Loading...

Hosea 6

Daniel  «  Hosea 5  ‹  Hosea 6  ›  Hosea 7  »  Joel


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԵՂԾ ԶՂՋՈՒՄԸ

1

«Եկէ՛ք, Տէրո՛ջ վերադառնանք, Քանի որ ի՛նք բզքտեց, եւ ի՛նք մեզ պիտի բուժէ. Ի՛նք զարկաւ, եւ ի՛նք մեր վէրքերը պիտի փաթթէ։

2

Երկու օրէն մեզ պիտի վերապրեցնէ, Երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ, Եւ անոր առջեւ պիտի ապրինք։

3

Տէրը պիտի ճանչնանք, ու զայն ճանչնալու հետամուտ պիտի ըլլանք. Անոր ելքը արշալոյսի պէս 1որոշ է. Ան մեզի պիտի գայ տեղատարափի պէս, Երկիրը թրջող 2վերջին անձրեւին՝՝ պէս»։

4

Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Եփրեմ, Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Յուդա. Որովհետեւ ձեր բարեպաշտութիւնը առտուան ամպին պէս է, Կանուխ իջած ցօղին պէս՝ որ 3կ’անհետանայ։

5

Հետեւաբար մարգարէներուն ձեռքով զանոնք կոփեցի, Բերանիս խօսքերով զանոնք մեռցուցի, Որպէսզի 4իմ դատավճիռներս՝՝ լոյսի պէս 5ծագին։

6

Արդարեւ ես կարեկցութենէ կ’ախորժիմ, եւ ո՛չ թէ զոհէ, Ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ ճանաչումէն։

7

Իսկ անոնք 6Ադամի պէս ուխտը անտեսեցին, Ինծի անհաւատարիմ եղան։

8

Գաղաադ անօրէնութիւն գործողներու քաղաք է, Արիւնի հետքերով լեցուն է։

9

Ինչպէս աւազակներու գունդերը Մարդու համար 7դարանակալ կ’ըլլան՝՝, Նոյնպէս քահանաներուն 8խումբը Սիւքէմի ճամբային մէջ կը սպաննէ, Որովհետեւ լրբութիւն կը գործէ։

10

Իսրայէլի տան մէջ քստմնելի բաներ տեսայ. Եփրեմի պոռնկութիւնները հո՛ն են, Իսրայէլ 9ապականեցաւ։

11

Քեզի՛ ալ հունձք մը 10պատրաստուած է, ո՛վ Յուդա, Երբ իմ ժողովուրդս գերութենէն վերադարձնեմ։



1 հաստատ
2 Եբր.՝ վերջին անձրեւին եւ առաջին անձրեւին
3 Եբր.՝ կ’երթայ
4 Կամ՝ քու դատավճիռներդ
5 Եբր.՝ դուրս ելլեն
6 Կամ՝ ուրիշ մարդոց
7 Եբր.՝ կը սպասեն
8 Եբր.՝ ընկերակցութիւնը
9 Եբր.՝ անմաքուր եղաւ
10 Եբր.՝ դրուած