Haggai 1
Zephaniah « Zephaniah 3 ‹ Haggai 1 › Haggai 2 » Zechariah
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ՏԱՃԱՐԸ ՇԻՆԵԼ
1Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամիսը, ամսուան առաջին օրը, 1Տէրոջ խօսքը Անգէ մարգարէին 2միջոցով 3ուղղուեցաւ Յուդայի կուսակալին՝ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլի, ու քահանայապետին՝ Յովսեդեկեան Յեսուի, ըսելով.
2«Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու սա՛ կը յայտարարէ. “Այս ժողովուրդը կ’ըսէ. "Դեռ ատենը հասած չէ — Տէրոջ տունը կառուցանելու ատենը"”»։
3Ուստի Անգէ մարգարէին 4միջոցով Տէրոջ խօսքը 5ուղղուեցաւ՝ ըսելով.
4«Արդեօք ատե՞նն է՝ որ դուք բնակիք ձեր ձեղնածածկ տուներուն մէջ, Իսկ այս տունը աւերակ մնայ»։
5Սակայն հիմա զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «6Մտածեցէ՛ք ձեր 7ընթացքին մասին.
6Շատ սերմանեցիք, բայց քիչ 8հնձեցիք. Կերաք, բայց չկշտացաք. Խմեցիք, սակայն 9չյագեցաք. Հագուեցաք, սակայն ո՛չ մէկը տաքցաւ. Ու վարձկանը ծակած քսակի համար կը վաստկի իր վարձքը»։
7Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Մտածեցէ՛ք ձեր ընթացքին մասին.
8Լե՛ռը ելէք, փա՛յտ բերէք Ու կառուցանեցէ՛ք տունը, եւ ատոր պիտի հաճիմ Ու պիտի փառաւորուիմ,— կը յայտարարէ Տէրը։—
910Շատը կ’ակնկալէիք՝՝, բայց ահա՛ քիչը ստացաք. Երբ տուն բերիք, վրան փչեցի։ Ինչո՞ւ,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։— Իմ տանս պատճառով՝ որ աւերակ է, Մինչ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր տունը կը 11փութայ։
10Հետեւաբար ձեր վերեւը եղող երկինքը դադրեցուցած է իր ցօղը, Երկիրն ալ դադրեցուցած է իր արգասիքը։
11Ես չորութիւն բերի երկրին վրայ եւ լեռներուն վրայ, Ցորենին, քաղցուին ու իւղին վրայ, Գետինի արտադրութեան վրայ, Մարդոց վրայ եւ անասուններուն վրայ, Ձեռքերու ամբողջ վաստակին վրայ»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՀՆԱԶԱՆԴԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
12Այն ատեն Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլ, քահանայապետը՝ Յովսեդեկեան Յեսու, եւ ժողովուրդին ամբողջ մնացորդը մտիկ ըրին Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն ձայնը եւ Անգէ մարգարէին խօսքերը, Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն անոր յանձնած առաքելութեան համաձայն, ու ժողովուրդը 12Տէրոջմէն վախցաւ։
13Տէրոջ պատգամաւորը՝ Անգէ Տէրոջ պատգամները ժողովուրդին հաղորդեց՝ ըսելով. «Ես ձեզի հետ եմ»,— կը պատգամէ Տէրը։—
14Տէրը Յուդայի կուսակալին՝ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլի հոգին արթնցուց, նաեւ քահանայապետին՝ Յովսեդեկեան Յեսուի հոգին, ու ժողովուրդին ամբողջ մնացորդին հոգին. ուստի գացին եւ իրենց Աստուծոյն՝ զօրքերու Տէրոջ տան մէջ գործի լծուեցան,
15Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամսուան քսանչորրորդ օրը։