Hebrews 7
Philemon « Hebrews 6 ‹ Hebrews 7 › Hebrews 8 » James
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ
1Արդարեւ այս Մելքիսեդեկն էր, Սաղէմի թագաւորն ու Ամենաբարձր Աստուծոյ քահանան, որ դիմաւորեց Աբրահամը՝ երբ ան կը վերադառնար թագաւորներու կոտորածէն, եւ օրհնեց զայն.
2Աբրահամ ալ տասանորդ տուաւ անոր իր բոլոր բաներէն։ Ան նախ Արդարութեան թագաւոր է՝ թարգմանութեան համաձայն, ու յետոյ՝ նաեւ Սաղէմի թագաւոր, այսինքն՝ Խաղաղութեան թագաւոր։
3Առանց հօր, առանց մօր, առանց ազգաբանութեան, ան ունի ո՛չ օրերու սկիզբ, ո՛չ ալ կեանքի վախճան. բայց նմանցուած է Աստուծոյ Որդիին եւ մշտնջենապէս կը մնայ քահանայ։
4Ուրեմն տեսէ՛ք թէ ի՜նչ մեծ մէկն էր ան՝ որուն Աբրահամ նահապետն ալ տուաւ աւարին տասանորդը։
5Արդարեւ Ղեւիի որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կը ստանան, Օրէնքին համաձայն պատուէր ունին տասանորդ առնելու ժողովուրդէն, այսինքն՝ իրենց եղբայրներէն, թէպէտ անոնք Աբրահամի մէջքէն ելած են։
6Բայց ա՛ն՝ որուն ազգաբանութիւնը անոնցմէ չէր, տասանորդ ստացաւ Աբրահամէն եւ օրհնեց խոստումները ունեցողը։
7Իսկ առանց որեւէ հակաճառութեան՝ կրտսե՛րը կ’օրհնուի գերադասէն։
8Հոս՝ մահկանացո՛ւ մարդիկ տասանորդ կը ստանան, բայց հոն կը ստանայ ա՛ն՝ որուն համար վկայուած է թէ կ’ապրի։
9Նաեւ կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւի՛ ալ, որ տասանորդ կը ստանայ, տասանորդ տուաւ Աբրահամի միջոցով.
10որովհետեւ տակաւին իր հօր մէջքն էր՝ երբ Մելքիսեդեկ դիմաւորեց զայն։
11Ուրեմն, եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեամբ ըլլար, (քանի որ ժողովուրդը Օրէնքին տակ դրուեցաւ անոր ատենը,) ա՛լ ի՞նչ պէտք կար որ ուրի՛շ քահանայ մը ելլէր՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ, եւ չկոչուէր Ահարոնի կարգին համեմատ։
12Արդարեւ՝ քահանայութեան փոփոխումով՝ հարկ էր որ փոփոխութիւն ըլլար նաեւ Օրէնքին։
13Եւ իրաւ եղաւ, որովհետեւ ա՛ն՝ որուն մասին կ’ըսուին այս բաները, կը պատկանէր ուրի՛շ տոհմի, որմէ ո՛չ մէկը 1մօտեցած էր զոհասեղանին.
14քանի որ յայտնի է թէ մեր Տէրը սերած է Յուդայի տոհմէն։ Իսկ այդ տոհմին մասին Մովսէս ոչինչ ըսաւ՝ քահանայութեան վերաբերեալ։
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿԻ ՆՄԱՆ ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ՄԸ
15Ասիկա ա՛լ աւելի յայտնի է, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութեամբ ուրի՛շ քահանայ մը կ’ելլէ,
16որ եղած է ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրի մը Օրէնքին համաձայն, հապա՝ անքակտելի կեանքի մը զօրութեան համեմատ։
17Որովհետեւ կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ»։
18Արդարեւ նախկին պատուէրը կը ջնջուի իր տկարութեան ու անշահեկանութեան համար,
19(որովհետեւ Օրէնքը ոչի՛նչ կատարեալ ըրաւ,) եւ անոր տեղ կը մտնէ լաւագոյն յոյս մը՝ որով կը մօտենանք Աստուծոյ։
20Եւ քանի որ ասիկա չեղաւ առանց երդումի, (որովհետեւ անոնք քահանայ եղած են առանց երդումի,
21իսկ ասիկա՝ երդումով, անո՛ր միջոցով՝ որ ըսաւ իրեն. «Տէրը երդում ըրեր է ու պիտի չզղջայ. “Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ”»,)
22Յիսուս երաշխաւոր եղաւ լաւագոյն ուխտի մը։
23Ի՛րապէս շատ եղած են քահանաները, քանի որ մահը կ’արգիլէր որ անոնք միշտ մնան։
24Բայց ասիկա ունի անփոփոխ քահանայութիւն, որովհետեւ յաւիտեան կը մնայ։
25Ուստի կարող ալ է կատարելապէս փրկել անոնք՝ որ իրմով կու գան Աստուծոյ. որովհետեւ ինք միշտ կ’ապրի՝ անոնց բարեխօս ըլլալու համար։
26Արդարեւ ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը պատշաճէր մեզի, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկինքէն աւելի վեր բարձրացած։
27Անոր հարկաւոր չէ ամէն օր զոհ մատուցանել՝ միւս քահանայապետներուն պէս, նախ իր մեղքերուն համար, յետոյ ժողովուրդին մեղքերուն համար. որովհետեւ ինք ըրաւ ասիկա մէ՛կ անգամ ընդմիշտ՝ մատուցանելով ինքզինք։
28Արդարեւ՝ Օրէնքը քահանայապետ կը նշանակէ տկարութիւն ունեցող մարդիկ, բայց երդումին խօսքը՝ որ Օրէնքէն ետք էր՝ Որդի՛ն, որ կատարեալ եղած է յաւիտեան։