Isaiah 20
Song of Solomon « Isaiah 19 ‹ Isaiah 20 › Isaiah 21 » Jeremiah
ՄԵՐԿ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՆՇԱՆԸ
1Այն տարին երբ Տարաթան՝ Ասորեստանի Սարգոն թագաւորէն ղրկուելով՝ Ազովտոս գնաց, եւ Ազովտոսի դէմ պատերազմելով զայն գրաւեց,
2այդ ատեն Տէրը Ամովսի որդիին՝ Եսայիի 1միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, քակէ՛ քուրձդ մէջքէդ, եւ հանէ՛ կօշիկներդ՝ ոտքերէդ»։ Ան ալ այդպէս ըրաւ՝ մերկ ու բոկոտն շրջելով։
3Տէրը ըսաւ. «Ինչպէս իմ ծառաս՝ Եսայի երեք տարի մերկ ու բոկոտն շրջեցաւ, որպէս նշան եւ յարացոյց Եգիպտոսի ու Եթովպիայի համար,
4նոյնպէս Ասորեստանի թագաւորը Եգիպտացիները պիտի գերեվարէ եւ Եթովպիացիները տարագրէ, երիտասարդներն ու ծերերը՝ մերկ, բոկոտն եւ իրենց յետոյքը բաց՝ Եգիպտոսի 2նախատինք ըլլալու համար։
5Անոնք պիտի զարհուրին եւ ամչնան Եթովպիայէն՝ որ իրենց յոյսն էր, ու Եգիպտոսէն՝ որ իրենց պարծանքն էր։
6Այդ օրը այս ծովեզերքին բնակիչները պիտի ըսեն. “Ահա՛ այսպէս եղաւ մեր 3ապաստանարանը ուր մենք փախանք՝ օգնութիւն գտնելու եւ Ասորեստանի 4թագաւորէն ազատելու համար։ Ուրեմն մենք ի՞նչպէս խոյս պիտի տանք”»։