Hebrews 1
Philemon « Philemon 1 ‹ Hebrews 1 › Hebrews 2 » James
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԻՐ ՈՐԴԻԻՆ ՄԻՋՈՑՈՎ
1Աստուած, որ վաղուց՝ շատ 1անգամներ ու շատ կերպերով՝ խօսած էր հայրերուն մարգարէներով,
2այս վերջին օրերը խօսեցաւ մեզի իր Որդիով, որ ժառանգորդ նշանակեց ամէն բանի եւ տիեզերքն ալ ստեղծեց անով։
3Ան իր փառքին շողն է ու իր էութեան նկարագրութիւնը, եւ իր զօրութեան խօսքով հաստատ կը բռնէ ամէն բան։ Ի՛նք էր որ՝ մաքրելէ ետք մեր մեղքերը՝ բազմեցաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծափառութեան աջ կողմը,
4ա՜յնչափ գերադաս ըլլալով հրեշտակներէն, քանի որ անոնցմէ 2գերազանց անուն մը ժառանգեց։
ՈՐԴԻՆ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԷՆ ՄԵԾ Է
5Արդարեւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Դուն իմ Որդիս ես, ա՛յսօր ծնայ քեզ»։ Եւ դարձեալ. «Ես Հայր պիտի ըլլամ անոր, ան ալ Որդի պիտի ըլլայ ինծի»։
6Դարձեալ՝ երբ Անդրանիկը կը մտցնէ երկրագունդը՝ կ’ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ թող երկրպագեն անոր»։
7Նաեւ հրեշտակներուն մասին կ’ըսէ. «Իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ, եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»։
8Իսկ Որդիին կ’ըսէ. «Քու գահդ, ո՛վ Աստուած, կը կենայ 3դարէ դար՝՝. քու թագաւորութեանդ մականը ուղղամտութեան մական է։
9Դուն սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անօրէնութիւնը. հետեւաբար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ օծեց քեզ ցնծութեան իւղով՝ ընկերակիցներէդ աւելի»։
10Նաեւ. «Տէ՛ր, դո՛ւն սկիզբէն դրիր երկրի հիմերը, ու քո՛ւ ձեռքերուդ գործն է երկինքը։
11Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն կը մնաս. բոլորը պիտի մաշին հանդերձի պէս։
12Պիտի ոլորես զանոնք ծածկոցի պէս, եւ պիտի փոխուին. իսկ դուն՝ միշտ նո՛յնն ես, ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»։
13Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»։
14Միթէ անոնք բոլորը պաշտօն կատարող հոգիներ չե՞ն, ղրկուած սպասարկելու անոնց՝ որ պիտի ժառանգեն փրկութիւնը։