Loading...

Hosea 14

Daniel  «  Hosea 13  ‹  Hosea 14  ›  Joel 1  »  Joel


ՈՎՍԷԷԻ ԱՂԵՐՍԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ

1

Ո՛վ Իսրայէլ, վերադարձի՛ր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ, Որովհետեւ քու անօրէնութեանդ պատճառով գայթեցար։

2

Խօսքե՛ր առէք ձեզի հետ ու Տէրո՛ջ վերադարձէք. Ըսէ՛ք անոր. «Ներէ՛ բոլոր անօրէնութիւնները, Եւ բարութեա՛մբ ընդունէ մեզ, Ու մեր շրթունքներուն 1զոհերը պիտի 2մատուցանենք քեզի։

3

Ասորեստանցին մեզ պիտի չփրկէ. Ձիերու վրայ պիտի չհեծնենք. Անգա՛մ մըն ալ մեր ձեռքերուն գործին պիտի չըսենք. “Դուն մեր Աստուածն ես”, Քանի որ քո՛ւ քովդ որբը գթութիւն կը գտնէ»։


ՏԷՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ

4

Անոնց ուխտադրժութիւնը պիտի բուժեմ, Զանոնք յօժարակամ պիտի սիրեմ, Քանի որ իմ բարկութիւնս անոնցմէ հեռացաւ։

5

Ցօղի պէս պիտի ըլլամ Իսրայէլի. Ան շուշանի պէս պիտի ծաղկի, Եւ իր արմատները Լիբանանի մայրիներուն պէս պիտի 3արձակէ։

6

Անոր մատաղատունկերը պիտի տարածուին. Ան ձիթենիին փառաւորութիւնը պիտի ունենայ, Ու Լիբանանի բուրմունքը։

7

4Անոր հովանիին տակ բնակողները պիտի վերադառնան՝՝, 5Ցորենի պէս պիտի վերակենդանանան՝՝, Եւ որթատունկի պէս պիտի բողբոջին. Անոնք Լիբանանի գինիին համբաւը պիտի ունենան։

8

Եփրեմ պիտի ըսէ. «Ա՛լ ի՞նչ գործ ունիմ կուռքերուն հետ»։ Ես ալ պիտի պատասխանեմ եւ անոր վրայ հսկեմ. Ես կանաչ եղեւինի պէս եմ, Քու պտուղդ ինձմէ կը 6հայթայթուի։

9

Ո՞վ է իմաստուն՝ որ ասոնք հասկնայ, Կամ խելացի՝ որ ասոնք գիտնայ. Որովհետեւ Տէրոջ ճամբաները ուղիղ են, Արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն, Բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գայթին։



1 Եբր.՝ զուարակները
2 Եբր.՝ հատուցանենք
3 Եբր.՝ զարնէ
4 Կամ՝ Անոնք վերադառնալով պիտի նստին անոր հովանիին տակ
5 Կամ՝ Ցորենը պիտի վերակենդանացնեն
6 Եբր.՝ գտնուի