Loading...

Hosea 12

Daniel  «  Hosea 11  ‹  Hosea 12  ›  Hosea 13  »  Joel


ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՒԴԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻՆ

1

Եփրեմ զիս կը շրջապատէ խարդախութեամբ, Եւ Իսրայէլի տունը՝ խաբէութեամբ. Բայց Յուդա տակաւին Աստուծմով կը տիրապետէ, Ու սուրբերուն մէջ հաւատարիմ է։

2

Եփրեմ հով կը ճարակէ, եւ արեւելեան հովը կը հետապնդէ. Ամէն օր ստութիւնն ու զրկանքը կը բազմապատկէ. Ուխտ կը կնքեն Ասորեստանի հետ, Ու իւղ կը տանին Եգիպտոս։

3

Տէրը Յուդայի հետ ալ վէճ ունի. Յակոբը անոր ճամբաներուն համեմատ պիտի 1պատժէ, Եւ անոր արարքներուն համեմատ պիտի հատուցանէ իրեն։

4

Ան 2արգանդին մէջ իր եղբօր կրունկէն բռնեց, Եւ իր կորովով Աստուծոյ հետ ըմբշամարտեցաւ։

5

Հրեշտակին հետ ըմբշամարտեցաւ ու յաղթեց, Լացաւ եւ անոր աղաչեց։ Բեթէլի մէջ 3Աստուծոյ հանդիպեցաւ, Եւ ան հոն խօսեցաւ մեզի հետ,

6

Այսինքն Տէրը՝ զօրքերու Աստուածը, Որուն 4անունը Եհովա է։


ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼ ԽՕՍՔԵՐ

7

Ուրեմն վերադարձի՛ր քու Աստուծոյդ, Պահէ՛ կարեկցութիւնն ու իրաւունքը, Եւ շա՛րունակ յուսա քու Աստուծոյդ։

8

Եփրեմ 5վաճառական է, անոր ձեռքը խաբէութեան կշիռք կայ. Ան հարստահարելը կը սիրէ։

9

Եփրեմ ըսաւ. «Ի՛րապէս հարստացայ, Ինծի ինչք ճարեցի. Իմ բոլոր վաստակներուս համար Անօրէնութիւն պիտի չգտնեն իմ վրաս՝ որ մեղք ըլլայ»։

10

Իսկ ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ. Քեզ տակաւին վրաններու մէջ պիտի բնակեցնեմ՝ հանդիսաւոր տօնի օրերուն պէս։

11

Մարգարէներուն միջոցով խօսեցայ, Տեսիլքները բազմապատկեցի, Եւ մարգարէներուն 6միջոցով 7առակներ գործածեցի՝՝։

12

Եթէ Գաղաադ ունայն է, իրենք անտարակոյս սնոտի են. Գաղգաղայի մէջ արջառներ զոհեցին, Ուստի անոնց բագինները քարակոյտերու պէս պիտի ըլլան Արտերու ակօսներուն վրայ։

13

Յակոբ Սուրիայի դաշտավայրը փախաւ, Եւ Իսրայէլ կնոջ մը համար ծառայեց. Կնոջ մը համար հօտերու պահապան եղաւ։

14

Տէրը մարգարէով մը Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանեց, Եւ ան մարգարէով մը պահպանուեցաւ։



1 Եբր.՝ հատուցանէ
2 Եբր.՝ փորին
3 Եբր.՝ անոր
4 Եբր.՝ յիշատակը
5 Եբր.՝ քանանացի վաճառական
6 Եբր.՝ ձեռքով
7 Եբր.՝ նմանցուցի