց ըսելով. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ”, թէպէտ Տէրը խօսած չէր։

29

Երկրին ժողովուրդը կը հարստահարէ եւ կը յափշտակէ. դժբախտն ու աղքատը կը կեղեքէ, եւ գաղթականը անիրաւութեամբ կը հարստահարէ։

30

Անոնց մէջ մարդ մը փնտռեցի՝ որ ցանկապատը փակէ ու խրամատին մէջ իմ առջեւս կայնի՝ երկրին համար, որպէսզի զայն չկործանեմ. բայց չգտայ։

31

Ուստի իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ թափեցի, զանոնք իմ ցասումիս կրակով 13բնաջնջեցի, անոնց 14արարքներուն պատիժը իրենց վրայ բերի՝՝», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։



1 Կամ՝ քեզի դէմ
2 Կամ՝ հեթանոսներուն
3 Եբր.՝ բազուկին
4 Եբր.՝ արիւնին
5 Եբր.՝ վերջացնեմ
6 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
7 Այսինքն՝ հալած մետաղի կեղտի
8 Այսինքն՝ Երուսաղէմի
9 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
10 Եբր.՝ Շաբաթներէս թաքուն պահեցին
11 Կամ՝ աղարտուեցայ
12 Եբր.՝ սուտեր դիւթելով
13 Եբր.՝ սպառեցի
14 Եբր.՝ ճամբան իրենց գլուխին վրայ դրի