Loading...

Hosea 13

Daniel  «  Hosea 12  ‹  Hosea 13  ›  Hosea 14  »  Joel


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՎՃԻՌԸ

1

Երբ Եփրեմ խօսէր, ահուդողի կը մատնէր. Ան Իսրայէլի մէջ բարձրացաւ, Բայց Բահաղով յանցաւոր եղաւ, ու մեռաւ։

2

Հիմա վերստին կը մեղանչեն. Իրենց համար 1ձուլածոյ կուռքեր՝՝ կը կերտեն իրենց արծաթով, Կուռքեր՝ իրենց 2խելքին համեմատ, Որոնք բոլորը արհեստաւորի գործեր են։ Անոնց համար կ’ըսեն. «Զոհ մատուցանող մարդիկը թող հորթերը համբուրեն»։

3

Հետեւաբար անոնք առտուան ամպին պէս պիտի ըլլան, Կանուխ իջած վաղանցիկ ցօղին պէս, Կալէն մրրիկով քշուած մղեղին պէս, Ու ծխնելոյզէն ելած ծուխին պէս։

4

Սակայն ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ. Ինձմէ զատ ուրիշ ո՛չ մէկ Աստուած 3ճանչցիր, Քանի որ ինձմէ զատ ուրիշ Փրկիչ չկայ։

5

Ես քեզ անապատին մէջ ճանչցայ, Չորուցամաք երկրի մը մէջ։

6

Անոնք իրենց արօտին համեմատ կշտացան. Կշտացան, եւ իրենց սիրտը գոռոզացաւ։ Հետեւաբար զիս մոռցան։

7

Ուստի անոնց 4մռնչող առիւծի՝՝ պէս պիտի ըլլամ, Ճամբային քով՝ ինձի պէս պիտի 5դարանիմ։

8

Իր ձագերէն զրկուած արջի պէս 6անոնց վրայ պիտի յարձակիմ՝՝. Անոնց սիրտին պատեանը պիտի պատռեմ. Զանոնք հոն պիտի լափեմ՝ մատակ առիւծի պէս. Զանոնք դաշտի գազանները պիտի պատառեն։

9

Դո՛ւն քեզ կործանեցիր, ո՛վ Իսրայէլ. Միայն ինձմէ է քու օգնութիւնդ։

10

Ո՞ւր է այժմ քու թագաւորդ, Որ քեզ ազատէ բոլոր քաղաքներուդ մէջ. Ո՞ւր են քու դատաւորներդ, որոնց մասին ըսիր. «Ինծի թագաւոր եւ իշխանաւորներ տուր»։

11

Իմ բարկութեամբս քեզի թագաւոր տուի, Ու ցասումովս զայն ետ առի։

12

Եփրեմի անօրէնութիւնը փաթթուած է, Անոր մեղքը պահեստի դրուած է.

13

Անոր վրայ ծննդաբերող կնոջ երկունքի ցաւերը պիտի հասնին։ Ան իմաստուն որդի չէ, Թէ ոչ 7արգանդին բերանը՝՝ ա՛յնչափ ատեն չէր կենար։

14

Զանոնք 8դժոխքին 9զօրութենէն պիտի փրկեմ, Զանոնք մահէն պիտի ազատեմ։ Ո՛վ մահ, ո՞ւր է ժանտախտդ. Ո՛վ դժոխք, ո՞ւր է աւերումդ։ Իմ աչքերէս 10զղջումը պիտի ծածկուի։

15

Թէեւ ան իր եղբայրներուն մէջ պտղաբեր ըլլայ, Արեւելեան հովը պիտի գայ, Անապատէն Տէրոջ հովը պիտի բարձրանայ, Եւ անոր աղբիւրը պիտի ցամքեցնէ, Անոր աղբերակը պիտի չորցնէ։ Անոր բոլոր ցանկալի իրերուն գանձարանը պիտի կողոպտուի։

16

Սամարիա պիտի աւերուի, Քանի որ իր Աստուծոյն դէմ ընդվզեցաւ. Անոնք սուրով պիտի իյնան, Անոնց երախաները գետին պիտի զարնուին, Ու յղի կիները պիտի ճեղքուին։



1 Եբր.՝ ձուլածոյ պատկերներ
2 Եբր.՝ հանճարին
3 Կամ՝ ճանչցար
4 Կամ՝ վագրի
5 Եբր.՝ հսկեմ
6 Եբր.՝զանոնք պիտի դիմաւորեմ
7 Եբր.՝ կոտրելու տեղը
8 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանին
9 Եբր.՝ ձեռքէն
10 Կամ՝ արգահատանքը