Loading...

Hosea 2

Daniel  «  Hosea 1  ‹  Hosea 2  ›  Hosea 3  »  Joel


ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԳՈՄԵՐԸ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՍՐԱՅԷԼԸ

1

Ձեր եղբայրներուն 1Ամմի՛ ըսէք, Ու ձեր քոյրերուն՝ 2Րուհամա։

2

Դա՛տ վարեցէք ձեր մօր հետ, դա՛տ վարեցէք, Քանի որ ան իմ կինս չէ, Ու ես անոր ամուսինը չեմ։ Ան իր երեսէն թող հեռացնէ իր պոռնկութիւնները, Եւ իր ծիծերուն մէջէն՝ իր շնութիւնները,

3

Որ զինք հանուեցնելով չմերկացնեմ, Իր ծնունդին օրուան պէս 3չթողում, Զինք անապատի 4չվերածեմ, Անջրդի երկիր 5չդարձնեմ, Ու ծարաւով չմեռցնեմ։

4

Անոր որդիներուն պիտի չգթամ, Քանի որ անոնք պոռնկութեան որդիներ են։

5

Արդարեւ անոնց մայրը պոռնկեցաւ, Զանոնք յղացողը ինքզինք 6խայտառակեց, Որովհետեւ ըսաւ. «Իմ հոմանիներուս պիտի հետեւիմ, Որոնք իմ հացս, ջուրս, բուրդս եւ վուշս, Իւղս ու խմելիքներս կու տան ինծի»։

6

Հետեւաբար ահա՛ ես փուշերով պիտի փակեմ 7իր ճամբան՝՝. Զայն պիտի ցանկապատեմ, Որպէսզի իր շաւիղները չգտնէ։

7

Ան իր հոմանիները պիտի հետապնդէ, սակայն անոնց պիտի չհասնի. Զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չգտնէ. Ուստի պիտի ըսէ. «Երթամ եւ առաջին ամուսինիս վերադառնամ, Քանի որ այն ատեն աւելի լաւ վիճակի մէջ էի՝ քան հիմա»։

8

Ան գիտակցած չէր թէ ե՛ս իրեն կու տայի ցորենը, քաղցուն ու իւղը. Ե՛ս կը շատցնէի իր արծաթն ու ոսկին, Որոնք Բահաղի 8ընծայեցին։

9

Հետեւաբար պիտի վերադառնամ եւ իմ ցորենս իր ատենին ետ պիտի առնեմ, Ու քաղցուս՝ իր եղանակին, Եւ անոր մերկութիւնը ծածկող բուրդս ու վուշս պիտի վերստանամ։

10

Հիմա անոր հոմանիներուն 9առջեւ Իր անարգանքը պիտի յայտնեմ, Եւ ո՛չ մէկը զինք իմ ձեռքէս պիտի ազատէ։

11

Անոր ամբողջ բերկրանքը, Անոր տօները, 10ամսագլուխներն ու Շաբաթները Եւ բոլոր հանդիսութիւնները պիտի դադրեցնեմ։

12

Պիտի աւերեմ անոր որթատունկերն ու թզենիները, Որոնց համար կ’ըսէր. “Ասոնք հոմանիներուս ինծի տուած վարձատրութիւններն են”. Անտառի պիտի վերածեմ զանոնք, Եւ դաշտի գազանները պիտի ուտեն զանոնք։

13

11Զայն պիտի պատժեմ՝՝ այն օրերուն համար՝ Որոնց մէջ ան Բահաղներուն խունկ կը ծխէր, Իր օղերով ու մանեակներով կը զարդարուէր Եւ իր հոմանիներուն կը հետեւէր, Ու զիս կը մոռնար», կը պատգամէ Տէրը։


ՏԷՐՈՋ ՍԷՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՆԴԷՊ

14

«Հետեւաբար ահա՛ ե՛ս զայն պիտի հրապուրեմ, Զայն անապատը պիտի տանիմ, Եւ անոր 12քաղցրութեամբ պիտի խօսիմ։

15

Անկէ պիտի տամ անոր իր այգիները, Եւ Աքովրի հովիտը՝ իբր յոյսի դուռ. Ու հոն պիտի 13երգէ իր երիտասարդութեան օրերուն պէս, Եգիպտոսի երկրէն բարձրացած օրուան պէս։

16

Այդ օրը,— կը պատգամէ Տէրը,— Զիս պիտի կոչես. “Իմ ամուսի՛նս”, Եւ անգա՛մ մըն ալ զիս պիտի չկոչես. “Իմ 14Բահա՛ղս”։

17

Անոր բերանէն Բահաղներու անունները պիտի ջնջեմ. Անոնք անգա՛մ մըն ալ պիտի չյիշատակուին իրենց անուններով։

18

Անոնց համար այդ օրը ուխտ պիտի կնքեմ Դաշտի գազաններուն հետ, երկինքի թռչուններուն հետ, Եւ գետինի սողուններուն հետ։ Երկրէն աղեղը, սուրն ու պատերազմը պիտի 15վերցնեմ, Եւ զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ։

19

Քեզ յաւիտենապէս ինծի պիտի նշանեմ. Քեզ արդարութեամբ, իրաւունքով, Կարեկցութեամբ ու գթութեամբ ինծի պիտի նշանեմ.

20

Այո՛, քեզ հաւատարմութեամբ ինծի պիտի նշանեմ, Եւ Տէրը պիտի ճանչնաս։

21

Այդ օրը,— կը պատգամէ Տէրը,— պիտի պատասխանեմ, Երկինքի ակնկալութեան պիտի պատասխանեմ, Ան ալ երկրի ակնկալութեան պիտի պատասխանէ.

22

Երկիրը ցորենով, քաղցուով ու իւղով պիտի պատասխանէ, Եւ անոնք 16Յեզրայէլի ակնկալութեան պիտի պատասխանեն։

23

Զայն ինծի համար երկրի վրայ պիտի սերմանեմ, Ու 17Լօ-Րուհամայի պիտի գթամ, Եւ 18Լօ-Ամմիի պիտի ըսեմ. “Դուն իմ ժողովո՛ւրդս ես”. Ան ալ ինծի պիտի պատասխանէ. “Իմ Աստուա՛ծս ես”»։



1 Այսինքն՝ Իմ ժողովո՛ւրդս
2 Այսինքն՝ Գթութիւն գտած
3 Եբր.՝ չդնեմ
4 Եբր.՝ չընեմ
5 Եբր.՝ չընեմ
6 Եբր.՝ ամօթահար ըրաւ
7 Եբր.՝ քու ճամբադ
8 Կամ՝ գործածեցին
9 Եբր.՝ աչքերուն
10 Եբր.՝ նոր լուսիններն
11 Եբր.՝ Անոր պիտի հատուցանեմ
12 Եբր.՝ սիրտին
13 Եբր.՝ պատասխանելով երգէ
14 Այսինքն՝ տէրս
15 Եբր.՝ կոտրեմ
16 Այսինքն՝ Աստուծոյ սերմանածին
17 Այսինքն՝ գթութիւն չգտածին
18 Այսինքն՝ իմ ժողովուրդս չեղողին