Hosea 3
Daniel « Hosea 2 ‹ Hosea 3 › Hosea 4 » Joel
ՈՎՍԷԷ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԿԻՆԸ
1Յետոյ Տէրը ինծի ըսաւ. «Դա՛րձեալ գնա, իր 1հոմանիէն սիրուած շնացեալ կին մը սիրէ, ինչպէս Տէրը Իսրայէլի որդիները կը սիրէ, թէեւ անոնք ուրիշ աստուածներու կը դառնան եւ չամիչով կարկանդակներ կը սիրեն»։
2Ուստի զայն ինծի 2առի տասնհինգ սիկղ արծաթով ու մէկուկէս քոռ գարիով,
3եւ անոր ըսի. «Երկար ժամանակ հաւատարի՛մ կեցիր ինծի հանդէպ. մի՛ պոռնկիր, ուրիշ մարդու մի՛ ըլլար։ Ե՛ս ալ նոյնպէս պիտի ըլլամ քեզի հանդէպ»։
4Արդարեւ Իսրայէլի որդիները երկար ժամանակ պիտի մնան առանց թագաւորի, առանց իշխանաւորի, առանց զոհի, առանց արձանի, առանց 3եփուտի եւ 4ընտանեկան կուռքերու՝՝։
5Վերջաւորութեան՝ Իսրայէլի որդիները պիտի վերադառնան ու փնտռեն Տէրը՝ իրենց Աստուածը, եւ իրենց Դաւիթ թագաւորը. վերջին օրերը վախով պիտի դառնան Տէրոջ ու անոր բարութեան։