Loading...

Isaiah 28

Song of Solomon  «  Isaiah 27  ‹  Isaiah 28  ›  Isaiah 29  »  Jeremiah


ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

1

Վա՜յ Եփրեմի գինովներուն ամբարտաւանութեան պսակին, Որուն փառաւոր 1զարդը թառամած ծաղիկ մըն է՝ Գինիով 2թմրածներուն բերրի հովիտին գագաթը։

2

Ահա՛ Տէրոջ կողմէն քաջ եւ ուժեղ թշնամի մը, Կարկուտի հեղեղի պէս, աւերիչ մրրիկի պէս, Ու հզօր ջուրերու յորդահոս հեղեղի պէս, Ձեռքովը գետին պիտի 3զարնէ զանոնք։

3

Եփրեմի գինովներուն ամբարտաւանութեան պսակը Ոտքերով պիտի կոխկռտուի,

4

Եւ բերրի հովիտին գագաթը եղող անոր փառաւոր զարդը, Որ թառամած ծաղիկ մըն է, Ամառէն առաջ վաղահաս թուզի պէս պիտի ըլլայ, Որ տեսնողը՝ երբ ձեռքը առնէ՝ անմիջապէս զայն կը կլլէ։

5

Այդ օրը զօրքերու Տէրը՝ իր ժողովուրդին մնացորդին Փառաւոր պսակ ու շքեղ թագ պիտի ըլլայ,

6

Եւ 4դատելու նստողին՝ 5արդարութեան ոգի, Ու պատերազմը դէպի թշնամիին դուռը 6մղողներուն՝ զօրութիւն։


ԵՍԱՅԻ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅԻ ԳԻՆՈՎ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐԸ

7

Բայց ասոնք ալ գինիով կը մոլորին Եւ օղիով կը դեդեւին։ Քահանան ու մարգարէն օղիով կը մոլորին. Անոնք գինիէն 7կ’ընկղմին, օղիէն կը դեդեւին, Տեսիլքի մէջ կը մոլորին ու դատաստանի մէջ 8կ’երերան.

8

Արդարեւ անոնց բոլոր սեղանները աղտոտ փսխունքով 9ծածկուած են, Այնպէս որ մաքուր տեղ մը չկայ։

9

Որո՞ւ գիտութիւն սորվեցնէ, Որո՞ւ 10խրատ հասկցնէ. Կաթէ կտրուածներո՞ւն, Ծիծէ զատուածներո՞ւն.

10

Որովհետեւ պատուէր պատուէրի վրայ, պատուէր պատուէրի վրայ կը տրուի, 11Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն։

11

Արդարեւ թոթովախօս շրթունքով եւ օտար լեզուով Պիտի խօսի այս ժողովուրդին,

12

Որուն ըսած էր. «Ահա՛ւասիկ հանգստավայրը, հանգստացուցէ՛ք պարտասածը. Ահա՛ւասիկ կազդոյրը»։ Բայց անոնք չուզեցին մտիկ ընել։

13

Ուստի Տէրոջ խօսքը անոնց պիտի ըլլայ Պատուէր՝ պատուէրի վրայ, պատուէր՝ պատուէրի վրայ, Հրաման՝ հրամանի վրայ, հրաման՝ հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն. Որպէսզի երթան, կռնակի վրայ 12իյնան ու ջախջախուին, Եւ որոգայթի մէջ իյնալով բռնուին։


ՍԻՈՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆԿԻՒՆԱՔԱՐ ՄԸ

14

Ուրեմն մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, Ո՛վ ծաղրող մարդիկ, Որ Երուսաղէմի մէջ բնակող այս ժողովուրդին վրայ կը տիրէք,

15

Որովհետեւ ըսիք. «Մենք մահուան հետ ուխտ կնքեցինք, Ու 13դժոխքին հետ դաշնակցեցանք, Որ եթէ յորդահոս 14հեղեղը ասկէ անցնի՝ մեր վրայ չգայ. Արդարեւ ստութիւնը մեզի 15ապաստանարան ըրինք, Եւ կեղծիքի մէջ պահուըտեցանք»։

16

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես Սիոնի մէջ քար մը կը դնեմ իբր հիմ, 16Ընտիր քար մը, պատուական անկիւնի քար մը, 17հաստատուն հիմ մը. “Ո՛վ որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու”։

17

Իրաւունքը լար պիտի ընեմ, Եւ արդարութիւնը՝ հարթաչափ. Կարկուտը պիտի քշէ տանի ստութեան ապաստանարանը, Ու ջուրերը պիտի ողողեն 18պատսպարանը։

18

Մահուան հետ ձեր կնքած ուխտը պիտի ջնջուի, Եւ դժոխքին հետ ձեր դաշնակցութիւնը պիտի չհաստատուի։ Երբ յորդահոս 19հեղեղը ասկէ անցնի, Դուք անկէ պիտի կոխկռտուիք.

19

Անցնելու ատեն ձեզ պիտի առնէ տանի, Քանի որ ամէն առտու պիտի անցնի, ցերեկ ու գիշեր, Եւ անոր լուրը 20լսելն անգամ սոսկումի պիտի մատնէ»։

20

Արդարեւ անկողինը կարճ է՝ ընկողմանելու համար, Ու ծածկոցը նեղ է՝ փաթթուելու համար.

21

Որովհետեւ Տէրը պիտի կանգնի, ինչպէս Փարասին լերան վրայ կանգնեցաւ, Եւ պիտի 21վրդովի, ինչպէս Գաբաւոնի հովիտին մէջ բարկացաւ, Որպէսզի իր գործը, իր օտարոտի գործը ընէ, Եւ իր պաշտօնը, իր օտարոտի պաշտօնը կատարէ։

22

Հիմա ծաղրող մի՛ ըլլաք, Որպէսզի ձեր կապերը աւելի 22չսեղմեն. Քանի որ զօրքերու Տէրոջմէն՝ Եհովայէն լսեցի 23Բնաջնջումի վճիռ մը ամբողջ երկրին վրայ։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

23

Ունկնդրեցէ՛ք, եւ ձա՛յնս լսեցէք. Ուշադի՛ր եղէք, ու խօ՛սքս լսեցէք։

24

Միթէ հերկողը սերմանելու համար 24միշտ կը հերկէ՞. Միշտ իր հողը կը բանա՞յ եւ կը տափանէ՞.

25

Անոր մակերեսը հարթելէն ետք՝ Միթէ արջնդեղը չի տարածեր ու չամանը չի՞ ցաներ, Ցորենը կարգով չի՞ դներ, գարին՝ որոշուած տեղը, Եւ հաճարը՝ եզերքները։

26

Արդարեւ իր Աստուածը կը խրատէ զինք, Ու կը սորվեցնէ կերպը.

27

Քանի որ արջնդեղը ցաքանով չի ծեծուիր, Եւ չամանին վրայ սայլին անիւը չի դառնար. Հապա արջնդեղը գաւազանով կը կամնուի, Ու չամանը՝ ցուպով։

28

Հացին ցորենը կը մանրէ, Բայց զայն միշտ չի ծեծեր. Սայլին անիւը զայն չի փշրեր, Եւ 25ձիերը զայն չեն մանրեր։

29

Ա՛յս ալ զօրքերու Տէրոջմէն 26կու գայ՝՝, Որուն խորհուրդը սքանչելի է, Եւ անոր խոհականութիւնը՝ 27գերազանց։



1 Եբր.՝ շքեղութիւնը
2 Եբր.՝ զարնուածներուն
3 Եբր.՝ ձգէ
4 Եբր.՝ դատաստանի
5 Եբր.՝ իրաւունքի
6 Եբր.՝ դարձնողներուն
7 Եբր.՝ կը կլլուին
8 Եբր.՝ կը գայթին
9 Եբր.՝ լեցուած
10 Եբր.՝ լուր
11 Եբր.՝ Լար
12 Եբր.՝ գայթին
13 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանին
14 Եբր.՝ խարազանը
15 Եբր.՝ Ապաւէն
16 Եբր.՝ Փորձուած
17 Եբր.՝ հիմնուած
18 Եբր.՝ ծածկոյթը
19 Եբր.՝ խարազանը
20 Եբր.՝ հասկնալն
21 Կամ՝ մոլեգնի
22 Եբր.՝ չուժովնան
23 Եբր.՝ Սպառումի
24 Եբր.՝ ամբողջ օրը
25 Եբր.՝ ձիաւորները
26 Եբր.՝ կ’ելլէ
27 Եբր.՝ մեծահամբաւ