Ezekiel 25
Lamentations « Ezekiel 24 ‹ Ezekiel 25 › Ezekiel 26 » Daniel
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԱՄՄՈՆԻ ԴԷՄ
1Դարձեալ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Մարդո՛ւ որդի, 2ուղղէ՛ երեսդ Ամմոնի որդիներուն, ու մարգարէացի՛ր անոնց դէմ.
3Ամմոնի որդիներուն ըսէ՛. “Մտի՛կ ըրէք Տէրոջ՝ Եհովայի խօսքը. Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Քանի դուն «Վա՜շ» ըսիր իմ սրբարանիս դէմ՝ երբ պղծուեցաւ, Իսրայէլի 3երկրին դէմ՝ երբ ամայացաւ, եւ Յուդայի տան դէմ՝ երբ տարագրութեան գնաց,
4ահա՛ ես քեզ 4արեւելքցիներուն իբր ստացուածք պիտի տամ. քու մէջդ պիտի 5հաստատեն իրենց գիւղակները, քու մէջդ պիտի դնեն իրենց բնակարանները, քու պտուղներդ պիտի ուտեն եւ քու կաթդ պիտի խմեն։
5Ռաբբան ուղտերու արօտավայրի պիտի 6վերածեմ, եւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը՝ հօտերու մակաղատեղ, ու պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը"”։
6Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի դուն ծափ զարկիր, ոտքդ գետինը զարկիր եւ Իսրայէլի երկրին մասին ուրախացար քու անձիդ ամբողջ արհամարհանքով,
7ահա՛ ես իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկարեմ, եւ քեզ 7ազգերուն պիտի մատնեմ իբր կողոպուտ. քեզ ժողովուրդներէն պիտի կտրեմ, ու երկիրներուն մէջէն կորսնցնեմ. քեզ պիտի բնաջնջեմ, եւ պիտի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄՈՎԱԲԻ ԴԷՄ
8Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Քանի Մովաբ ու Սէիր ըսին. “Ահա՛ Յուդայի տունը բոլոր ազգերուն պէս է”,
9ահա՛ ես պիտի բանամ Մովաբի 8սահմանը՝ իր քաղաքներուն կողմէն — իր ծայրը եղող քաղաքներուն՝ երկրին պարծանքը եղող Բեթեսիմոթի, Բահաղ-Մէոնի ու Կարիաթէմի կողմէն —
10արեւելքցիներուն առջեւ, նաեւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը։ Զանոնք իբր ստացուածք պիտի տամ, որպէսզի Ամմոնի որդիները ազգերուն մէջ չյիշուին։
11Մովաբի մէջ ալ դատավճիռներ պիտի կիրարկեմ, ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԴՈՎՄԻ ԴԷՄ
12Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Քանի Եդովմ Յուդայի տան հետ վրէժխնդրութեամբ վարուեցաւ, եւ անկէ վրէժ առնելով՝ մեծապէս յանցաւոր եղաւ,
13Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Եդովմի վրայ անշուշտ ձեռքս պիտի երկարեմ. մարդն ու անասունը անկէ պիտի բնաջնջեմ եւ զայն անապատի պիտի վերածեմ՝ Թեմանէն մինչեւ Դեդան. անոնք սուրով պիտի իյնան։
14Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի ձեռքով վրէժս պիտի առնեմ Եդովմէն. անոնք իմ բարկութեանս ու ցասումիս համեմատ պիտի վարուին Եդովմի հետ, եւ իմ վրէժխնդրութիւնս պիտի գիտնան”, կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
15Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Քանի Փղշտացիները վրէժխնդրութեամբ վարուեցան, եւ իրենց անձին ամբողջ արհամարհանքով վրէժ առին՝ հնադարեան թշնամութեամբ կոտորելով,
16Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես իմ ձեռքս Փղշտացիներուն վրայ պիտի երկարեմ. Քերեթիները պիտի կոտորեմ եւ ծովեզերքը եղողներուն մնացորդը պիտի բնաջնջեմ։
17Անոնց վրայ իմ ցասումիս յանդիմանութիւններով մեծ վրէժխնդրութիւններ պիտի կիրարկեմ, ու երբ իմ վրէժս անոնցմէ առնեմ՝ պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։