Loading...

Hosea 4

Daniel  «  Hosea 3  ‹  Hosea 4  ›  Hosea 5  »  Joel


ՏԷՐԸ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ

1

Մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Քանի որ Տէրը երկրին բնակիչներուն հետ վէճ ունի. Արդարեւ երկրին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, կարեկցութիւն չկայ, Աստուծոյ ճանաչումը չկայ։

2

1Երդումը, ուրացումը եւ մարդասպանութիւնը, Գողութիւնն ու շնութիւնը շատցած են. Թափուած արիւնները արիւններու կը 2խառնուին։

3

Հետեւաբար երկիրը պիտի սգայ, Եւ անոր բոլոր բնակիչները պիտի ուժաթափին Դաշտի գազաններուն ու երկինքի թռչուններուն հետ. Ծովուն ձուկերն ալ պիտի 3անհետանան։


ՏԷՐԸ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ

4

Սակայն ո՛չ մէկը թող վիճի, ո՛չ մէկը թող կշտամբէ, Որովհետեւ քու ժողովուրդդ քահանային հետ վիճողներու պէս է։

5

Ուստի դուն ցերեկը պիտի գայթիս, Ու մարգարէն ալ քեզի հետ գիշերը պիտի գայթի, Եւ քու մայրդ պիտի բնաջնջեմ։

6

Իմ ժողովուրդս ճանաչում չունենալուն համար բնաջնջուեցաւ. Քանի դուն ճանաչումը մերժեցիր, Ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէսզի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս։ Քանի քու Աստուծոյդ օրէնքը մոռցար, Ես ալ քու որդիներդ պիտի մոռնամ։

7

Անոնք որչափ բազմացան, Այնչափ ինծի դէմ մեղանչեցին. Ուստի անոնց փառքը անարգանքի պիտի փոխեմ։

8

Անոնք իմ ժողովուրդիս 4մեղքով կը սնանին՝՝, Եւ իրենց անձը անոր անօրէնութեան կը հանդուրժէ։

9

Ուրեմն ինչպէս ժողովուրդին՝ նոյնպէս ալ քահանային պիտի ըլլայ. Իրենց 5ընթացքին համեմատ պիտի 6պատժեմ զանոնք, Իրենց արարքներուն փոխարէնը պիտի հատուցանեմ անոնց։

10

Պիտի ուտեն, բայց պիտի չկշտանան. Պիտի պոռնկին, սակայն պիտի 7չբարգաւաճին. Որովհետեւ Տէրոջ ուշադիր ըլլալը թողուցին։


ՏԷՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

11

Պոռնկութիւնը, գինին ու քաղցուն 8Խելքը կը կորսնցնեն՝՝։

12

Իմ ժողովուրդս իր փայտին խորհուրդ կը հարցնէ, Եւ իր գաւազանը իրեն կ’իմացնէ. Արդարեւ պոռնկութեան ոգին զանոնք մոլորեցուց, Իրենց Աստուծմէն հեռանալով պոռնկեցան։

13

Լեռներուն գագաթը զոհ կը մատուցանեն, Բլուրներուն վրայ խունկ կը ծխեն՝ կաղնիի, կաղամախիի ու բեւեկնիի տակ, Որովհետեւ անոնց հովանին 9հաճելի է. Հետեւաբար ձեր աղջիկները կը պոռնկին, Ու ձեր հարսերը շնութիւն կ’ընեն։

14

Ձեր աղջիկները պիտի չպատժեմ՝ երբ պոռնկին, Ո՛չ ալ ձեր հարսերը՝ երբ շնութիւն ընեն, Քանի որ հայրերը իրե՛նք պոռնիկներուն հետ կը մեկուսանան, Ու 10բոզերուն հետ կը զոհեն. Ուստի անխելք ժողովուրդը պիտի տապալի։

15

Թէպէտ դուն կը պոռնկիս, ո՛վ Իսրայէլ, Գոնէ Յուդա թող յանցաւոր չըլլայ. Գաղգաղա մի՛ մտնէք, Բեթաւան մի՛ բարձրանաք, Ու երդում մի՛ ընէք՝ ըսելով. «Տէրը կ’ապրի»։

16

Արդարեւ Իսրայէլ ստամբակ երինջի պէս ապստամբեր է. Հիմա Տէրը 11պիտի արածէ՝՝ զանոնք ընդարձակ տեղ մը՝ գառներու պէս։

17

Եփրեմ կուռքերու յարած է. Ձգէ՛ զինք։

18

Անոնց գինարբուքը 12ապականած է. Պոռնկութեան անձնատուր կ’ըլլան. Անարգա՜նք անոնց 13իշխանաւորներուն, Որոնք կը սիրեն ըսել. «Տուէ՛ք»։

19

Հովը զինք իր թեւերուն վրայ պիտի փաթթէ, Եւ անոնք իրենց զոհերուն համար պիտի ամչնան։



1 Եբր.՝ Անէծքով երդումը
2 Եբր.՝ դպչին
3 Եբր.՝ հաւաքուին
4 Եբր.՝ մեղքը կ’ուտեն
5 Եբր.՝ ճամբաներուն
6 Եբր.՝ հատուցանեմ
7 Կամ՝ չշատնան
8 Եբր.՝ Սիրտը կ’առնեն
9 Եբր.՝ լաւ
10 Եբր.՝ վերապահուած կիներուն (այսինքն՝ կռապաշտական պոռնկութեան վերապահուած)
11 Կամ՝ միթէ պիտի արածէ՞
12 Եբր.՝ այլասերած
13 Եբր.՝ վահաններուն