Isaiah 29
Song of Solomon « Isaiah 28 ‹ Isaiah 29 › Isaiah 30 » Jeremiah
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
1Վա՜յ 1Արիէլի, Դաւիթի 2բնակած Արիէլ բերդաքաղաքին։ Տարի տարիի վրայ աւելցուցէ՛ք, Թող տարեկան տօները 3իրարու յաջորդեն՝՝.
2Բայց ես Արիէլը տուայտանքի մէջ պիտի ձգեմ, եւ ան 4տրտում ու տխուր՝՝ պիտի ըլլայ. Ինծի 5Արիէլի պէս պիտի ըլլայ։
3Քեզի դէմ բոլորաձեւ պիտի բանակիմ, Քեզ ամրութիւններով պիտի պաշարեմ, Քեզի դէմ պատնէշներ պիտի կանգնեցնեմ.
4Ուստի պիտի ցածնաս եւ գետինէն խօսիս, Քու նուաղաձայն խօսքերդ հողին տակէն պիտի ելլեն, Ձայնդ վհուկի ձայնին պէս գետինէն պիտի 6գայ, Ու խօսքդ հողէն պիտի մրմնջէ։
57Թշնամիներուդ բազմութիւնը մանր փոշիի պէս պիտի ըլլայ, Եւ բռնակալներուն բազմութիւնը՝ անցնող մղեղին պէս. Ասիկա յանկարծ պիտի ըլլայ, մէկ վայրկեանի մէջ։
6Զօրքերու Տէրը 8քեզ պիտի պատժէ՝՝ Որոտումով, երկրաշարժով, մեծ 9պայթիւնով, Փոթորիկով, մրրիկով ու սպառող կրակի բոցով։
7Արիէլի դէմ պատերազմող բոլոր ազգերուն բազմութիւնը, Այսինքն անոր դէմ եւ անոր ամրութիւններուն դէմ բոլոր 10պայքարողները Ու զայն տուայտանքի մէջ ձգողները՝ 11Գիշերը տեսնուած՝՝ երազի պէս պիտի ըլլան։
8Ինչպէս անօթին երազին մէջ 12կը տեսնէ թէ՝՝ կերակուր կ’ուտէ, Բայց արթննալէն ետք 13փորը անօթի՝՝ է, Ինչպէս ծարաւ մարդը երազին մէջ կը տեսնէ թէ ջուր կը խմէ, Բայց արթննալէն ետք ահա՛ կը պարտասի եւ անձը կը պապակի, Այնպէս պիտի ըլլայ բոլոր ազգերուն բազմութեան, Որ Սիոն լերան դէմ կը պատերազմին։
ԱՆՆԿԱՏ ԹՈՂՈՒԱԾ ՅԱՆԴԻՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
9Զարմացէ՛ք ու հիացէ՛ք, Շլացէ՛ք եւ 14թմրեցէ՛ք. Անոնք 15արբած են, բայց գինիէն չէ. Կը դանդաչեն, բայց օղիէն չէ։
10Արդարեւ Տէրը ձեր վրայ թմբիրի ոգի թափեց. Ձեր աչքերը գոցեց, մարգարէնե՛ր. Ձեր գլուխները ծածկեց, տեսանողնե՛ր։
11Ամէն տեսիլք կնքուած գիրքի մը խօսքերուն պէս պիտի ըլլայ ձեզի, Որ կարդալ գիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն. «Կ’աղերսե՛նք, կարդա՛ ասիկա»։ Իսկ ան կը պատասխանէ. «Չեմ կրնար, որովհետեւ կնքուած է»։
12Ապա գիրքը կարդալ չգիտցողին կու տան Եւ կ’ըսեն. «Կ’աղերսե՛նք, կարդա՛ ասիկա»։ Ան ալ կը պատասխանէ. «Կարդալ չեմ գիտեր»։
13Հետեւաբար Տէրը կ’ըսէ. «Քանի այս ժողովուրդը իր բերանով կը մօտենայ ինծի, Միայն իր շրթունքով կը պատուէ զիս, Բայց իրենց սիրտը ինձմէ հեռացած է, Եւ ինձմէ ունեցած իրենց վախը Մարդոց սորվեցուցած պատուիրան մըն է,
14Ահա՛ ես այս ժողովուրդին մէջ Վերստին սքանչելիքներ պիտի ընեմ, 16Զարմանալի սքանչելիքներ, Եւ անոնց իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսուի, Ու խելացիներուն խելքը պիտի 17անհետանայ»։
ՅՈՅՍ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ
15Վա՜յ անոնց, որ խորունկ տեղ կը փնտռեն՝ Իրենց ծրագիրները Տէրոջմէն պահելու համար, Իրենց գործերը խաւարին մէջ կը կատարեն Ու կ’ըսեն. «Մեզ ո՞վ կը տեսնէ, մեզ ո՞վ կը ճանչնայ»։
1618Ի՜նչպէս դերերը կը շրջէք. Միթէ բրուտը կաւ կը սեպուի՞, Որ շինուածը զինք շինողին համար ըսէ. «Ան զիս չշինեց», Եւ ձեւակերպուածը իր ձեւակերպիչին համար ըսէ. «Ան խելք չունի»։
17Ահա՛ շատ քիչ ժամանակէն Լիբանան բարեբեր արտի պիտի վերածուի, Ու բարեբեր արտը անտառ պիտի սեպուի։
18Այդ օրը խուլերը Գիրքին խօսքերը պիտի լսեն, Կոյրերուն աչքերը մթութենէն եւ խաւարէն ազատուելով՝ պիտի տեսնեն.
19Հեզերը Տէրոջմով իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնեն, Ու մարդոց մէջ աղքատները Իսրայէլի Սուրբով պիտի խայտան.
20Արդարեւ բռնակալը պիտի չքանայ, Եւ ծաղրողը պիտի 19բնաջնջուի. Բոլոր անոնք՝ որ անօրէնութեան համար կը հսկեն՝ պիտի բնաջնջուին,
21Նաեւ անոնք՝ որ մարդ մը 20կը դատապարտեն՝՝ իրենց խօսքով, 21Դատարանին մէջ վճիռ տուողին համար որոգայթ կը լարեն, Եւ արդարին իրաւունքը կը ծռեն զուր տեղը։
22Հետեւաբար Աբրահամը փրկող Տէրը Յակոբի տան համար սա՛ կը յայտարարէ. «Հիմա Յակոբ ա՛լ պիտի չամչնայ, Հիմա անոր երեսը ա՛լ պիտի չտժգունի.
23Արդարեւ երբ իր մէջ 22տեսնէ իր զաւակները՝ իմ ձեռքերուս գործը, Իմ անունս պիտի 23փառաւորեն. Յակոբի Սուրբը պիտի փառաւորեն, Եւ Իսրայէլի Աստուծմէն պիտի վախնան։
24Հոգիով մոլորածները խելացութիւն պիտի ճանչնան, Ու տրտնջողները ուսուցումը պիտի սորվին»։