Isaiah 22
Song of Solomon « Isaiah 21 ‹ Isaiah 22 › Isaiah 23 » Jeremiah
ՊԱՏԳԱՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ
1Տեսիլքի ձորին պատգամը.— Ուրեմն քեզի ի՞նչ եղաւ՝ Որ բոլորդ տանիքներու վրայ ելաք,
2Ո՛վ վայնասունով լեցուած Դղրդացող քաղաք, հրճուալից բերդաքաղաք։ Քու 1սպաննուածներդ սուրով խոցուած չեն, Ո՛չ ալ պատերազմի մէջ մեռած։
3Բոլոր մեծաւորներդ միասին փախան, Աղեղնաւորներէն 2գերուեցան։ Քու ժողովուրդիդ հեռու փախչողներէն Բոլոր գտնուածները միասին գերուեցան։
4Հետեւաբար ըսի. «Ձեր նայուածքը դարձուցէ՛ք ինձմէ, որ դառնապէս լամ. Մի՛ փութաք զիս մխիթարել Իմ ժողովուրդիս աղջիկին կործանումին համար»։
5Արդարեւ խուճապի, կոխկռտումի ու շփոթութեան օրն է Զօրքերու Տէրոջ՝ Եհովայէն ղրկուած Տեսիլքի ձորին մէջ. Պարիսպը կը փլցնեն, եւ աղաղակը մինչեւ լեռը կը հասնի։
6Եղամ կապարճը կը կրէ Մարդոցմով լեցուած կառքերով եւ ձիաւորներով. Կիր վահանը կը բանայ։
7Քու ընտիր հովիտներդ կառքերով լեցուեցան, Ու ձիաւորները 3շարուեցան դռներուն քով։
8Յուդայի ծածկոցը բացուեցաւ. Այդ օրը անտառին տան զէնքերուն նայեցաք,
9Եւ տեսաք թէ Դաւիթի քաղաքին ճեղքերը բազմաթիւ են։ Ստորին աւազանին ջուրերը 4ամբարեցիք,
10Երուսաղէմի տուները համրեցիք, Ու պարիսպը ամրացնելու համար տուներ փլցուցիք։
11Հին աւազանին ջուրերուն համար՝ Երկու պարիսպներուն մէջտեղ ջրակոյտ մը շինեցիք. Բայց զայն շինողը չտեսաք, Նախապէս զայն ձեւակերպողին 5ուշադրութիւն չդարձուցիք՝՝։
12Այդ օրը զօրքերու Տէրը՝ Եհովան ձեզ կանչեց Լացի ու կոծի, Գլուխ կնտելու եւ 6քուրձ հագնելու՝՝.
13Բայց ահա՛ բերկրանքի եւ ուրախութեան մէջ էք, Արջառներ կը սպաննէք ու ոչխարներ կը մորթէք, Միս կ’ուտէք եւ գինի կը խմէք՝ ըսելով. «Ուտենք ու խմենք, Որովհետեւ վաղը պիտի մեռնինք»։
14Բայց զօրքերու Տէրոջմէն 7ինծի յայտնուեցաւ՝՝. «Անշուշտ այս անօրէնութիւնը ձեզի պիտի չքաւուի՝ Մինչեւ որ մեռնիք», Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԵԲՆԱՅԻ
15Զօրքերու Տէրը՝ Եհովան սա՛ ըսաւ. «Գնա՛, մտի՛ր այդ խնամատարին՝ Սեբնայի քով, Որ 8պալատին վրայ նշանակուած է, եւ ըսէ՛.
16“Դուն հոս ի՞նչ ունիս, եւ հոս ո՞վ ունիս, Որ հոս քեզի գերեզման փորեցիր, Ինչպէս ան՝ որ իր գերեզմանը բարձր վայրի մէջ կը փորէ, Եւ իրեն բնակարան կը 9կառուցանէ ժայռի մէջ”։
17Ահա՛ Տէրը քեզ 10ուժգնօրէն պիտի նետէ, Ու քեզ բոլորովին պիտի ծածկէ։
18Անտարակոյս քեզ պիտի ծրարէ, քեզ գնդակի պէս պիտի 11գլորէ Դէպի ընդարձակ երկիր մը. Դուն հոն պիտի մեռնիս Եւ փառքիդ կառքերը հոն պիտի մնան, Ո՛վ 12քու տիրոջդ տան անարգանքը։
19Քու դիրքէդ քեզ պիտի քշեմ, Քու աստիճանէդ քեզ պիտի տապալեմ։
20Այդ օրը պիտի կանչեմ իմ ծառաս, Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմը,
21Քու պատմուճանդ իրեն պիտի հագցնեմ, Քու գօտիովդ զինք պիտի ուժովցնեմ, Եւ քու ղեկավարութիւնդ իր ձեռքը պիտի յանձնեմ. Ինք ալ Երուսաղէմի բնակիչներուն Ու Յուդայի տան հայր մը պիտի ըլլայ։
22Դաւիթի տան բանալին Իր ուսին վրայ պիտի դնեմ. Երբ ինք բանայ՝ ո՛չ մէկը պիտի գոցէ, Երբ ինք գոցէ՝ ո՛չ մէկը պիտի բանայ։
23Զինք հաստատ տեղ մը Բեւեռի պէս պիտի գամեմ, Եւ իր հօր տան՝ Փառաւոր գահ մը պիտի ըլլայ։
24Իր հօր տան ամբողջ փառքը իր վրայ պիտի կախուի.— Շառաւիղներն ու ընձիւղները, Բոլոր պզտիկ անօթները, Տեսակ-տեսակ 13բաժակներէն մինչեւ ամէն տեսակ 14կարասները։
25Այդ օրը,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— Հաստատ տեղը գամուած այդ բեւեռը պիտի 15հանուի, Պիտի կոտրի ու իյնայ, Եւ անոր վրայ եղած բեռը պիտի փճանայ», Որովհետեւ Տէրը խօսեցաւ։