Loading...

Isaiah 21

Song of Solomon  «  Isaiah 20  ‹  Isaiah 21  ›  Isaiah 22  »  Jeremiah


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՆԿՈՒՄԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

1

Ծովու անապատին պատգամը.— Հարաւէն 1խոյացող փոթորիկներուն պէս Ան անապատէն՝ ահաւոր երկրէն կու գայ։

2

Ինծի դժնդակ տեսիլք մը յայտնուեցաւ.— 2Դաւաճանը կը դաւաճանէ՝՝, ու կործանողը կը կործանէ։ Ո՛վ Եղամացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք։ Անոր պատճառած ամբողջ հառաչանքը դադրեցուցի։

3

Հետեւաբար մէջքս անձկութեամբ լեցուեցաւ, Ու ծննդաբերող կնոջ տագնապներուն պէս տագնապներ համակեցին զիս։ 3Այնպէս կծկուած եմ՝ որ չեմ կրնար լսել, Այնպէս շփոթած եմ՝ որ չեմ կրնար տեսնել՝՝։

4

Սիրտս մոլորեցաւ, ահուդողը զիս զարհուրեցուց. Իմ 4հաճելի 5գիշերս ինծի սարսուռի գիշերի 6վերածեց։

5

Սեղան կը պատրաստեն, 7դէտեր կը նշանակեն՝՝, կ’ուտեն, կը խմեն. Կանգնեցէ՛ք, ո՛վ իշխանաւորներ, օծեցէ՛ք վահանները,

6

Քանի որ Տէրը ինծի սա՛ ըսաւ. «Գնա՛, դէ՛տ մը 8նշանակէ, որ տեսածը իմացնէ»։

7

Ան ալ տեսաւ 9հեծեալներ, երկու ձիաւոր, Էշերու վրայ հեծեալներ եւ ուղտերու վրայ հեծեալներ։ Ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ,

8

Եւ առիւծի պէս աղաղակեց. «Ո՛վ Տէր, ես ցերեկը շարունակ իմ դիտանոցիս մէջ կը կենամ, Ամբողջ գիշերն ալ իմ պահպանութեանս տեղը կը կայնիմ։

9

Ահա՛ հեծեալ մարդիկ, Երկու ձիաւոր կու գան»։ Նաեւ 10ըսաւ. «Ինկա՜ւ Բաբելոն, ինկա՜ւ, Եւ անոր աստուածներուն բոլոր 11արձանները Կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։

10

Ո՛վ իմ կամնուածներս ու կալիս 12ցորենը, Ես ձեզի իմացուցի ինչ որ լսեցի Զօրքերու Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն։


ՊԱՏԳԱՄ ԵԴՈՎՄԻ ՄԱՍԻՆ

11

13Եդովմի պատգամը.— Սէիրէն կը գոչեն ինծի. «Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ. Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ»։

12

Պահապանը կ’ըսէ. «Առտուն կու գայ, նաեւ գիշերը. Եթէ կ’ուզէք հարցնել՝ հարցուցէ՛ք. Վերադարձէ՛ք ու եկէ՛ք»։


ՊԱՏԳԱՄ ԱՐԱԲԻԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

13

Արաբիայի պատգամը.— Արաբիայի անտառին մէջ պիտի գիշերէք, Ո՛վ Դեդանացիներու կարաւաններ։

14

Ո՛վ Թեմայի երկրի բնակիչներ, Ծարաւին ջո՛ւր բերէք, Փախստականին հացո՛վ ընդառաջեցէք.

15

Արդարեւ անոնք կը փախչին սուրերու առջեւէն, Քաշուած սուրին առջեւէն, Լարուած աղեղին առջեւէն, Ու սաստիկ պատերազմին առջեւէն։

16

Արդարեւ Տէրը ինծի սա՛ ըսաւ. «Մէկ տարուան մէջ՝ վարձկանի տարիներու պէս՝ Կեդարի ամբողջ փառքը պիտի 14վերջանայ,

17

Եւ աղեղնաւորներու թիւին մնացորդը՝ Կեդարի որդիներուն զօրաւորները պիտի քիչնան, Որովհետեւ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը խօսեցաւ»։



1 Եբր.՝ անցնող
2 Եբր.՝ Անհաւատարիմը անհաւատարիմ կ’ըլլայ
3 Կամ՝ Լսելէն կծկուած եմ. տեսնելէն շփոթած եմ
4 Եբր.՝ հաւնած
5 Եբր.՝ մթնշաղս
6 Եբր.՝ ըրաւ
7 Եբր.՝ դիտանոցէն կը դիտեն
8 Եբր.՝ կայնեցուր
9 Կամ՝ կառք մը
10 Եբր.՝ խօսեցաւ եւ ըսաւ
11 Եբր.՝ քանդակուած պատկերները
12 Եբր.՝ որդին
13 Եբր.՝ Դումայի
14 Եբր.՝ հատնի