Loading...

Isaiah 27

Song of Solomon  «  Isaiah 26  ‹  Isaiah 27  ›  Isaiah 28  »  Jeremiah


1

Այդ օրը Տէրը իր ամրակուռ, մեծ եւ ուժեղ սուրով Պիտի 1պատժէ 2Լեւիաթանը՝ փախչող օձը, Լեւիաթանը՝ այն գալարուող օձը, Ու պիտի մեռցնէ ծովուն մէջ եղող Վիշապը։

2

Այդ օրը 3գինիի այգիին մասին 4խմբերգեցէ՛ք.

3

«Ես՝ Տէրս, կը խնամեմ զայն. Ամէն վայրկեան պիտի 5ոռոգեմ զայն, Գիշեր ու ցերեկ զայն պիտի պահպանեմ, Որպէսզի ո՛չ մէկը անոր 6վնասէ։

4

Իմ մէջս ցասում չկայ. Երանի՜ թէ ցախերն ու փուշերը ինծի դէմ պատերազմի 7շարուէին. Ես անոնց դէմ կը քալէի, Ու զանոնք միասին կ’այրէի։

5

Թէ ոչ՝ թող իմ 8զօրութեանս 9ապաւինին, Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն. Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն»։

6

Ապագային Յակոբ պիտի արմատանայ, Իսրայէլ պիտի ընձիւղի եւ ծաղկի, Ու պտուղով երկրագունդի մակերեսը պիտի լեցնէ։

7

Միթէ Տէրը զայն զարնողներուն հարուածի՞ն պէս զարկաւ զայն, Կամ իրմէ սպաննուածներուն ջարդի՞ն պէս սպաննուեցաւ։

8

Չափաւորութեամբ անոր 10հետ վիճեցար՝՝ Երբ զայն վտարեցիր, Թէեւ սաստիկ հովով վերցուցիր արեւելեան հովին օրը։

9

Ուստի Յակոբի անօրէնութիւնը 11ասով պիտի քաւուի, Անոր մեղքին ջնջուելուն ամբողջ պտուղը սա՛ պիտի ըլլայ.— Երբ բագիններուն բոլոր քարերը կիրի փշրուած քարերու 12վերածէ, Աստարովթներն ու արեւի սիւնարձանները ա՛լ պիտի չկանգնին։

10

Արդարեւ պարսպապատ քաղաքը ամայի պիտի ըլլայ, Բնակուած տեղը պիտի 13թողուի եւ անապատի պէս լքուի. Զուարակը հո՛ն պիտի արածի ու հո՛ն պառկի, Եւ անոր ճիւղերը պիտի 14հատցնէ։

11

Անոր ոստերը չորնալով պիտի կոտրին, Կիները պիտի գան ու զանոնք պիտի բռնկեցնեն։ Արդարեւ ան խելացի ժողովուրդ չէ, Ուստի զայն 15ստեղծողը անոր վրայ պիտի չգթայ, Ու զայն ձեւակերպողը անոր պիտի չողորմի։

12

Այդ օրը՝ Տէրը Գետին հոսանքէն մինչեւ Եգիպտոսի վտակը պիտի կամնէ, Եւ դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Մէկ առ մէկ պիտի հաւաքուիք։

13

Այդ օրը մեծ շեփորը պիտի հնչեցնեն, Եւ Ասորեստանի երկրին մէջ եղող 16թափառականները, Նաեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող աքսորականները պիտի գան Ու Երուսաղէմ՝ սուրբ լերան վրայ Տէրոջ պիտի երկրպագեն։



1 Եբր.՝ հատուցանէ
2 Այսինքն՝ Կոկորդիլոսը
3 Կամ՝ ցանկալի
4 Եբր.՝ պատասխանելով երգեցէ՛ք
5 Եբր.՝ ջրեմ
6 Եբր.՝ այցելէ
7 Եբր.՝ դրուէին
8 Եբր.՝ ամրոցիս
9 Եբր.՝ կառչին
10 Կամ՝ դատը վարեցիր
11 Կամ՝ սա՛պէս
12 Եբր.՝ ընէ
13 Եբր.՝ վտարուի
14 Եբր.՝ սպառէ
15 Եբր.՝ ընողը
16 Եբր.՝ կորսուողները