Loading...

Ezekiel 24

Lamentations  «  Ezekiel 23  ‹  Ezekiel 24  ›  Ezekiel 25  »  Daniel


ԺԱՆԳՈՏԱԾ ԿԱԹՍԱՆ

1

Իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, 2քու քովդ՝՝ արձանագրէ՛ օրուան — այս նոյն օրուան — 3թուականը. Բաբելոնի թագաւորը այս նոյն օրը Երուսաղէմի դիմաց 4բանակեցաւ։

3

Առա՛կ մը խօսէ այդ ըմբոստներու տան, եւ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Դի՛ր կաթսան, դի՛ր զայն, ու մէջն ալ ջո՛ւր լեցուր։

4

Հաւաքէ՛ անոր մէջ անոր կտորները, բոլոր լաւ կտորները՝ զիստը եւ ուսը. լեցո՛ւր զայն ընտիր ոսկորներով։

5

Ոչխարներուն ընտիրնե՛րը առ, ու ոսկորներն ալ տա՛կը դիզէ. զայն 5սաստի՛կ եռացուր, որ մէջի ոսկորներն ալ խաշին"”»։

6

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, այն կաթսային՝ որուն ժանգը իր մէջն է։ Անոր ժանգը մէջէն ելած չէ. զայն կտո՛ր-կտոր դուրս հանէ, առանց անոր վրայ վիճակ ձգելու։

7

Արդարեւ անոր թափած արիւնը իր մէջն է, զայն չոր ժայռի վրայ դրաւ. զայն գետինի վրայ չթափեց, որ զայն հողով ծածկէ։

8

Իմ ցասումս 6գրգռելու եւ վրէժ առնելու համար՝ անոր թափած արիւնը չոր ժայռի վրայ դրի, որպէսզի չծածկուի»։

9

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին. ես ալ խարոյկը պիտի մեծցնեմ։

10

Փայտերը շատցո՛ւր, կրակը 7բռնկեցո՛ւր, որպէսզի միսը 8հալի. լա՛ւ 9համեմէ, որ ոսկորները 10բոցավառին։

11

Յետոյ կայծերո՛ւն վրայ դիր պարապ կաթսան, որպէսզի պղինձը տաքնայ, հրաբորբոք ըլլայ, անոր անմաքրութիւնը իր մէջ հալի, եւ ժանգը սպառի։

12

Անիկա ճիգերով ինքզինք հիւծեց, բայց անոր մեծաքանակ ժանգը իրմէ 11չգնաց. անոր ժանգը կրակով չգնաց։

13

12Քու անմաքրութեանդ մէջ լրբութիւն կայ, որովհետեւ քեզ ջանացի մաքրել, բայց դուն չմաքրուեցար։ Ա՛լ անմաքրութենէդ պիտի չմաքրուիս, մինչեւ որ իմ ցասումս քու վրադ 13իջեցնեմ։

14

Ես՝ Տէրս խօսեցայ. ասիկա պիտի 14պատահի, եւ ե՛ս զայն պիտի իրագործեմ. պիտի 15չընկրկիմ, պիտի չխղճամ ու պիտի չզղջամ. քու 16ընթացքիդ եւ արարքներուդ համեմատ պիտի դատուիս», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։


ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԿՆՈՋ ՄԱՀԸ

15

17Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

16

«Մարդո՛ւ որդի, ահա՛ ես 18հարուածով մը քու աչքերուդ ցանկութիւնը քեզմէ պիտի յափշտակեմ. ո՛չ հեծեծէ, ո՛չ լաց, ո՛չ ալ աչքերէդ արցունք թող գայ։

17

Լռութեա՛մբ հեծեծէ. մեռելի սուգ մի՛ պահեր։ Խոյրդ գլո՛ւխդ փաթթէ, կօշիկներդ 19հագի՛ր, պեխդ մի՛ ծածկեր ու մարդոց հացը մի՛ ուտեր»։

18

Առտուն ժողովուրդին խօսեցայ, իրիկունը կինս մեռաւ, ու հետեւեալ առտուն ինծի հրամայուածը ըրի։

19

Ժողովուրդը ինծի ըսաւ. «Մեզի չե՞ս բացատրեր թէ այս ըրածներդ մեզի համար ի՞նչ կը նշանակեն”»։

20

Ես ալ անոնց պատասխանեցի. «20Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով. “Ըսէ՛ Իսրայէլի տան.

21

"Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես պիտի պղծեմ իմ սրբարանս, ձեր զօրութեան մեծափառութիւնը, ձեր աչքերուն ցանկութիւնն ու ձեր անձին գորովի առարկան. իսկ ձեր երկիրը թողուցած որդիներն ու աղջիկները սուրով պիտի իյնան։

22

Դուք ալ իմ ըրածիս պէս պիտի ընէք. ձեր պեխը պիտի չծածկէք, եւ մարդոց հացը պիտի չուտէք.

23

ձեր խոյրերը ձեր գլուխը պիտի ըլլան, ու ձեր կօշիկները՝ ձեր ոտքերը. պիտի չհեծեծէք ու չլաք, հապա ձեր անօրէնութիւններով պիտի մաշիք եւ իրարու հետ պիտի 21հառաչէք։

24

Եզեկիէլ ձեզի 22նշան մըն է. դուք անոր բոլոր ըրածներուն պէս պիտի ընէք, ու երբ ասիկա 23պատահի, պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Եհովան»"”։

25

«Իսկ դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, երբ ես անոնցմէ յափշտակեմ իրենց 24զօրութիւնը, իրենց պարծանքին բերկրանքը, իրենց աչքերուն ցանկութիւնը եւ իրենց անձին գորովի առարկան՝ որդիներն ու աղջիկները,

26

ահա՛ այդ օրը ազատած մը քեզի պիտի գայ եւ լուրը քու ականջներուդ լսել պիտի տայ։

27

Այդ օրը քու բերանդ պիտի բացուի ազատածին, ու պիտի խօսիս եւ ա՛լ համր պիտի չըլլաս։ Դուն անոնց նշան պիտի ըլլաս, եւ պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ դուն քեզի
3 Եբր.՝ անունը
4 Եբր.՝ բանակ դրաւ
5 Եբր.՝ եռացնելո՛վ
6 Եբր.՝ բարձրացնելու
7 Եբր.՝ բոցավառէ՛
8 Եբր.՝ հատնի
9 Կամ՝ բաղադրէ
10 Եբր.՝ հրաբորբոք ըլլան
11 Եբր.՝ դուրս չելաւ
12 Կամ՝ պիտի երթայ
13 Կամ՝ հանդարտեցնեմ
14 Եբր.՝ իրագործուի
15 Եբր.՝ չխուսափիմ
16 Եբր.՝ ճամբաներուդ
17 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
18 Եբր.՝ պատուհասով
19 Եբր.՝ դի՛ր ոտքերուդ
20 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
21 Եբր.՝ գոռաք
22 Եբր.՝ հրաշք
23 Եբր.՝ հասնի
24 Եբր.՝ ամրոցը