Loading...

Hosea 11

Daniel  «  Hosea 10  ‹  Hosea 11  ›  Hosea 12  »  Joel


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԱՊՍՏԱՄԲ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՆԴԷՊ

1

«Երբ Իսրայէլ 1մանուկ էր, զինք կը սիրէի, Եւ իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի։

2

Զիրենք կը կանչէին, սակայն իրենք անոնցմէ 2կը հեռանային՝՝. Բահաղներո՛ւն զոհ կը մատուցանէին Ու 3կուռքերո՛ւն խունկ կը ծխէին։

3

Ե՛ս 4Եփրեմի քալել սորվեցուցի՝՝. Զանոնք 5իրենց բազուկներէն՝՝ կը բռնէի, Սակայն չգիտցան թէ ե՛ս զիրենք կը բուժէի։

4

Զանոնք մարդու լարերով, սիրոյ 6կապերով քաշեցի, Եւ անոնց 7վիզէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենց. Անոնց քաղցրութեամբ կերցուցի։

5

Ան Եգիպտոսի երկիրը պիտի չվերադառնայ, Հապա Ասորեստանցին պիտի ըլլայ իր թագաւորը, Քանի որ մերժեցին ինծի վերադառնալ։

6

Սուրը պիտի յարձակի անոնց քաղաքներուն վրայ, Անոնց նեցուկները պիտի 8անհետացնէ եւ սպառէ՝ Իրենց ծրագիրներուն պատճառով։

7

Իմ ժողովուրդս ինծի հանդէպ ուխտադրուժ ըլլալու հակամէտ է։ Թէպէտ զիրենք Ամենաբարձրին կը կանչեն, Երբեք մէկը զայն չի բարձրացներ։

8

Քեզ ի՞նչպէս մատնեմ, ո՛վ Եփրեմ. Քեզ ի՞նչպէս յանձնեմ, ո՛վ Իսրայէլ. Քեզ ի՞նչպէս Ադմայի նման դարձնեմ, Քեզ ի՞նչպէս Սեբոյիմի նման ընեմ։ Իմ սիրտս տակնուվրայ է ներսս, Նոյն ատեն արգահատանքներս բռնկած են։

9

Իմ 9բորբոքած բարկութիւնս՝՝ պիտի չկիրարկեմ, Եփրեմը դարձեալ պիտի չկործանեմ։ Արդարեւ ես Աստուած եմ, եւ ո՛չ թէ մարդ. Քու մէջդ եղող Սուրբն եմ. 10Բարկութեամբ պիտի չգամ՝՝։

10

Տէրոջ պիտի հետեւին, Ան առիւծի պէս պիտի մռնչէ. Երբ ան մռնչէ, Որդիները 11արեւմուտքէն պիտի 12արտորան։

11

Անոնք Եգիպտոսէն պիտի արտորան՝ ճնճղուկի պէս, Եւ Ասորեստանի երկրէն՝ աղաւնիի պէս. Զանոնք իրենց տուներուն մէջ պիտի բնակեցնեմ», կը պատգամէ Տէրը։



1 Եբր.՝ տղայ
2 Եբր.՝ կ’երթային
3 Եբր.՝ քանդակուած պատկերներո՛ւն
4 Եբր.՝ Եփրեմը քալեցուցի
5 Կամ՝ բազուկներովս
6 Եբր.՝ փոկերով
7 Եբր.՝ ծնօտէն
8 Եբր.՝ հատցնէ
9 Եբր.՝ բարկութեանս բորբոքումը
10 Կամ՝ Քաղաքը չեմ մտներ
11 Եբր.՝ ծովէն
12 Եբր.՝ դողան