Habakkuk 2
Nahum « Habakkuk 1 ‹ Habakkuk 2 › Habakkuk 3 » Zephaniah
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՄԲԱԿՈՒՄԻ
1Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ, Ու պատնէշին վրայ պիտի կայնիմ. Պիտի 1սպասեմ, որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի՛նչ պիտի խօսի, Եւ թէ ի՛նչ պիտի պատասխանեմ երբ զիս յանդիմանէ։
2Տէրը ինծի պատասխանեց, եւ ըսաւ. «Գրէ՛ տեսիլքը, ու բացայայտէ՛ տախտակներու վրայ, Որպէսզի զայն կարդացողը 2դիւրութեամբ կարդայ՝՝։
3Արդարեւ տեսիլքը դարձեալ սահմանուած ատենին համար է. Վախճանին մասին 3կ’արտայայտուի, եւ պիտի չստէ. Եթէ տնտնայ՝ սպասէ՛ անոր, Քանի որ անշուշտ պիտի գայ, պիտի չուշանայ։
4Ահա՛ մեծամիտ մարդուն անձը իր ներսը ուղիղ չէ, Բայց արդարը իր հաւատքով պիտի ապրի»։
ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌԸ
5Մանաւանդ գինին անհաւատարիմ կ’ընէ. Յանդուգն 4մարդը հանդարտ չի կենար, Որովհետեւ իր անձը 5դժոխքին պէս կ’ընդարձակէ, Ու մահուան պէս ըլլալով՝ չի կշտանար. Հապա բոլոր ազգերը իր քով կը հաւաքէ, Բոլոր ժողովուրդները իր քով կը 6դիզէ։
6Միթէ ասոնք բոլորը 7զինք նշաւակ պիտի չընե՞ն՝՝, Եւ իր մասին այլաբանական հանելուկներով պիտի չըսե՞ն. «Վա՜յ անոր՝ որ իրը չեղածը կը շատցնէ, (Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ,) Եւ ինքզինք 8պարտքերով կը ծանրաբեռնէ»։
7Միթէ յանկարծ վաշխառուներդ պիտի չկանգնի՞ն, 9Կեղեքիչներդ պիտի չարթննա՞ն, Դուն անոնց աւարը պիտի չըլլա՞ս։
8Քանի դուն շատ ազգեր թալլեցիր, Քեզ ալ պիտի թալլեն ժողովուրդներուն բոլոր մնացորդները՝ Մարդոց արիւններուն Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն եղած բռնութեան համար։
9Վա՜յ անոր՝ որ իր տան համար վատ ագահութեամբ կը վաստկի, Որպէսզի իր բոյնը բարձր վայր դնէ՝ Չարիքին ձեռքէն ազատելու համար։
10Բազմաթիւ ժողովուրդներ 10կոտորելով՝ Քու տանդ վրայ ամօթ բերել ծրագրեցիր, Եւ անձիդ դէմ մեղանչեցիր։
11Արդարեւ քարը պատէն պիտի աղաղակէ, Ու գերանը շէնքին փայտերուն մէջէն պիտի պատասխանէ անոր։
12Վա՜յ անոր՝ որ արիւններով քաղաք կը կառուցանէ, Եւ անիրաւութեամբ բերդաքաղաք կը հաստատէ։
13Ահա՛ զօրքերու Տէրոջմէն չէ՞ Որ ժողովուրդները կրակի համար կը յոգնին, Ազգերը պարապ տեղը կը պարտասին.
14Արդարեւ երկիրը Տէրոջ փառքին գիտութեամբ պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովուն յատակը կը ծածկեն։
15Վա՜յ քեզի, որ քու ընկերիդ գինի կը խմցնես. Տիկէդ կը լեցնես, Ուրիշներն ալ կը գինովցնես, Որպէսզի անոնց մերկութիւնը տեսնես։
16Փառքէն աւելի անարգանքով 11յագեցար. Դո՛ւն ալ խմէ ու 12մերկացի՛ր։ Տէրոջ աջ ձեռքին բաժակը քեզի պիտի փոխանցուի, Եւ փառքիդ վրայ ստորնացում պիտի գայ։
17Արդարեւ Լիբանանի եղած բռնութիւնը քեզ պիտի ծածկէ, Նաեւ գազաններուն բնաջնջումը քեզ պիտի վախցնէ, Մարդոց արիւններուն Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն եղած բռնութեան համար։
18Ի՞նչ օգուտ ունի 13արհեստաւորին քանդակած 14կուռքը — Ձուլածոյ կուռքը եւ ստութիւն սորվեցնողը — Որ արհեստաւորը վստահի իր ձեւակերպածին, Մինչ համր չաստուածներ կը շինէ։
19Վա՜յ անոր՝ որ փայտին կ’ըսէ. “Արթնցի՛ր”, Ու լուռ քարին. “Սթափէ՛”. Միթէ ան կրնա՞յ բան մը սորվեցնել։ Ահա՛ ան ոսկիով ու արծաթով պատուած է, Եւ անոր մէջ ամենեւին 15շունչ չկայ։
20Սակայն Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Լռէ՛ անոր առջեւ, ո՛վ ամբողջ երկիր։