Loading...

Hosea 9

Daniel  «  Hosea 8  ‹  Hosea 9  ›  Hosea 10  »  Joel


ՈՎՍԷԷ Կ’ԻՄԱՑՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՊԱՏԻԺԸ

1

Մի՛ խայտար եւ մի՛ ուրախանար ժողովուրդներուն պէս, ո՛վ Իսրայէլ, Քանի որ քու Աստուծմէդ հեռանալով պոռնկեցար։ Ամէն ցորենի կալի վրայ պոռնկութեան վարձատրութիւնը սիրեցիր։

2

Կալն ու հնձանը զանոնք պիտի չսնուցանեն, Եւ քաղցուն 1հոն պիտի 2խաբէ։

3

Անոնք Տէրոջ երկրին մէջ պիտի չբնակին, Հապա Եփրեմ Եգիպտոս պիտի վերադառնայ, Ու Ասորեստանի մէջ անմաքուր բաներ պիտի ուտեն։

4

Տէրոջ 3գինիի նուէր պիտի չընծայեն՝՝, Իրեն հաճելի պիտի չըլլան անոնք. Անոնց զոհերը սգաւորներու հացին պէս պիտի ըլլան իրենց, Բոլոր զայն ուտողները պիտի պղծուին. Արդարեւ անոնց հացը իրենց անձերուն համար է, Տէրոջ 4տունը պիտի չմտնէ։

5

Ի՞նչ պիտի ընէք հանդիսութեան օրը, Տէրոջ տօնին օրը։

6

Արդարեւ ահա՛ կործանումէն փախչելով կ’երթան. Եգիպտոս զանոնք պիտի հաւաքէ, Մեմփիս զանոնք պիտի թաղէ։ 5Եկքանը պիտի տիրանայ անոնց արծաթէ ցանկալի առարկաներուն. 6Մոշենիներ պիտի բուսնին անոնց վրաններուն մէջ։

7

7Պատիժի օրերը հասան, Հատուցումի օրերը հասան, Իսրայէլ պիտի գիտնայ։ Քու անօրէնութեանդ շատութեան Եւ քու մեծ 8ընդդիմութեանդ համար՝ Մարգարէն յիմար եղաւ, ու 9ներշնչուած մարդը՝ խելագար։

8

Եփրեմի դէտը իմ Աստուծոյս քով է. Մարգարէն իր բոլոր ճամբաներուն վրայ թռչնորսի վարմ է. Իր Աստուծոյն տան մէջ ընդդիմութեան պատճառ կ’ըլլայ։

9

Գաբաայի օրերուն պէս 10չափազանց ապականեցան. Անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ, Անոնց մեղքերը պիտի հատուցանէ։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ

10

Իսրայէլը գտայ՝ անապատի մէջ եղող խաղողի պէս, Ձեր հայրերը տեսայ՝ թզենիին կանխահաս — առաջին — պտուղին պէս, Սակայն անոնք Բահաղ-Փէովր գացին, Իրենք զիրենք այդ ամօթալի կուռքին 11նուիրաբերեցին, Եւ իրենց սիրածին պէս իրենք ալ պիղծ եղան։

11

Ինչ կը վերաբերի Եփրեմի, անոնց փառքը Թռչունի պէս պիտի թռչի, Ծնունդէն, 12արգանդէն ու յղութենէն ի վեր։

12

Թէեւ իրենց որդիները մեծցնեն, Զանոնք պիտի յափշտակեմ մինչեւ որ ո՛չ մէկը մնայ. Նաեւ վա՜յ անոնց, երբ անոնցմէ հեռանամ։

13

Եփրեմ ալ, ինչպէս Տիւրոսը տեսայ, 13հաճելի վայր մը տնկուած էր. Բայց Եփրեմ իր որդիները դուրս պիտի հանէ՝ ջարդուելու։

14

Տո՛ւր անոնց, ո՛վ Տէր. ի՞նչ պիտի տաս. Վիժո՛ղ արգանդ եւ չո՛ր ծիծեր տուր անոնց։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

15

Անոնց ամբողջ չարութիւնը Գաղգաղայի մէջ է. Արդարեւ հոն զանոնք ատեցի։ Անոնց չար արարքներուն պատճառով Զանոնք իմ տունէս պիտի վռնտեմ. Զանոնք անգա՛մ մըն ալ պիտի չսիրեմ։ Անոնց բոլոր իշխանաւորները ապստամբներ են։

16

Եփրեմ զարնուեցաւ. Անոնց արմատը չորցաւ, պտուղ պիտի չտան։ Նոյնիսկ եթէ անոնք ծնանին, Անոնց արգանդին ցանկալի պտուղը պիտի մեռցնեմ։

17

Իմ Աստուածս զանոնք պիտի մերժէ, Քանի որ իրեն մտիկ չըրին. Ուստի ազգերուն մէջ թափառական պիտի ըլլան։



1 Եբր.՝ անոր մէջ
2 Եբր.՝ խարդախէ
3 Եբր.՝ գինի պիտի չթափեն
4 Այսինքն՝ տաճարը
5 Փշոտ թուփ մը
6 Փշոտ թուփ մը
7 Եբր.՝ Այցելութեան, կամ՝ Հատուցումի
8 Եբր.՝ ատելութեանդ
9 Եբր.՝ հոգիի
10 Եբր.՝ խորապէս
11 Եբր.՝ անջատեցին
12 Եբր.՝ փորէն
13 Եբր.՝ վայելուչ