Loading...

Isaiah 3

Song of Solomon  «  Isaiah 2  ‹  Isaiah 3  ›  Isaiah 4  »  Jeremiah


ՔԱՈՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

1

Արդարեւ ահա՛ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան Երուսաղէմէն եւ Յուդայէն պիտի վերցնէ նեցուկն ու ցուպը, Հացին ամբողջ նեցուկը եւ ջուրին ամբողջ նեցուկը,

2

Զօրաւորն ու պատերազմիկը, Դատաւորն ու մարգարէն, դիւթն ու երէցը,

3

Յիսնապետն ու պատուաւոր մարդը, Խորհրդականը, 1վարպետ արհեստաւորն ու խելացի հմայողը։

4

Անոնց վրայ տղանե՛ր իշխանաւոր պիտի կարգեմ, Անոնց վրայ երախանե՛ր պիտի տիրեն։

5

Ժողովուրդը պիտի ճնշուի, Մէկը միւսէն, եւ իւրաքանչիւրը իր ընկերէն. 2Մանուկները 3երէցներուն դէմ պիտի հպարտանան, Եւ անարգները՝ պատուականներուն դէմ։

6

Այն ատեն մարդ իր հօր տունէն եղող եղբայրը պիտի բռնէ ու ըսէ. «Դուն հանդերձ ունիս, Մեր վրայ մեծաւո՛ր եղիր, Եւ այս աւերակը քու ձեռքիդ տակ թող ըլլայ»։

7

Այդ օրը ան 4երդում պիտի ընէ՝՝ ու ըսէ. «Ես 5առաջնորդ չեմ ըլլար, Որովհետեւ իմ տանս մէջ ո՛չ հաց կայ, ո՛չ ալ հանդերձ. Զիս մեծաւոր մի՛ նշանակէք ժողովուրդին վրայ»։

8

Արդարեւ Երուսաղէմ 6կործանեցաւ եւ Յուդա ինկաւ, Քանի որ անոնց լեզուներն ու արարքները Տէրոջ դէմ են, Որպէսզի դառնացնեն անոր փառաւոր աչքերը։

9

Անոնց երեսին տեսքը իրենց դէմ կը վկայէ, Եւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր։ Վա՜յ անոնց անձին, որովհետեւ իրենց վրայ չարիք բերին։

10

Արդարներուն ըսէ՛ք թէ բարօրութիւն պիտի ունենան, Որովհետեւ իրենց արարքներուն պտուղը պիտի ուտեն։

11

Վա՜յ ամբարիշտին, չարիք պիտի ըլլայ անոր, Քանի որ անոր ձեռքերուն գործերուն փոխարէնը պիտի տրուի իրեն։

12

Բայց իմ ժողովուրդս ճնշողները երախանե՛ր են, Եւ անոր վրայ կինե՛ր կը տիրեն։ Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու առաջնորդներդ քեզ կը մոլորեցնեն, Եւ քու 7ճամբաներուդ ուղղութիւնը կը շրջեն՝՝։


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԴԱՏԷ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

13

Տէրը կայնած է դատ վարելու, Ոտքի ելած է՝ ժողովուրդները դատելու։

14

Տէրը դատաստանի պիտի 8կանչէ Իր ժողովուրդին երէցներն ու իշխանաւորները՝ ըսելով. «Արդարեւ դուք այգին այրեցիք, Եւ դժբախտէն յափշտակուածը ձեր տունն է։

15

Ի՞նչ իրաւունքով իմ ժողովուրդս կը ճզմէք, Ու դժբախտներուն երեսը կը 9կոխկռտէք», Կը պատգամէ Եհովան, զօրքերու Տէրը։

16

Ապա Տէրը սա՛ ըսաւ. «Քանի Սիոնի աղջիկները խրոխտացան Եւ բարձրապարանոց կը քալեն՝ Լկտի ակնարկներով, Մանրաքայլ կ’երթան Ու ոտքերով շաչիւն կը հանեն,

17

Տէրն ալ Սիոնի աղջիկներուն գագաթը պիտի կնտացնէ, Եւ անոնց մերկութիւնը պիտի բանայ»։


ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԻՆԵՐՈՒՆ

18

Այդ օրը Տէրը պիտի հանէ Անոնց շքեղ ոտքի մեհեւանդները, Ցանցակերպ ծամակալները եւ մահիկները,

19

Գինդերը, ապարանջաններն ու շղարշները,

20

Խոյրերը, ոտքի շղթաներն ու կամարները, Անուշահոտութիւններու սրուակները, հմայեակները,

21

Մատանիները եւ քիթի օղակները,

22

Պատուական զգեստները, վերարկուները, Ծածկոցներն ու քսակները,

23

Հայելիներն ու շապիկները, Խոյրերն ու քօղերը.

24

Որպէսզի բուրմունքի տեղ նեխութիւն ըլլայ, Գօտիի տեղ՝ չուան, 10Յարդարուած հիւսքերու տեղ՝ կնտութիւն, Լանջագեղ կամարի տեղ՝ քուրձէ գօտի, Ու գեղեցկութեան տեղ՝ խալ։

25

Քու 11մարդիկդ սուրով պիտի իյնան, Եւ զօրաւորներդ՝ պատերազմի մէջ։

26

Անոր դռները պիտի տառապին ու սգան, Եւ ան 12ամայանալով՝ գետինը պիտի նստի։



1 Եբր.՝ իմաստուն
2 Եբր.՝ Տղաները
3 Կամ՝ ծերերուն
4 Եբր.՝ ձայնը պիտի բարձրացնէ
5 Եբր.՝ դարմանող
6 Եբր.՝ գայթեցաւ
7 Եբր.՝ ուղիներուդ ճամբան կը կլլեն
8 Եբր.՝ բերէ
9 Եբր.՝ մանրէք
10 Եբր.՝ Շինուած
11 Եբր.՝ այր մարդիկդ
12 Եբր.՝ պարպուելով