Ezra 8
2 Chronicles « Ezra 7 ‹ Ezra 8 › Ezra 9 » Nehemiah
ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
1Ահա՛ւասիկ Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը՝ ինծի հետ Բաբելոնէն բարձրացողներուն նահապետներն ու ազգահամարը.—
2Փենեհէսի որդիներէն՝ Գերսոն. Իթամարի որդիներէն՝ Դանիէլ. Դաւիթի որդիներէն՝ Քետտուս.
3Սեքենիայի որդիներէն՝ Փարոսի որդիներէն՝ Զաքարիա, եւ անոր հետ՝ ազգահամարի մէջ արձանագրուած հարիւր յիսուն այր 1մարդ՝՝.
4Փահաթ-Մովաբի որդիներէն՝ Զարիայի որդին՝ Եղիովենայի, եւ անոր հետ՝ երկու հարիւր այր մարդ.
5Սեքենիայի որդիներէն՝ Յազիէլի որդին, եւ անոր հետ՝ երեք հարիւր այր մարդ.
6Ադինի որդիներէն՝ Յովնաթանի որդին՝ Աբեդ, եւ անոր հետ՝ յիսուն այր մարդ.
7Եղամի որդիներէն՝ Գոթողիայի որդին՝ Եսայի, եւ անոր հետ՝ եօթանասուն այր մարդ.
8Սափատիայի որդիներէն՝ Միքայէլի որդին՝ Զաբադիա, եւ անոր հետ՝ ութսուն այր մարդ.
9Յովաբի որդիներէն՝ Յեքիէլի որդին՝ Աբդիա, եւ անոր հետ՝ երկու հարիւր տասնութ այր մարդ.
10Սաղոմիդի որդիներէն՝ Յոսեփիայի որդին, եւ անոր հետ՝ հարիւր վաթսուն այր մարդ.
11Բերայիի որդիներէն՝ Բերայիի որդին՝ Զաքարիա, եւ անոր հետ՝ քսանութ այր մարդ.
12Ազգադի որդիներէն՝ Ակատանի որդին՝ Յոհանան, եւ անոր հետ՝ հարիւր տասը այր մարդ.
13Ադոնիկամի որդիներէն՝ վերջինները, ահա՛ւասիկ անոնց անունները.— Եղիփաղէտ, Յէիէլ ու Սեմայիա, եւ անոնց հետ՝ վաթսուն այր մարդ.
14Բագուէի որդիներէն՝ Ութայի ու Զաբուդ, եւ անոնց հետ՝ եօթանասուն այր մարդ։
ԵԶՐԱՍ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐ ԿԸ ԳՏՆԷ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
15Ասոնք դէպի Ահավա 2հոսող գետին եզերքը հաւաքեցի, ու հոն երեք օր բանակեցանք։ Ժողովուրդին ու քահանաներուն 3ուշադրութիւն դարձուցի՝՝, ու հոն Ղեւտացիներու որդիներէն ո՛չ մէկը գտայ։
16Այն ատեն կանչել տուի գլխաւոր 4մարդիկը՝ Եղիազար, Արիէլ, Սեմայիա, Եղնաթան, Հարիպ, Եղնաթան, Նաթան, Զաքարիա ու Մեսուղամ, եւ խելացի մարդիկը՝ Յովարիբ ու Եղնաթան,
17եւ զանոնք Քասիփիա կոչուած տեղին գլխաւորին՝ Ադդովի 5ղրկեցի։ Ադդովի եւ անոր եղբայրներուն՝ Քասիփիա կոչուած տեղը եղող Նաթանայիմներուն ըսուելիք խօսքերը անոնց բերանը դրի, որպէսզի մեր Աստուծոյն տան համար մեզի սպասարկուներ բերեն։
18Քանի մեր Աստուծոյն բարի ձեռքը մեր վրայ էր, Իսրայէլեան Ղեւիի որդիին՝ Մոհողիի որդիներէն ուշիմ մարդ մը բերին մեզի, այսինքն՝ Սարաբիան, անոր որդիներն ու եղբայրները, տասնութ հոգի.
19նաեւ Ասաբիան, եւ անոր հետ՝ Մերարիի որդիներէն՝ Եսային, անոր եղբայրներն ու անոնց որդիները՝ քսան հոգի.
20Նաթանայիմներէն ալ, որոնք Դաւիթ եւ իր իշխանաւորները Ղեւտացիներու ծառայութեան 6յատկացուցեր էին, երկու հարիւր քսան Նաթանայիմ. իրենցմէ բոլորն ալ անուններով որոշուած էին։
ԵԶՐԱՍ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ
21Հոն՝ Ահավայի գետին քով՝ ծոմապահութիւն յայտարարեցի, որպէսզի խոնարհինք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն առջեւ, եւ իրմէ 7յաջող ճամբորդութիւն խնդրենք մեզի, մեր մանուկներուն ու մեր ամբողջ ինչքին համար։
22Արդարեւ ամչցայ թագաւորէն զօրագունդ ու ձիաւորներ խնդրել՝ ճամբային մէջ 8մեզ թշնամիներէն պաշտպանելու՝՝ համար, որովհետեւ թագաւորին ըսեր էինք. «Մեր Աստուծոյն ձեռքը բոլոր զինք փնտռողներուն վրայ է՝ բարիքի համար, իսկ իր զօրութիւնն ու բարկութիւնը բոլոր զինք լքողներուն դէմ են»։
23Ուստի ծոմ պահեցինք, եւ ասոր համար մեր Աստուծոյն թախանձեցինք. ան ալ մեր թախանձանքը ընդունեց։
ՆՈՒԷՐՆԵՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
24Քահանաներու պետերէն տասներկու մարդ զատեցի — Սարաբիան, Ասաբիան, ու անոնց հետ՝ իրենց եղբայրներէն տասը մարդ —,
25եւ անոնց առջեւ կշռեցի արծաթը, ոսկին ու առարկաները, այսինքն՝ թագաւորին, անոր խորհրդականներուն եւ իշխանաւորներուն, ու հոն գտնուող ամբողջ Իսրայէլի 9մատուցանած 10ընծաները՝ մեր Աստուծոյն տան համար։
26Նաեւ անոնց ձեռքերուն մէջ կշռեցի վեց հարիւր յիսուն տաղանդ արծաթ, հարիւր տաղանդ արծաթէ առարկաներ, հարիւր տաղանդ ոսկի,
27հազար դրամ արժող քսան ոսկի ըմպանակ, եւ գեղեցիկ, փայլուն, ոսկիի պէս 11թանկագին պղինձէ երկու անօթ։
28Անոնց ըսի. «Դուք Տէրոջ սրբացած էք, այս առարկաներն ալ սուրբ են, իսկ արծաթն ու ոսկին յօժարակամ ընծայ են Տէրոջ՝ ձեր հայրերուն Աստուծոյն։
29Հսկեցէ՛ք ու պահեցէ՛ք զանոնք, մինչեւ որ զանոնք Երուսաղէմ կշռէք՝ Տէրոջ տան սենեակներուն մէջ, քահանաներուն, Ղեւտացիներու պետերուն եւ Իսրայէլի 12նահապետներուն առջեւ»։
30Ուստի քահանաներն ու Ղեւտացիները արծաթը, ոսկին եւ առարկաները կշիռով ստացան, որպէսզի Երուսաղէմ՝ մեր Աստուծոյն տունը տանին։
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
31Առաջին ամսուան տասներկրորդ օրը Ահավայի գետէն մեկնեցանք՝ Երուսաղէմ երթալու համար. մեր Աստուծոյն ձեռքը մեր վրայ էր, ու մեզ ճամբան թշնամիին ու դարանակալին ձեռքէն ազատեց։
32Երբ Երուսաղէմ հասանք, հոն երեք օր մնացինք։
33Չորրորդ օրը՝ արծաթը, ոսկին եւ առարկաները մեր Աստուծոյն տան մէջ կշռուեցան Ուրիա քահանային որդիին՝ Մերամոթի ձեռքով։ Անոր հետ էր Փենեհէսի որդին՝ Եղիազար, եւ անոնց հետ էին Յեսուի որդին՝ Յովզաբադ, ու Բանուիի որդին՝ Նովադիա Ղեւտացիները։
34Բոլորը թիւով եւ կշիռով յանձնուեցան. այն ատեն ամբողջ կշիռը արձանագրուեցաւ։
35Տարագրութեան որդիները, որոնք գերութենէն վերադարձած էին, Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզներ մատուցանեցին.— ամբողջ Իսրայէլի համար՝ տասներկու զուարակ, իննսունվեց խոյ, եօթանասունեօթը գառ, ու մեղքի պատարագի համար՝ տասներկու քօշ. ասոնք բոլորը Տէրոջ ողջակէզ մատուցանեցին։
36Անոնք թագաւորին հրովարտակը Գետին այս կողմը եղող թագաւորին սատրապներուն ու կուսակալներուն յանձնեցին, անոնք ալ ժողովուրդին եւ Աստուծոյ տան նեցուկ եղան։