Isaiah 1
Song of Solomon « Song of Solomon 8 ‹ Isaiah 1 › Isaiah 2 » Jeremiah
1
Ամովսի որդիին՝ Եսայիի տեսիլքը, որ Յուդայի ու Երուսաղէմի մասին տեսաւ՝ Յուդայի թագաւորներուն Ոզիայի, Յովաթամի, Աքազի ու Եզեկիայի օրերը.—
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
2Լսէ՛, ո՛վ երկինք, եւ ունկնդրէ՛, ո՛վ երկիր, Որովհետեւ 1Տէրը կը խօսի. «2Զաւակներ սնուցանեցի ու մեծցուցի, Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան։
3Եզը իր սեփականատէրը կը ճանչնայ, Ու էշը՝ իր տիրոջ մսուրը, Բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար, Իմ ժողովուրդս չ’ըմբռներ»։
4Վա՜յ մեղաւոր ազգին, Անօրէնութեամբ ծանրաբեռնուած ժողովուրդին, Չարագործներու զարմին, ապականած զաւակներուն. Անոնք Տէրը լքեցին, Իսրայէլի Սուրբը անարգեցին, Ու ետ քաշուեցան։
5Ինչո՞ւ դարձեալ 3պատժուիք, Երբ ա՛լ աւելի պիտի ապստամբիք։ Ամբողջ գլուխը հիւանդ է, Եւ ամբողջ սիրտը՝ ուժաթափ։
6Ոտքին ներբանէն մինչեւ գլուխը՝ Անոր վրայ ո՛չ մէկ առողջ տեղ կայ, Հապա՝ վէրքեր, հարուածներ, ու թարմ 4խոցեր. Անոնք չգոցուեցան, չփաթթուեցան, Ո՛չ ալ իւղով կակուղցան։
7Ձեր 5երկիրը աւերուած է, Ձեր քաղաքները՝ կրակով այրուած. Ձեր 6արտերը օտարները կը լափեն՝ ձեր աչքերուն առջեւ, Եւ անոնք խոպանացած են՝ օտարներէն 7կործանուելով։
8Սիոնի աղջիկը 8լքուած է՝ այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս, Վարունգի արտի մէջ եղած հիւղի պէս, Պաշարուած քաղաքի պէս։
9Եթէ զօրքերու Տէրը մեզի քիչ մը վերապրող թողուցած չըլլար՝ Մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք, Ու Գոմորի պիտի նմանէինք։
10Լսեցէ՛ք Տէրոջ խօսքը, ո՛վ Սոդոմի մեծաւորներ, Ունկնդրեցէ՛ք մեր Աստուծոյն օրէնքը, ո՛վ Գոմորի ժողովուրդ.
11«Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը,— կ’ըսէ Տէրը.— Ձեր խոյերուն ողջակէզներէն Ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ. Զուարակներուն, գառներուն Եւ նոխազներուն արիւններէն չեմ ախորժիր։
12Երբ կու գաք՝ իմ առջեւս երեւնալու, Ո՞վ պահանջեց 9ձեզմէ՝ որ այսպէս՝՝ իմ գաւիթներս կոխկռտէք։
13Ա՛լ ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք. Ձեր խունկը ինծի գարշելի է։ 10Ամսագլուխներուն, Շաբաթներուն Եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար հանդուրժել. Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է։
14Իմ անձս կ’ատէ ձեր ամսագլուխներն ու հանդիսաւոր տօները. Անոնք իմ վրաս ծանրութիւն եղան, Զանոնք կրելէն հիւծեցայ։
15Ուստի երբ ձեր ձեռքերը տարածէք՝ Աչքերս ձեզմէ թաքուն պիտի պահեմ, Նաեւ երբ ձեր աղօթքները շատցնէք՝ պիտի չլսեմ, Որովհետեւ ձեր ձեռքերը արիւնով լեցուն են։
16Լուացուեցէ՛ք, 11մաքրուեցէ՛ք, Իմ աչքերուս առջեւէն հեռացուցէ՛ք ձեր չար արարքները, Չարիք գործելէն դադրեցէ՛ք.
17Բարի՛ք ընել սորվեցէք, Իրաւո՛ւնքը փնտռեցէք, 12երջանկացուցէ՛ք զրկուածը, Որբը արդարութեա՛մբ դատեցէք, ու այրիին իրաւո՛ւնքը պաշտպանեցէք։
18Ուրեմն եկէ՛ք վիճաբանինք,— կ’ըսէ Տէրը.— Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են՝ Ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան, Եթէ որդան կարմիրի նման են՝ Ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան։
19Եթէ ուզէք հնազանդիլ՝ Երկրին բարիքը պիտի ուտէք.
20Բայց եթէ զիս մերժելով ընդվզիք, Սուրը պիտի սպառէ ձեզ. Արդարեւ Տէրոջ բերանը խօսեցաւ ասիկա»։
ՄԵՂԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԸ
21Ի՜նչպէս պոռնկեցաւ այդ հաւատարիմ բերդաքաղաքը։ Ան իրաւունքով լեցուն էր, Եւ անոր մէջ արդարութիւնը կը 13բնակէր. Բայց հիմա մարդասպաններու բնակարան եղած է։
22Քու արծաթդ 14խարամ դարձաւ, Գինիիդ մէջ ջուր խառնուած է։
23Քու իշխանաւորներդ ապստամբ ու գողերու ընկերակից եղան. Բոլորն ալ կաշառք սիրելով՝ պարգեւներու հետամուտ կ’ըլլան. Անոնք որբը արդարութեամբ չեն դատեր, Եւ այրիին դատը անոնց առջեւ չի գար։
24Հետեւաբար զօրքերու Տէրը՝ Եհովան, Իսրայէլի Հզօրը, սա՛ կը պատգամէ. «Վա՜յ, իմ 15հակառակորդներուս պիտի հատուցանեմ՝՝, Ու թշնամիներէս վրէժ պիտի առնեմ.
25Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի դարձնեմ, 16Խարամդ պիտի զտեմ՝ 17որպէս թէ բորակով՝՝, Եւ ամբողջ անագդ պիտի 18զատեմ։
26Քու դատաւորներդ պիտի 19վերահաստատեմ՝ նախկինին պէս, Ու խորհրդականներդ՝ ինչպէս սկիզբը. Անկէ ետք դուն պիտի կոչուիս Արդարութեան քաղաք, Հաւատարիմ բերդաքաղաք»։
27Սիոնը պիտի փրկուի դատաստանով Եւ անոր դարձի եկողները՝ արդարութեամբ։
28Բայց յանցաւորներն ու մեղաւորները միասին պիտի բեկանին. Տէրը լքողները պիտի 20բնաջնջուին։
29Արդարեւ ձեր ցանկացած բեւեկնիներէն պիտի ամչնաք, Եւ ձեր ընտրած պարտէզներէն պիտի շիկնիք։
30Տերեւները թառամած բեւեկնիի պէս պիտի ըլլաք, Ջուր չունեցող պարտէզի պէս։
31Զօրաւորը խծուծի պէս պիտի ըլլայ, Եւ անոր գործը՝ կայծի նման. Երկուքն ալ միասին պիտի այրին, Ու ո՛չ մէկը պիտի մարէ։