Loading...

Isaiah 24

Song of Solomon  «  Isaiah 23  ‹  Isaiah 24  ›  Isaiah 25  »  Jeremiah


ՏԷՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԵՐԿԻՐԸ

1

Ահա՛ Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զայն կ’աւերէ. Անոր մակերեսը կը վերիվայրէ ու բնակիչները կը ցրուէ։

2

Ինչպէս ժողովուրդին՝ նոյնպէս քահանային պիտի ըլլայ, Ինչպէս ստրուկին՝ նոյնպէս իր տիրոջ, Ինչպէս ստրկուհիին՝ նոյնպէս իր տիրուհիին, Ինչպէս գնողին՝ նոյնպէս ծախողին, Ինչպէս փոխ տուողին՝ նոյնպէս փոխ առնողին, Ինչպէս 1պարտատէրին՝ նոյնպէս 2պարտապանին։

3

Երկիրը բոլորովին պիտի պարպուի Ու բոլորովին պիտի կողոպտուի, Որովհետեւ Տէ՛րը ըսաւ այս խօսքը։

4

Երկիրը կը սգայ եւ կը կթոտի, Երկրագունդը կ’ուժաթափի ու կը կթոտի, Երկրին գոռոզ ժողովուրդը կ’ուժաթափի։

5

Երկիրը իր 3բնակիչներէն պղծուեցաւ, Քանի անոնք օրէնքները անտեսեցին, Կանոնը փոխեցին, յաւիտենական ուխտը խզեցին։

6

Այս պատճառով անէծքը սպառեց երկիրը, Եւ անոր մէջ բնակողները 4յանցաւոր սեպուեցան՝՝. Հետեւաբար երկրին բնակիչները այրեցան, Ու քիչ մարդիկ ողջ մնացին։

7

Քաղցուն կը սգայ, որթատունկը կը թօշնի, Եւ բոլոր ուրախասիրտները կը հառաչեն։

8

Թմբուկներուն բերկրանքը կը դադրի, Հրճուողներուն աղաղակը կը 5վերջանայ, Քնարին բերկրանքը կը դադրի։

9

Երգելով գինի պիտի չխմեն. Օղին դառն պիտի ըլլայ խմողներուն։

10

Ոչնչութեան քաղաքը կործանեցաւ, Ամէն տուն գոցուեցաւ, որպէսզի ո՛չ մէկը մտնէ։

11

Փողոցներուն մէջ գինիի համար աղաղակ կայ. Ամէն ուրախութիւն 6անհետացաւ, Երկրին բերկրանքը 7հեռացաւ։

12

Քաղաքին մէջ ամայութիւն մնաց, Ու փշրուած դուռը աւերակ եղաւ։

13

Արդարեւ երկրին մէջ, ժողովուրդներուն մէջ այսպէս պիտի ըլլայ.— Թօթուուած ձիթենիի պէս, Այգեկութէն ետք մնացած ճիռերուն պէս։

14

Անոնք իրենց ձայնը բարձրացնելով ցնծութեամբ պիտի գոչեն, Ծովու կողմէն բարձրաձայն պիտի աղաղակեն՝ Տէրոջ մեծափառութեան համար։

15

Հետեւաբար փառաւորեցէ՛ք Տէրը 8արեւելքի մէջ, Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն անունը ծովու կղզիներուն մէջ։

16

Երկրի ծայրէն օրհներգեր լսեցինք. «Փա՛ռք մատուցանեցէք Արդարին»։ Բայց ես ըսի. «Նիհա՜ր եմ, նիհա՜ր եմ, վա՜յ ինծի. 9Դաւաճանները կը դաւաճանեն՝՝. Դաւաճանները 10չափազանց կը դաւաճանեն»։

17

Ո՛վ երկրի բնակիչ, Երկիւղ, գուբ ու վարմ կայ քու վրադ կը հասնին.

18

Երկիւղին ձայնէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ, Եւ գուբին մէջէն ելլողը վարմի մէջ պիտի բռնուի. Արդարեւ 11վերեւի 12սահանադռները բացուած են, Ու երկրի հիմերը կը շարժին։

19

Երկիրը բոլորովին կը 13խորտակուի. Երկիրը 14բոլորովին կը պատռի՝՝, Երկիրը բոլորովին կ’երերայ.

20

Երկիրը գինովի պէս անդադար կը դանդաչէ, Ու հիւղի պէս կը շարժի։ Անոր յանցանքը պիտի ծանրանայ իր վրայ. Ան պիտի իյնայ եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չելլէ։

21

Այդ օրը Տէրը 15վերը պիտի 16պատժէ վերեւի զօրքը, Ու երկրագունդին վրայ՝ երկրագունդին թագաւորները։

22

Անոնք պիտի հաւաքուին գուբին մէջ՝ Ինչպէս բանտարկեալները կը հաւաքուին, Զնտանի մէջ պիտի փակուին, Ու շատ օրերէ ետք պիտի 17պատժուին։

23

Լուսինը պիտի շիկնի եւ արեւը պիտի ամչնայ, Երբ զօրքերու Տէրը Սիոն լերան վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորէ, Եւ իր երէցներուն առջեւ փառաւորուի։



1 Եբր.՝ վաշխառուին
2 Եբր.՝ վաշխատուին
3 Եբր.՝ բնակիչներուն տակ
4 Կամ՝ ամայացան
5 Եբր.՝ դադրի
6 Եբր.՝ մթնցաւ
7 Եբր.՝ տարագրուեցաւ
8 Եբր.՝ լոյսերուն
9 Եբր.՝ Անհաւատարիմները անհաւատարիմ կ’ըլլան
10 Եբր.՝ անհաւատարմութեամբ
11 Կամ՝ բարձր վայրին
12 Այսինքն՝ ջրարգելները
13 Եբր.՝ կոտրի
14 Եբր.՝ պատռելով կը պատռի
15 Կամ՝ բարձր վայրը
16 Եբր.՝ հատուցանէ
17 Եբր.՝ հատուցանուին