Loading...

Isaiah 26

Song of Solomon  «  Isaiah 25  ‹  Isaiah 26  ›  Isaiah 27  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԱԾ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

1

Այդ օրը Յուդայի երկրին մէջ սա՛ երգը պիտի երգեն. «Մենք ամուր քաղաք մը ունինք. Փրկութիւնը 1հաստատուած է պարիսպներու եւ պատուարներու տեղ։

2

Բացէ՛ք դռները, Որպէսզի ներս մտնէ հաւատարմութիւնը պահող արդար ազգը։

3

2Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, Որովհետեւ քեզի կը վստահի։

4

Յաւե՛րժ Տէրոջ վստահեցէք, Քանի որ Տէրը՝ 3Եհովան յաւիտենական վէմ է.

5

Արդարեւ ան բարձր վայրեր բնակողները կը ցածցնէ. Բարձր բերդաքաղաքը կը նուաստացնէ, Մինչեւ գետին կը նուաստացնէ, Զայն հողին կը 4հաւասարեցնէ։

6

Ոտքը զայն պիտի կոխկռտէ, Դժբախտին ոտքն ու չքաւորներուն քայլերը»։

7

Ուղղամտութիւնն է արդարին ուղին. Դո՛ւն՝ որ ուղիղ ես, դո՛ւն կը 5քննես արդարին արահետը։

8

Քու դատաստաններուդ ուղիին մէջ քեզի՛ կը սպասենք, ո՛վ Տէր. Մեր անձին փափաքը քո՛ւ անունիդ ու յիշատակիդ համար է։

9

Գիշերը անձս քեզի կը փափաքի, Եւ արշալոյսին քեզ կը փնտռեմ 6ամբողջ սիրտովս՝՝. Արդարեւ երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ կիրարկուին, Երկրագունդի բնակիչները արդարութիւն պիտի սորվին։

10

Ամբարիշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր. Ան ուղղամտութեան երկրին մէջ անիրաւութիւն կը գործէ, Ու Տէրոջ մեծափառութիւնը չի տեսներ։

11

Ո՛վ Տէր, անոնք քու ձեռքիդ բարձրանալը չեն տեսներ, Բայց ժողովուրդին վրայ քու ունեցած նախանձախնդրութիւնդ պիտի տեսնեն եւ ամչնան. Կրակը պիտի սպառէ քու հակառակորդներդ։

12

Ո՛վ Տէր, մեզի խաղաղութիւն պիտի 7տաս, Որովհետեւ մեր բոլոր գործերն ալ դո՛ւն կատարեցիր մեզի համար։

13

Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, քեզմէ զատ ուրիշ տէրեր մեր վրայ տիրեցին, Բայց քու անունդ, միա՛յն քուկդ կը յիշատակենք։

14

Անոնք մեռած են, պիտի չվերապրին. Ուրուականներ են, չեն կրնար ոտքի ելլել, Որովհետեւ դուն զանոնք 8պատժելով՝ բնաջնջեցիր, Եւ անոնց ամբողջ յիշատակը կորսնցուցիր։

15

Դուն այս ազգը 9բազմացուցիր, ո՛վ Տէր, Այս ազգը բազմացնելով՝ փառաւորուեցար, Զայն մինչեւ երկրի բոլոր ծայրերը 10ընդարձակեցիր։

16

Ո՛վ Տէր, տագնապի մէջ 11քեզ փնտռեցին՝՝. Երբ զանոնք պատժեցիր՝ 12աղօթք մրմնջեցին՝՝։

17

Ինչպէս ծնանելու մօտ եղող յղի կինը Իր երկունքի ցաւին մէջ 13տանջուելով կ’աղաղակէ, Մենք ալ քու առջեւդ այդպէս եղանք, ո՛վ Տէր։

18

Յղացանք, երկունքի ցաւ քաշեցինք, Հով ծնանողի պէս եղանք. Երկիրը չկրցանք ազատել, Ու երկրագունդի բնակիչները չինկան։

19

Քու մեռեալներդ պիտի վերապրին, Իմ դիակիս հետ յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեա՛մբ գոչեցէք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ, Քանի որ քու ցօղդ խոտերու ցօղին պէս է, Ու երկիրը իր ուրուականները դուրս պիտի 14նետէ։


ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

20

Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, մտի՛ր քու ներքին սենեակներուդ մէջ, Ու գոցէ՛ դռներդ քու վրադ. Պահուըտէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, Մինչեւ սրտմտութիւնը անցնի։

21

Արդարեւ ահա՛ Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, Որպէսզի երկրի բնակիչները 15պատժէ իրենց անօրէնութեան համար. Երկիրը իր արիւնը պիտի յայտնաբերէ, Եւ ա՛լ պիտի չծածկէ իր սպաննուածները։



1 Եբր.՝ դրուած
2 Եբր.՝ Քու վրադ յենած
3 Եբր.՝ Եահը
4 Եբր.՝ դպցնէ
5 Եբր.՝ կշռես
6 Եբր.՝ իմ ներսս եղած հոգիովս
7 Եբր.՝ դնես
8 Եբր.՝ հատուցանելով
9 Եբր.՝ աւելցուցիր
10 Եբր.՝ հեռացուցիր
11 Եբր.՝ քեզի այցելեցին
12 Եբր.՝ փսփսուք թափեցին
13 Եբր.՝ երկունքի ցաւ քաշելով
14 Եբր.՝ ձգէ
15 Եբր.՝ հատուցանէ