Habakkuk 1
Nahum « Nahum 3 ‹ Habakkuk 1 › Habakkuk 2 » Zephaniah
1
Ամբակում մարգարէին 1տեսիլքով հաղորդուած՝՝ պատգամը.—
ԱՄԲԱԿՈՒՄ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
2Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ 2Տէր, օգնութեան պիտի կանչեմ, բայց պիտի չլսես, Բռնութեան համար քեզի պիտի աղաղակեմ, սակայն պիտի չազատես։
3Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը ցոյց կու տաս Եւ անիրաւութիւնը 3կը դիտես՝՝։ Արդարեւ իմ առջեւս զրկանք ու բռնութիւն կայ, Կռիւ եւ բանավէճ 4գրգռող կայ։
4Հետեւաբար օրէնքը անզօր է, Եւ իրաւունքը ամենեւին 5չի գործադրուիր՝՝. Քանի ամբարիշտը արդարը կը շրջապատէ, Դատաստանը ծուռ 6կ’ըլլայ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
5Տեսէ՛ք 7ազգերուն մէջ, 8ուշադրութի՛ւն դարձուցէք՝՝, Եւ զարմանալով ապշեցէ՛ք, Որովհետեւ ձեր օրերուն մէջ այնպիսի արարք մը պիտի կատարեմ, Որ եթէ պատմուի ձեզի՝ պիտի չհաւատաք։
6Արդարեւ ահա՛ ես ոտքի պիտի հանեմ Քաղդէացիները, Այդ դառն եւ արագաշարժ ազգը, Որ երկրի լայնքով կը շրջի՝ Իրեն չպատկանող բնակարաններու տիրանալու համար։
7Ան սոսկալի եւ ահարկու է, Անոր դատաստանն ու իշխանութիւնը 9իրեն կը պատկանին՝՝։
8Անոր ձիերը ինձերէն աւելի արագընթաց են, Եւ իրիկուան գայլերէն աւելի 10կատղած։ Անոր ձիաւորները պիտի տարածուին, Անոր ձիաւորները հեռուէն պիտի գան, Կերակուրի վրայ 11սուրացող արծիւի պէս պիտի թռչին։
9Անոնք բռնութեան համար պիտի գան, Գունդերուն երեսները դէպի 12յառաջ ուղղուած են, Եւ գերիներ պիտի հաւաքեն՝ աւազի պէս։
10Ան թագաւորները պիտի ծաղրէ, Իշխանապետները անոր ծիծաղին առարկան պիտի ըլլան. Բոլոր ամրոցներուն վրայ պիտի ծիծաղի, Որովհետեւ հող պիտի դիզէ ու զանոնք պիտի գրաւէ։
11Այն ատեն անոր 13միտքը պիտի փոխուի ու պիտի 14հպարտանայ, Եւ իր կարողութիւնը իր աստուծոյն վերագրելով՝ յանցաւոր պիտի ըլլայ։
ԱՄԲԱԿՈՒՄ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ
12Միթէ դուն 15յաւիտենական չե՞ս, ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, իմ Սո՛ւրբս. Պիտի չմեռնինք։ Ո՛վ Տէր, զայն դատաստանի համար նշանակեցիր. Ո՛վ Վէմ, զայն յանդիմանելու համար հաստատեցիր։
13Դո՛ւն, որուն մաքրամաքուր աչքերը կարող չեն չարութիւնը տեսնել, Եւ անիրաւութեան չեն կրնար նայիլ, Ինչո՞ւ անհաւատարիմներուն կը նայիս, Ու կը լռես՝ երբ ամբարիշտը իրմէ արդարը կը կլլէ։
14Մարդը ծովու ձուկերուն պէս կ’ընես, Սողուններուն պէս՝ որոնք իրենց վրայ կառավարիչ չունին։
15Անոնք բոլորը կարթով կը հանէ, Զանոնք իր ուռկանով կը բռնէ, Զանոնք իր ցանցով կը հաւաքէ. Ուստի կ’ուրախանայ ու կը խայտայ։
16Հետեւաբար իր ուռկանին զոհ կը մատուցանէ, Իր ցանցին խունկ կը ծխէ, Որովհետեւ անոնցմով իր բաժինը պարարտ կ’ըլլայ, Եւ իր ուտելիքը՝ 16համադամ։
17Արդեօք այս պատճառով իր ուռկանը պիտի պարպէ՞, Եւ շարունակ ազգերը պիտի ջարդէ՞ առանց խնայելու։