Hosea 5
Daniel « Hosea 4 ‹ Hosea 5 › Hosea 6 » Joel
1
Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ քահանաներ. Ուշադի՛ր եղէք, ո՛վ Իսրայէլի տունը. Ունկնդրեցէ՛ք, ո՛վ թագաւորին տունը։ Արդարեւ ձեզի դէմ դատավճիռ կայ, Որովհետեւ դուք վարմ եղաք Մասփայի մէջ, Ու տարածուած ցանց՝ Թաբորի վրայ։
2Մոլորածները զոհեր 1մորթելով մեղքի մէջ խորասուզուեցան՝՝, 2Թէպէտ ես անոնց բոլորին խրատ կու տայի՝՝։
3Ես Եփրեմը կը ճանչնամ, Եւ Իսրայէլ ինձմէ ծածկուած չէ. Արդարեւ հիմա, ո՛վ Եփրեմ, դուն կը պոռնկիս, Իսրայէլ 3ապականած է։
ՈՎՍԷԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ
4Անոնց արարքները իրենց չեն թոյլատրեր Որ իրենց Աստուծոյն վերադառնան, Քանի որ անոնց մէջ պոռնկութեան ոգի կայ Եւ Տէրը չեն ճանչնար։
5Իսրայէլի ամբարտաւանութիւնը իր երեսին դէմ կը վկայէ. Իսրայէլ ու Եփրեմ իրենց անօրէնութեամբ պիտի գայթին, Յուդա ալ անոնց հետ պիտի գայթի։
6Անոնք իրենց ոչխարներով եւ արջառներով Տէրը փնտռելու պիտի երթան, բայց պիտի չգտնեն. Ինք անոնցմէ 4հեռացաւ։
7Անոնք Տէրոջ անհաւատարիմ եղան, Որովհետեւ 5ապօրինի զաւակներ՝՝ ծնան. Հիմա 6մէկ ամսուան մէջ պիտի սպառին՝՝ Իրենց ժառանգութեան բաժիններով։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՅՈՒԴԱՅԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ
8Գաբաայի մէջ շեփո՛ր հնչեցուցէք, Եւ Ռամայի մէջ՝ փող. Բեթաւանի մէջ 7գոչեցէ՛ք, Քու ետեւէդ, ո՛վ Բենիամին։
9Կշտամբանքի օրը Եփրեմ ամայի պիտի ըլլայ. Իսրայէլի տոհմերուն մէջ 8ստոյգը կը գիտցնեմ։
10Յուդայի իշխանաւորները սահմանաքար տեղափոխողներու պէս եղան. Անոնց վրայ իմ ցասումս ջուրի պէս պիտի թափեմ։
11Եփրեմ հարստահարուած ու դատավճիռով ջախջախուած է, Քանի որ կամապաշտութեամբ 9ունայնութեան հետեւեցաւ։
12Ուստի ես ցեցի պէս պիտի ըլլամ Եփրեմի, Եւ փտութեան պէս՝ Յուդայի տան։
13Երբ Եփրեմ իր հիւանդութիւնը տեսաւ, ու Յուդա՝ իր վէրքը, Եփրեմ Ասորեստան գնաց, Եւ 10Յարեբ թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց. Բայց ան չի կրնար ձեզ բուժել ու ձեր վէրքը առողջացնել։
14Արդարեւ ես 11մռնչող առիւծի՝՝ պէս պիտի ըլլամ Եփրեմի, Եւ առիւծի կորիւնի պէս՝ Յուդայի տան. Ե՛ս, ե՛ս պիտի բզքտեմ, ու պիտի երթամ. Պիտի տանիմ, եւ ո՛չ մէկ ազատող պիտի ըլլայ։
15Ես պիտի երթամ, իմ տեղս պիտի վերադառնամ, Մինչեւ որ անոնք իրենց յանցաւոր ըլլալը խոստովանին ու երեսս խնդրեն։ Իրենց տագնապին մէջ 12փութով զիս պիտի փնտռեն եւ ըսեն.