Isaiah 2
Song of Solomon « Isaiah 1 ‹ Isaiah 2 › Isaiah 3 » Jeremiah
ԱՆՎԱԽՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ
1Ամովսի որդիին՝ Եսայիի տեսիլքին խօսքը, Յուդայի ու Երուսաղէմի մասին.—
2Վերջին օրերը Տէրոջ տան լեռը՝ Լեռներուն գագաթը պիտի հաստատուի, Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Ու բոլոր 1հեթանոսները 2հոն պիտի խուժեն՝՝։
3Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան եւ ըսեն. «Եկէ՛ք, ելլե՛նք Եհովայի լեռը, Յակոբի Աստուծոյն տունը, Որպէսզի մեզի սորվեցնէ իր ճամբաները Եւ քալենք անոր ուղիներուն մէջ»։ Արդարեւ օրէնքը Սիոնէն պիտի ելլէ, Ու Տէրոջ խօսքը՝ Երուսաղէմէն.
4Ան հեթանոսներուն մէջ պիտի դատէ, Շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ, Ու անոնք իրենց սուրերէն խոփեր պիտի դարբնեն, Եւ իրենց նիզակներէն՝ յօտոցներ։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ, Եւ ա՛լ պատերազմիլ պիտի չսորվին։
5Ո՛վ Յակոբի տունը, Եկէ՛ք Տէրոջ լոյսով քալենք։
ՅՈԽՈՐՏԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ
6Արդարեւ դուն քու ժողովուրդդ՝ Յակոբի տունը երեսէ ձգեցիր, Որովհետեւ արեւելքի կախարդներով լեցուեցան, Փղշտացիներու պէս գուշակներ եղան, Եւ օտարազգիներու զաւակներուն հետ 3դաշնակցեցան։
7Իրենց երկիրը արծաթով ու ոսկիով լեցուեցաւ, Եւ իրենց գանձերը 4անթիւ եղան. Իրենց երկիրը ձիերով լեցուեցաւ, Ու իրենց կառքերը անթիւ են։
8Չաստուածներով ալ լեցուն է իրենց երկիրը. Իրենց ձեռքերուն գործերուն կ’երկրպագեն, Անոնց՝ որ իրենց մատները շինեցին։
9Ռամիկ մարդը նկուն եղաւ, Ազնուական մարդը նուաստացաւ. Անոնց մի՛ ներեր։
10Տէրոջ երկիւղէն Եւ անոր մեծափառութեան վայելչութենէն՝ Վէ՛մին մէջ մտիր ու հողի՛ն մէջ պահուըտէ։
11Մարդուն խրոխտ աչքերը պիտի նուաստանան, Եւ մարդոց գոռոզութիւնը պիտի ցածնայ. Այդ օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։
12Արդարեւ զօրքերու Տէրոջ օր մը պիտի ըլլայ՝ Բոլոր ամբարտաւաններուն ու բարձրամիտներուն դէմ, Բոլոր 5հպարտներուն դէմ, Եւ անոնք պիտի խոնարհին.
13Նաեւ Լիբանանի բոլոր բարձր ու 6վեհ մայրիներուն դէմ Եւ Բասանի բոլոր կաղնիներուն դէմ,
14Բոլոր բարձր լեռներուն դէմ Ու բոլոր վեհ բլուրներուն դէմ,
15Բոլոր բարձր աշտարակներուն դէմ Եւ բոլոր ամուր պարիսպներուն դէմ,
16Թարսիսի բոլոր նաւերուն դէմ Ու բոլոր ցանկալի իրերուն դէմ։
17Մարդուն խրոխտութիւնը պիտի ցածնայ, Մարդոց գոռոզութիւնը պիտի նուաստանայ, Եւ այդ օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ.
18Չաստուածները ամբողջովին պիտի անհետանան։
19Մարդիկ վէմերու քարայրները Ու 7երկրի խոռոչները պիտի մտնեն՝ Տէրոջ երկիւղէն Եւ անոր մեծափառութեան վայելչութենէն, Երբ ան կանգնի երկիրը ահաբեկելու։
20Այդ օրը մարդ խլուրդներուն ու ջղջիկներուն պիտի նետէ Իր արծաթէ չաստուածներն ու ոսկիէ չաստուածները, Որ իրեն շիներ էր՝ անոնց երկրպագելու համար,
21Որպէսզի Տէրոջ երկիւղէն Եւ անոր մեծափառութեան վայելչութենէն՝ Վէմերուն ծակերը մտնէ, Ու ժայռերուն ծերպերը, Երբ ան կանգնի երկիրը ահաբեկելու։
22Հրաժարեցէ՛ք մարդէն, որուն շունչը իր ռունգերուն մէջ է. Արդարեւ ան ի՞նչ բանի մէջ վստահելի կը համարուի։