Isaiah 8
Song of Solomon « Isaiah 7 ‹ Isaiah 8 › Isaiah 9 » Jeremiah
ԵՍԱՅԻԻ ՈՐԴԻՆ ՈՐՊԷՍ ՆՇԱՆ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
1Տէրը ինծի ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ պնակիտ մը առ եւ անոր վրայ մարդու 1գրիչով գրէ. “Մահեր-Շալալ-Հաշ-Պազին”»։
2Ես ալ ինծի հետ հաւատարիմ վկաներ առի, Ուրիա քահանան ու Բարաքիայի որդին՝ Զաքարիան, որ վկայեն։
3Մերձեցայ մարգարէուհիին, եւ ան յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Անոր անունը 2“Մահեր-Շալալ-Հաշ- Պազ” դիր.
4որովհետեւ դեռ տղան “հայրս եւ մայրս” կանչելը 3չսորված՝ Դամասկոսի հարստութիւններն ու Սամարիայի աւարը Ասորեստանի թագաւորին առջեւ պիտի տարուին»։
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
5Տէրը դարձեալ խօսեցաւ ինծի եւ ըսաւ.
6«Քանի այս ժողովուրդը Սիլովայի կամաց 4հոսող ջուրերը 5կը մերժէ՝՝ եւ Ռասինի ու Ռովմելայի որդիով կը բերկրի,
7Ահա՛ Տէրը իրենց վրայ Գետին զօրաւոր եւ առատ ջուրերը, Այսինքն՝ Ասորեստանի թագաւորն ու անոր ամբողջ 6զօրութիւնը պիտի բարձրացնէ. Անիկա իր ամբողջ հունէն վեր պիտի ելլէ Եւ իր բոլոր 7ափերը պիտի ողողէ՝՝։
8Յուդայի մէջէն անցնելով՝ պիտի յորդի ու 8հեռանայ, Մինչեւ մարդոց վիզը պիտի հասնի, Եւ անոր թեւերուն տարածումը Քու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ո՛վ Էմմանուէլ»։
99Դաշնակցեցէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներ. բայց պիտի խորտակուիք։ Ունկնդրեցէ՛ք դուք բոլորդ, ո՛վ հեռաւոր երկիրներ բնակողներ. Գօտեւորուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք. Գօտեւորուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք.
10Խորհրդակցեցէ՛ք, սակայն պիտի ձախողիք. Խօ՛սք մը ըսէք, սակայն ան պիտի չհաստատուի. Քանի որ Աստուած մեզի հետ է։
ՏԷՐԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
11Արդարեւ Տէրը հզօր ձեռքով սա՛ խօսեցաւ ինծի, Ու խրատեց զիս թէ պէտք չէ այս ժողովուրդին ճամբային մէջ քալել՝ ըսելով.
12«Դաւադրութիւն մի՛ 10կոչէք Ինչ բան որ այս ժողովուրդը դաւադրութիւն կը կոչէ. Անոր երկիւղով մի՛ վախնաք ու մի՛ ահաբեկիք։
13Միա՛յն զօրքերու Տէրը 11փառաւորեցէք. Ի՛նք ըլլայ ձեր երկիւղը, ի՛նք ըլլայ ձեր ահաբեկումը։
14Ինք ձեզի սրբարան պիտի ըլլայ, Իսկ Իսրայէլի երկու տուներուն՝ Սայթաքումի քար եւ գլորելու վէմ, Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն՝ վարմ ու որոգայթ։
15Անոնցմէ շատերը պիտի գայթին, Եւ իյնալով ջախջախուին. Որոգայթի մէջ իյնալով պիտի բռնուին»։
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՄԵՌԵԼԱՀԱՐՑՈՒԹԵՆԷ
16Կապէ՛ վկայութիւնը, Կնքէ՛ օրէնքը 12աշակերտներուս մէջ։
17Ուրեմն ես պիտի սպասեմ Տէրոջ, Որ Յակոբի տունէն իր երեսը ծածկած է, Եւ անո՛ր պիտի յուսամ։
18Ահա՛ւասիկ ես ու այն զաւակները՝ որ Տէրը ինծի տուաւ, Նշաններ եւ սքանչելիքներ ըլլալու Իսրայէլի մէջ՝ Սիոն լեռը բնակող զօրքերու Տէրոջմէն։
19Ու երբ ձեզի ըսեն. «Մրմնջող եւ 13քրթմնջող վհուկներո՛ւն Ու նշանագէտներո՛ւն հարցուցէք», Այն ատեն պատասխանեց՛էք. «Ժողովուրդը իր Աստուծոյն պիտի չհարցնէ՞. Ապրողներուն համար մեռեալներո՞ւն պիտի հարցնէ»։
20Օրէնքին ու վկայութեան թող հարցնեն, Եթէ այս խօսքին համաձայն չխօսին, Անոնք ամենեւին լոյս չունին։
ՏԱԳՆԱՊԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԸ
21Ժողովուրդը վիշտ ու սով կրելով պիտի անցնի անկէ. Երբ անօթենայ, պիտի բարկանայ, Իր թագաւորը եւ իր Աստուածը պիտի անիծէ, ու վեր նայի։
22Դէպի երկիր պիտի նայի, Եւ ահա՛ տագնապ ու խաւար կայ, տուայտանքի մէգ. Դէպի մթութիւն պիտի քշուի։