Loading...

Hosea 10

Daniel  «  Hosea 9  ‹  Hosea 10  ›  Hosea 11  »  Joel


ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԱՍԻՆ

1

Իսրայէլ բազմաճիւղ որթատունկ մըն է, Իրեն 1համեմատ պտուղ կը բերէ. Իր պտուղին առատութեան չափ բագինները բազմապատկեց, Իր երկրին 2գեղեցկութեան համեմատ արձանները 3գեղեցկացուց։

2

Անոնց սիրտը 4փոփոխական է. հիմա յանցաւոր պիտի սեպուին։ 5Տէրը անոնց բագինները պիտի փլցնէ, Անոնց արձանները պիտի կործանէ։

3

Արդարեւ հիմա պիտի ըսեն. «Մենք թագաւոր չունինք, Քանի որ Տէրոջմէն չվախցանք. Թագաւորը մեզի ի՞նչ պիտի կարենայ ընել»։

4

Խօսքեր կ’արտասանեն, երբ ուխտ կնքեն՝ սուտ 6երդում կ’ընեն. Ուստի դատավճիռը թունաւոր խոտի պէս պիտի բուսնի արտին ակօսներուն մէջ։

5

Սամարիայի բնակիչները Բեթաւանի հորթերուն համար պիտի վախնան. Արդարեւ անոր ժողովուրդը 7կուռքին վրայ պիտի սգայ, Եւ անոր քուրմերը անոր փառքին համար պիտի 8դողան, Քանի որ ան իր քովէն փոխադրուեցաւ։

6

Ան ալ Ասորեստան պիտի տարուի՝ Իբր ընծայ 9Յարեբ թագաւորին։ Եփրեմ ամօթ պիտի 10զգայ, Եւ Իսրայէլ իր ծրագիրէն պիտի ամչնայ։

7

11Սամարիա իր թագաւորով՝՝ պիտի բնաջնջուի Ջուրի մակերեսին վրայ եղող փրփուրի պէս։

8

Աւէնի բարձր տեղերը — Իսրայէլի մեղքը — պիտի կործանին. Անոնց բագիններուն վրայ փուշ ու տատասկ պիտի 12բուսնի. Լեռներուն պիտի ըսեն. «Ծածկեցէ՛ք մեզ», Եւ բլուրներուն. «Ինկէ՛ք մեր վրայ»։


ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ԻՄԱՑՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՃԻՌԸ

9

Գաբաայի օրերէն ի վեր մեղանչեցիր, ո՛վ Իսրայէլ. Անոնք հոն կեցան, Գաբաայի մէջ չարութեան որդիներուն դէմ եղած պատերազմը անոնց չհասաւ։

10

Զանոնք փափաքիս համաձայն պիտի պատժեմ. Ժողովուրդները անոնց դէմ պիտի հաւաքուին, Քանի իրենց երկու 13անօրէնութիւններուն կը կապուին։

11

Եփրեմ վարժուած երինջ մըն էր՝ որ կը սիրէր կամնել, Բայց ես անոր վայելչագեղ վիզին վրայ լուծ մը անցուցի. Եփրեմը արօրի պիտի լծեմ, Յուդա պիտի հերկէ, Յակոբ անոր ետեւէն պիտի տափանէ։

12

Արդարութեա՛մբ սերմանեցէք ձեզի, Եւ կարեկցութեա՛մբ հնձեցէք. Մշակեցէ՛ք ձեր խոպան հողերը, Քանի ատենն է Տէրը փնտռելու, Մինչեւ որ գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն 14տեղացնէ։

13

Ամբարշտութիւն 15ցանեցիք եւ անիրաւութիւն հնձեցիք. Խարդախութեան պտուղը կերաք, Քանի որ դուն 16ճամբայիդ 17ապաւինեցար, քու զօրաւորներուդ շատութեան։

14

Ուստի քու ժողովուրդիդ մէջ ժխոր պիտի բարձրանայ, Եւ բոլոր ամրոցներդ պիտի կործանին, Ինչպէս Սաղման Բեթարբէլը կործանեց պատերազմին օրը, Երբ մայրը իր որդիներուն վրայ գետին զարնուեցաւ։

15

Բեթէլ նոյնպէս պիտի ընէ ձեզի՝ Ձեր չափազանց չարութեան 18պատճառով. Արշալոյսին՝ Իսրայէլի թագաւորը բոլորովին պիտի բնաջնջուի։



1 Կամ՝ համար
2 Եբր.՝ վայելչութեան
3 Եբր.՝ վայելչագեղ ըրին
4 Եբր.՝ բաժնուած
5 Եբր.՝ Ինք
6 Եբր.՝ անէծքով երդում
7 Եբր.՝ անոր
8 Կամ՝ խայտան
9 Կամ՝ Մեծ
10 Եբր.՝ ստանայ
11 Կամ՝ Սամարիայի թագաւորը
12 Եբր.՝ ելլէ
13 Կամ՝ ակօսներուն
14 Եբր.՝ արձակէ
15 Եբր.՝ հերկեցիք
16 Այսինքն՝ ընթացքիդ
17 Եբր.՝ վստահեցար
18 Եբր.՝ երեսէն