Habakkuk 3
Nahum « Habakkuk 2 ‹ Habakkuk 3 › Zephaniah 1 » Zephaniah
ԱՄԲԱԿՈՒՄԻ ԱՂՕԹՔԸ
1Ամբակում մարգարէին աղօթքը. 1շիկիոնօթի վրայ.—
2Ո՛վ Տէր, քու 2համբաւդ լսեցի, ու վախցայ։ Ո՛վ Տէր, 3վերանորոգէ՛ քու գործդ տարիներու ընթացքին, Գիտցո՛ւր զայն տարիներու ընթացքին. Սակայն յիշէ՛ քու գթութիւնդ բարկութեան մէջ։
3Աստուած Թեմանէն եկաւ, Սուրբը՝ Փառան լեռնէն։ (4Սելա։) Անոր փառաւորութիւնը երկինքը ծածկեց, Եւ անոր գովաբանութեամբ երկիրը լեցուեցաւ։
4Անոր պայծառութիւնը լոյսի պէս էր. Անոր ձեռքէն 5կայծակներ կը ժայթքէին, Անոր զօրութիւնը հոն պահուած էր։
5Անոր առջեւէն ժանտախտը կ’երթար, Եւ անոր ոտքերուն տակէն 6տենդախտը դուրս կ’ելլէր։
6Ան կայնեցաւ ու երկիրը չափեց, Նայեցաւ եւ ազգերը 7դողացուց. Յաւերժական լեռները 8փշրուեցան, Յաւիտենական բլուրները ցածցան. Անոր 9ճամբաները յաւիտենական են։
710Քուշանի վրանները պատուհասի մէջ տեսայ, Մադիամի երկրին վարագոյրները սարսեցան։
8Միթէ Տէրը գետերո՞ւն դէմ բորբոքեցաւ. Քու բարկութիւնդ գետերո՞ւն դէմ էր, Ցասումդ ծովո՞ւն դէմ էր, Որ ձիերդ ու 11յաղթութեան կառքերդ հեծար։
9Քու աղեղդ բոլորովին մերկացած էր, Իսրայէլի տոհմերուն ըրած երդումներուդ եւ քու խօսքիդ համաձայն։ (Սելա։) Երկիրը գետերով ճեղքեցիր.
10Լեռները քեզ տեսան ու սարսափեցան. Ջուրերուն հեղեղը անցաւ. Անդունդը իր ձայնը լսել տուաւ Եւ ձեռքերը բարձրացուց։
11Արեւն ու լուսինը իրենց բնակութեան մէջ կանգ առին. 12Անոնք գացին քու նետերուդ լոյսով՝՝ Եւ փայլատակող նիզակիդ պայծառութեամբ։
12Երկրի վրայ սրտմտութեամբ յառաջացար, Ու բարկութեամբ 13ազգերը կոխկռտեցիր։
13Քու ժողովուրդիդ փրկութեան համար դուրս ելար, Քու օծեալիդ փրկութեան համար. Ամբարիշտին տան գագաթը կոտրեցիր՝ 14Զայն հիմնայատակ ընելով։ (Սելա։)
1415Իրենց գաւազաններով ծակեցիր անոնց՝՝ գլխաւորներուն գլուխը, Որոնք մրրիկի պէս եկան զիս ցրուելու համար. Անոնց հրճուանքը դժբախտը 16գաղտնի լափելու հրճուանքին պէս էր։
15Քու ձիերովդ ծովուն 17մէջէն անցար՝՝, Յորդառատ ջուրերու զանգուածին մէջէն։
16Լսեցի, եւ 18սիրտս վրդովեցաւ. Ձայնէն շրթունքս դողդղաց, Ոսկորներուս մէջ փտութիւն մտաւ, Ու եղած տեղս վրդովեցայ. Սակայն հանգստութեամբ պիտի սպասեմ տագնապի օրուան, Երբ ժողովուրդին դէմ բարձրանայ ա՛ն՝ որ իր գունդերով անոր վրայ պիտի յարձակի։
17Թէեւ թզենին չծաղկի, Որթատունկերուն վրայ 19պտուղ չըլլայ, Ձիթենիին 20բերքը խաբէ՝՝, Արտերը կերակուր չտան, Փարախէն ոչխարը 21պակսի, Եւ գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ,
18Ես Տէրոջմով պիտի հրճուիմ, Իմ փրկութեանս Աստուծմով պիտի խայտամ։
19Տէրը՝ Եհովան է իմ զօրութիւնս. Ան իմ ոտքերս եղնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ, Եւ ինծի քալել պիտի տայ իմ բարձունքներուս վրայ։ Գլխաւոր երաժիշտին. իմ լարաւոր նուագարաններուս վրայ։