Haggai 2
Zephaniah « Haggai 1 ‹ Haggai 2 › Zechariah 1 » Zechariah
ՆՈՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՊԱՅԾԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
1Եօթներորդ ամսուան քսանմէկերորդ օրը, 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ Անգէ մարգարէին 2միջոցով՝ ըսելով.
2«Այժմ խօսէ՛ Յուդայի կուսակալին՝ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլի, քահանայապետին՝ Յովսեդեկեան Յեսուի, ու ժողովուրդին մնացորդին, ըսելով.
3“Ձեր մէջ ողջ մնացած ո՞վ կայ, Որ այս տունը իր նախկին փառքով տեսեր է. Հիմա զայն ի՞նչպէս կը տեսնէք. Միթէ ոչինչի պէս չէ՞ ձեր աչքերուն՝ անոր բաղդատելով”»։
4«Բայց հիմա՝ զօրացի՛ր, ո՛վ Զօրաբաբէլ,— կը պատգամէ Տէրը,— Զօրացի՛ր, ո՛վ քահանայապետ՝ Յովսեդեկեան Յեսու, Նաեւ դո՛ւք, ո՛վ երկրին ամբողջ ժողովուրդը. Զօրացէ՛ք,— կը պատգամէ Տէրը,— եւ աշխատեցէ՛ք. Որովհետեւ ես ձեզի հետ եմ,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։—
5Ձեզի հետ կնքած ուխտիս խոստումին համաձայն՝ երբ Եգիպտոսէն ելաք, Իմ Հոգիս ձեր մէջ կը կենայ. մի՛ վախնաք»։
6Արդարեւ զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Քիչ մը ատենէն ետք՝ անգա՛մ մըն ալ պիտի 3սարսեմ երկինքն ու երկիրը, Ծովը եւ ցամաքը։
7Նաեւ բոլոր ազգերը պիտի սարսեմ. Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան, Եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ,— Կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։—
8Արծաթը ի՛մս է, ոսկի՛ն ալ իմս է,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը.—
9Այս տան վերջին փառքը առաջինէն մեծ պիտի ըլլայ,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— Եւ այս տեղին խաղաղութիւն պիտի տամ», կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը։
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
10Դարեհի երկրորդ տարին, իններորդ ամսուան քսանչորրորդ օրը, 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ Անգէ մարգարէին միջոցով՝ ըսելով.
11«Այժմ զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Հիմա օրէնքին մասին հարցո՛ւր քահանաներուն.
12"Եթէ մարդ մը իր հագուստին քղանցքին մէջ սրբացուած միս կրէ, ու քղանցքով հացի, ապուրի, գինիի, իւղի, կամ որեւէ ուտելիքի դպչի, ատոնք սրբացուած կ’ըլլա՞ն"”»։ Քահանաները պատասխանեցին. «Ո՛չ»։
13Անգէ ըսաւ. «Եթէ 5մեռելէ 6պղծուած մը ասոնցմէ մէկուն դպչի, կը պղծուի՞»։ Քահանաները պատասխանեցին. «Կը պղծուի»։
14Ուստի Անգէ ըսաւ. «Ա՛յդպէս է այս ժողովուրդը, Ա՛յդպէս է այս ազգը իմ առջեւս,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— Ա՛յդպէս է իրենց ձեռքերուն ամբողջ գործը. Ինչ որ հոն կը մատուցանեն՝ պիղծ է»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
15«Ուրեմն այժմ 7ուշադրութի՛ւն դարձուցէք՝՝ այս օրէն 8ետք պատահելիքին, Երբ դեռ Տէրոջ տաճարին մէջ քար քարի վրայ դրուած չէ։
169Այդ ատեն՝՝ երբ մէկը քսան քոռ ցորենի դէզին քով երթար, Տասը քոռ 10կը գտնուէր՝՝. Երբ հնձանին քով երթար՝ գինիի կարասէն յիսուն մար հանելու, Քսան մար կը գտնուէր։
17Ձեզ խորշակահարութեամբ, արմտիքի դալուկով ու կարկուտով զարկի Ձեր ձեռքերուն ամբողջ գործին մէջ, Սակայն ձեզմէ ո՛չ մէկը ինծի վերադարձաւ,— կը պատգամէ Տէրը։—
18Ուրեմն ուշադրութի՛ւն դարձուցէք այս օրէն ետք,— Տէրոջ տաճարին հիմնադրութեան օրէն ետք,— Իններորդ ամսուան քսանչորրորդ օրէն ետք ուշադրութի՛ւն դարձուցէք.
19Հունտը տակաւին ամբարին մէ՞ջ է. Որթատունկը, թզենին, նռնենին ու ձիթենին Դեռ պտուղ բերած չեն. Սակայն այս օրէն սկսեալ ձեզ պիտի օրհնեմ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԶՕՐԱԲԱԲԷԼԻ
20Տէրոջ խօսքը երկրորդ անգամ Անգէի 11ուղղուեցաւ ամսուան քսանչորրորդ օրը՝ ըսելով.
21Խօսէ՛ Յուդայի կուսակալին՝ Զօրաբաբէլի, ըսելով. «Ես երկինքն ու երկիրը պիտի սարսեմ,
22Թագաւորութիւններուն գահը պիտի տապալեմ, 12Ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի փճացնեմ, Կառքերն ու անոնց հեծեալները պիտի տապալեմ. Ձիերն ու անոնց հեծեալները պիտի իյնան՝ Իւրաքանչիւրը իր եղբօր սուրով։
23Այդ օրը,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— Քեզ պիտի առնեմ, ո՛վ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլ, իմ ծառաս,— կը պատգամէ Տէրը,— Ու քեզ կնիքի պէս պիտի դնեմ, Որովհետեւ քեզ ընտրած եմ», կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։