Hosea 8
Daniel « Hosea 7 ‹ Hosea 8 › Hosea 9 » Joel
ՏԷՐԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ՝ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1Շեփորը 1բերա՛նդ դիր. Թշնամին կը խոյանայ Տէրոջ տան վրայ՝ արծիւի պէս, Քանի որ իմ ուխտս անտեսեցին Եւ իմ օրէնքիս դէմ յանցանք գործեցին։
2Իսրայէլ ինծի կ’աղաղակէ. «Իմ Աստուա՛ծս, մենք քեզ կը ճանչնա՛նք»։
3Իսրայէլ բարին մերժեց. Թշնամին զինք պիտի հետապնդէ։
4Անոնք թագաւորներ նշանակեցին, բայց ինձմով չէր. Իշխանաւորներ նշանակեցին, սակայն զանոնք չէի ճանչնար։ Իրենց արծաթով ու ոսկիով իրենց կուռքեր կերտեցին, Որպէսզի բնաջնջուին։
5Քու հորթդ մերժուեցաւ, ո՛վ Սամարիա. Իմ բարկութիւնս անոնց դէմ բորբոքեցաւ. Մինչեւ ե՞րբ պիտի չկարենան անմեղ ըլլալ։
6Արդարեւ ասիկա ալ Իսրայէլէն է. Արհեստաւո՛րը կերտեց զայն, ուրեմն Աստուած չէ. Հետեւաբար Սամարիայի հորթը կտոր-կտոր պիտի ըլլայ։
7Քանի հով սերմանեցին, փոթորիկ պիտի հնձեն. Ան հասուն ցորեն չունի. Եթէ բուսնի՝ ալիւր պիտի չտայ. Ու եթէ տայ՝ օտարները պիտի ուտեն զայն։
8Իսրայէլ կլլուեցաւ. Հիմա ազգերուն մէջ անբաղձալի իրի պէս պիտի ըլլան։
9Արդարեւ անոնք առանձնակեաց վայրենի իշու պէս Ասորեստան գացին. Եփրեմ հոմանիներ պարգեւատրեց։
10Թէպէտ իրենք ազգերը պարգեւատրեցին, ես հիմա զանոնք պիտի հաւաքեմ. Իշխանաւորներու թագաւորին բեռէն պիտի սկսին քիչ մը հանգստանալ.
112Արդարեւ Եփրեմ բագինները բազմապատկեց՝ մեղանչելու համար, Եւ այդ բագինները իրեն համար մեղանչելու պատճառ եղան։
12Իմ օրէնքիս բիւրաւոր կանոնները գրեցի անոր, Սակայն օտար բանի պէս սեպուեցան։
13Իմ ընծաներուս զոհերուն համար՝ Անոնք միս կը զոհեն, ու զայն կ’ուտեն, Բայց Տէրը անոնց չի հաւանիր։ Հիմա իրենց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ Եւ իրենց մեղքերը պիտի հատուցանէ. Անոնք Եգիպտոս պիտի վերադառնան։
14Արդարեւ Իսրայէլ իր Արարիչը մոռցաւ, ու 3մեհեաններ կառուցանեց. Յուդա պարսպապատ քաղաքները շատցուց, Բայց ես անոր քաղաքներուն վրայ կրակ պիտի թափեմ, Եւ անոր պալատները պիտի սպառէ։