Loading...

Isaiah 25

Song of Solomon  «  Isaiah 24  ‹  Isaiah 25  ›  Isaiah 26  »  Jeremiah


ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

1

Ո՛վ Տէր, դո՛ւն ես իմ Աստուածս. Քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անունդ պիտի ներբողեմ, Քանի որ սքանչելի բաներ ըրիր. Քու 1վաղեմի ծրագիրներդ հաւատարիմ ու ճշմարիտ են։

2

Արդարեւ բերդաքաղաքը քարակոյտի 2վերածեցիր, Ու պարսպապատ քաղաքը՝ աւերակի, Որպէսզի ա՛լ քաղաք չըլլալով՝ Օտարներուն պալատը երբեք չկառուցանուի։

3

Հետեւաբար զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի փառաւորէ, Եւ ահռելի ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ։

4

Արդարեւ դուն ամրոց կ’ըլլաս չքաւորին, Ամրոց աղքատին՝ իր տագնապին մէջ, 3Ապաստանարան՝ 4փոթորիկէն, հովանի՝ 5տաքութենէն, Երբ բռնակալներուն 6կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ։

5

Օտարներուն ժխորը՝ Տափաստանին տաքութեան պէս պիտի մեղմացնես. Ինչպէս տաքութիւնը թանձր ամպի հովանիով կը նուազի, Նոյնպէս բռնակալներուն 7ցնծութեան ձայնը՝՝ պիտի ցածնայ։


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ԽՆՃՈՅՔ ՄԸ

6

Զօրքերու Տէրը՝ այս լերան վրայ՝ Բոլոր ազգերուն խնճոյք մը պիտի սարքէ, 8Համեղ կերակուրներու՝՝ եւ 9հին գինիներու, Ծուծով լեցուած համեղ կերակուրներու Եւ զտուած հին գինիներու խնճոյք։

7

Այս լերան վրայ պիտի 10փճացնէ Բոլոր ժողովուրդներուն երեսը ծածկող քօղը, Ու բոլոր ազգերուն վրայ տարածուած ծածկոցը։

8

Մահը 11ընդմիշտ պիտի 12անհետացնէ. Տէրը՝ Եհովան՝ բոլոր 13աչքերէն արցունքները պիտի սրբէ, Եւ ամբողջ երկրի վրայէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի ջնջէ, Որովհետեւ Տէրը խօսեցաւ։

9

Այդ օրը պիտի ըսեն. «Ահա՛ ա՛յս է մեր Աստուածը. Անոր յուսացինք, եւ ինք մեզ ազատեց. Ա՛յս է Տէրը, անոր յուսացինք. Խայտանք եւ ուրախանանք իր փրկութեամբ»։


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ՄՈՎԱԲԸ

10

Արդարեւ Տէրոջ ձեռքը այս լերան վրայ պիտի հանգչի, Ու Մովաբ անոր ոտքերուն տակ պիտի կոխկռտուի, Ինչպէս յարդը կը կոխկռտուի աղբանոցին մէջ։

11

Իր ձեռքերը անոր մէջ պիտի տարածէ, Ինչպէս լողացողը կը տարածէ՝ լողալու համար։ Անոր յոխորտանքը պիտի նուաստացնէ՝ անոր ձեռքերուն հնարքներուն հետ։

12

Քու պարիսպներուդ միջնաբերդերուն 14ամրութիւնը պիտի 15կործանէ, Պիտի նուաստացնէ ու գետինին՝ հողին 16հաւասարեցնէ։



1 Եբր.՝ հեռաւոր
2 Եբր.՝ ըրիր
3 Եբր.՝ Ապաւէն
4 Եբր.՝ հեղեղէն
5 Եբր.՝ չորութենէն
6 Եբր.՝ ոգին
7 Եբր.՝ բարունակը
8 Եբր.՝ Պարարտ բաներու
9 Եբր.՝ մրուրին վրայ հանգչած
10 Եբր.՝ կլլէ
11 Կամ՝ յաղթութեան մէջ
12 Եբր.՝ կլլէ
13 Եբր.՝ երեսներէն
14 Եբր.՝ ամրոցը
15 Եբր.՝ ցածցնէ
16 Եբր.՝ դպցնէ