Isaiah 23
Song of Solomon « Isaiah 22 ‹ Isaiah 23 › Isaiah 24 » Jeremiah
ՊԱՏԳԱՄ ՓԻՒՆԻԿԷԻ ՄԱՍԻՆ
1Տիւրոսի պատգամը.— Գոռացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր, Քանի որ ան կործանեցաւ, հոն տուն կամ 1դուռ չմնաց. Ասիկա Կիտացիներու երկրէն յայտնուեցաւ անոնց։
2Ո՛վ 2ծովեզերքի բնակիչներ, լռեցէ՛ք. Ծովէն անցնող Սիդոնացիներու վաճառականները քեզ լեցուցեր էին։
3Յորդառատ ջուրերու վրայէն փոխադրուող 3Սիովրի հունտերը, Գետին հունձքը անոր 4եկամուտն էին. Ան ազգերուն վաճառանոցն էր։
4Ո՛վ Սիդոն, ամչցի՛ր, քանի որ ծովը կը խօսի. Ծովուն 5զօրութիւնը կը խօսի ու կ’ըսէ. «Ես երկունքի ցաւ քաշած չեմ եւ ծնանած չեմ. Երիտասարդներ սնուցանած չեմ ու կոյսեր մեծցուցած չեմ»։
5Երբ այս լուրը Եգիպտացիներուն ականջը հասնի, Տիւրոսի լուրին համար պիտի սարսափին։
6Թարսի՛ս անցէք, Գոռացէ՛ք, ո՛վ ծովեզերքի բնակիչներ.
7Ա՞յս է ձեր հրճուալից քաղաքը, Որուն 6ծագումը վաղեմի օրերէն էր. Անոր ոտքերը զինք հեռու տեղ պիտի տանին՝ պանդխտանալու։
8Ո՞վ 7տուաւ այս որոշումը՝՝ Տիւրոսի դէմ, Որ իր բնակիչները կը 8թագադրէր. Անոր վաճառականները իշխանաւորներ էին, Եւ 9առեւտրականները՝ երկրի պատուաւոր մարդիկը։
9Զօրքերու Տէրը 10որոշեց ասիկա, Որպէսզի ամէն փառքի ամբարտաւանութիւնը աղարտէ, Ու երկրին բոլոր պատուաւորները անարգէ։
10Գետի՛ պէս անցիր քու երկրէդ, Ո՛վ Թարսիսի աղջիկ. Ասկէ ետք 11գօտի չկայ։
11Իր ձեռքը ծովուն վրայ երկարեց, Թագաւորութիւնները սարսեց. Տէրը Քանանի դէմ պատուէր տուաւ, Որ անոր ամրոցները քանդեն.
12Եւ ըսաւ. «Դուն անգա՛մ մըն ալ պիտի չհրճուիս, Ո՛վ Սիդոնի անարգուած կոյս. Կանգնէ՛, Կիտի՛մ անցիր, Բայց հոն ալ պիտի չհանգստանաս»։
13Ահա՛ Քաղդէացիներու երկիրը, Որ ժամանակին ժողովուրդ չէր, Ասորեստանցինե՛րը հիմնեցին զայն՝ անապատի բնակիչներուն համար. Անոր աշտարակները կանգնեցուցին, անոր պալատները 12կառուցանեցին, Բայց հիմա զայն աւերակի 13վերածեց։
14Գոռացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր, Որովհետեւ ձեր ամրոցը կործանեցաւ։
15Այդ օրը Տիւրոս մոռցուած պիտի մնայ եօթանասուն տարի, Մէկ թագաւորի օրերուն չափ։ Եօթանասուն տարուան վախճանին՝ Երգ մը պիտի երգեն Տիւրոսի, պոռնիկի երգին պէս.
16«Ո՛վ մոռցուած պոռնիկ, քնա՛րը առ Ու շրջէ՛ քաղաքին մէջ. Լա՛ւ նուագէ, 14շատցո՛ւր երգերդ՝՝, Որպէսզի քեզ յիշեն»։
17Եօթանասուն տարուան վախճանին՝ Տէրը պիտի այցելէ Տիւրոսի, Եւ ան իր վարձատրութեան պիտի վերադառնայ. Երկրագունդի մակերեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն հետ Պիտի պոռնկի։
18Անոր 15վաճառականութեան վարձատրութիւնը՝՝ Տէրոջ պիտի 16ընծայուի. Ան պիտի չկուտակուի ու չամբարուի, Հապա անոր վաճառականութեան վարձատրութիւնը Տէրոջ առջեւ բնակողներուն պիտի ըլլայ, Որպէսզի ուտեն եւ կշտանան, Ու երկարատեւ 17հանդերձներ հագնին։