Loading...

Hosea 7

Daniel  «  Hosea 6  ‹  Hosea 7  ›  Hosea 8  »  Joel


1

Երբ Իսրայէլը պիտի բուժէի, Եփրեմի անօրէնութիւնը Եւ Սամարիայի չարութիւնները յայտնուեցան։ Արդարեւ անոնք կեղծիքով կը վարուին. Գողը տուներէն ներս կը մտնէ, Իսկ դուրսը աւազակներու գունդը կը 1կողոպտէ։

2

Անոնք 2չեն մտածեր՝՝ Թէ ես իրենց ամբողջ չարութիւնը կը յիշեմ. Հիմա անոնց արարքները զիրենք կը շրջապատեն, Անոնք իմ 3առջեւս են։


ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

3

Իրենց չարութեամբ թագաւորը կ’ուրախացնեն, Եւ իրենց խարդախութիւններով՝ իշխանաւորները։

4

Բոլորն ալ շնացողներ են՝ Հացագործէն վառուած փուռի պէս. Ան կրակը արծարծելէն կը դադրի՝ Խմորի զանգուածը շաղելէն ետք, մինչեւ որ ան խմորուի։

5

Մեր թագաւորին տարեդարձին օրը, Իշխանաւորները գինիին 4խանդավառութենէն 5հիւանդացան. Ան իր ձեռքը ծաղրողներուն երկարեց։

6

Արդարեւ՝ դարան մտած ըլլալով՝ Անոնք իրենց սիրտը փուռի պէս 6պատրաստեցին. Անոնց 7հացագործը ամբողջ գիշերը կը քնանայ, Առտուն փուռը կրակի բոցի պէս կը վառի։

7

Բոլորն ալ փուռի պէս տաքցան, Եւ իրենց դատաւորները սպառեցին. Անոնց բոլոր թագաւորները տապալեցան. Անոնցմէ ո՛չ մէկը ինծի կը գոչէ։


ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ

8

Եփրեմ ժողովուրդներուն հետ 8խառնուեցաւ. Եփրեմ չդարձուած շօթի պէս է։

9

Օտարները անոր ոյժը սպառեցին, իսկ ինք չի գիտեր. Նոյնիսկ ճերմակ մազեր 9բուսած են գլուխին վրայ՝՝, բայց ինք չի գիտակցիր։

10

Իսրայէլի ամբարտաւանութիւնը իր երեսին դէմ կը վկայէ, Սակայն անոնք չեն վերադառնար Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն, Զայն չեն փնտռեր՝ հակառակ այս բոլորին։

11

Նաեւ Եփրեմ միամիտ եւ 10անխելք աղաւնիի պէս եղաւ. Եգիպտոսը օգնութեան կը կանչեն, Ասորեստան կ’երթան։

12

Երբ անոնք երթան, անոնց վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ. Զանոնք պիտի իջեցնեմ՝ երկինքի թռչուններուն պէս. Զանոնք պիտի պատժեմ, ինչպէս իրենց համայնքը 11ազդարարուեր է։

13

Վա՜յ անոնց, որովհետեւ ինձմէ փախան. Կործանո՜ւմ պիտի հասնի անոնց վրայ, որովհետեւ ինծի դէմ յանցանք գործեցին։ Թէեւ ես զանոնք փրկեցի, Իրենք ինծի դէմ սուտ խօսեցան։

14

Երբ իրենց անկողինին վրայ կը գոռային, Իրենց սիրտով ինծի չաղաղակեցին։ Անոնք ցորենի ու քաղցուի համար կը զինակցին, Սակայն ինձմէ կը հեռանան։

15

Թէպէտ զանոնք խրատեցի Եւ անոնց բազուկները ուժովցուցի, Իրենք չարիք կը 12նիւթեն ինծի դէմ։

16

Անոնք կը վերադառնան, բայց, ո՛չ Ամենաբարձրին. Խաբեբայ աղեղի պէս են։ Անոնց իշխանաւորները իրենց լեզուին անպատկառութեան համար սուրով պիտի իյնան. Ասիկա զանոնք ծաղրանքի առարկայ պիտի ընէ Եգիպտոսի երկրին մէջ։



1 Եբր.՝ մերկացնէ
2 Եբր.՝ իրենց սիրտին մէջ չեն ըսեր
3 Եբր.՝ երեսիս դիմաց
4 Եբր.՝ տաքութենէն
5 Կամ՝ զայն հիւանդացուցին
6 Եբր.՝ մօտեցուցին
7 Կամ՝ բարկութիւնը
8 Եբր.՝ ինքզինք շաղեց
9 Եբր.՝ ցանուած են իր վրայ
10 Եբր.՝ անսիրտ
11 Եբր.՝ լսեր
12 Եբր.՝ հնարեն