Loading...

Isaiah 30

Song of Solomon  «  Isaiah 29  ‹  Isaiah 30  ›  Isaiah 31  »  Jeremiah


ԱՆՕԳՈՒՏ ԴԱՇԻՆՔ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԵՏ

1

«Վա՜յ ապստամբ 1զաւակներուն,— կը պատգամէ Տէրը,— Որոնք մեղք մեղքի վրայ աւելցնելու համար՝ 2Որոշում կու տան՝՝, բայց ինձմով չէ. 3Դաշինք կը կնքեն՝՝, բայց իմ Հոգիովս չէ.

2

Որոնք առանց 4ինծի հարցնելու՝ Կ’երթան, Եգիպտոս կ’իջնեն, Փարաւոնի 5պաշտպանութեան տակ զօրանալու, Եւ Եգիպտոսի հովանիին ապաւինելու համար։

3

Բայց Փարաւոնի պաշտպանութիւնը ձեզի ամօթ պիտի ըլլայ, Ու Եգիպտոսի հովանիին ապաւինիլը՝ նախատինք։

4

Արդարեւ անոր իշխանաւորները Տայանիս 6գացին, Ու պատգամաւորները Հանէս հասան։

5

Բոլորը ամչցան այն ժողովուրդին պատճառով՝ Որ իրենց օգտակար չի կրնար ըլլալ, Ո՛չ ալ օգնութիւն մը կ’ընէ կամ օգուտ մը կ’ունենայ, Հապա իրենց ամօթ ու նախատինք պիտի ըլլայ»։

6

Հարաւի անասուններուն պատգամը.— Տագնապի ու տուայտանքի, Մատակ առիւծի եւ առոյգ առիւծի, Իժի ու կիզող 7թեւաւոր օձի երկիրը Կը տանին իրենց գոյքերը՝ էշերու կռնակին վրայ, Եւ իրենց գանձերը՝ ուղտի սապատին վրայ, Այնպիսի ժողովուրդի մը՝ որ իրենց օգտակար չ’ըլլար։

7

Արդարեւ Եգիպտացիները զուր տեղը եւ ընդունայն կ’օգնեն. Ուստի զայն կոչեցի. «Պարապ նստած 8հպարտանք»։


ԱՆՀՆԱԶԱՆԴ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

8

Ուրեմն գնա՛, անոնց առջեւ գրէ՛ ասիկա տախտակի վրայ, Եւ փորագրէ՛ գիրքի մը մէջ, Որպէսզի ապագային համար Յաւիտենական վկայութիւն ըլլայ։

9

Արդարեւ ասիկա ըմբոստ ժողովուրդ մըն է, Ուրացող զաւակներ են. Այնպիսի զաւակներ են՝ որ չեն ուզեր Տէրոջ օրէնքը լսել,

10

Որոնք տեսանողներուն կ’ըսեն. «Մի՛ տեսնէք», Ու մարգարէներուն. «Մեզի համար ուղիղ բաներ մի՛ մարգարէանաք. Մեզի շողոքորթութիւննե՛ր արտայայտեցէք, Խաբէութիւննե՛ր մարգարէացէք։

11

Ճամբայէն հեռացէ՛ք, Ուղիէն շեղեցէ՛ք, Իսրայէլի Սուրբը մեր առջեւէն 9հանեցէ՛ք»։

12

Ուստի Իսրայէլի Սուրբը սա՛ կը յայտարարէ. «Քանի դուք այս խօսքը անարգեցիք, Եւ հարստահարութեան ու խարդախութեան 10ապաւինեցաք Եւ անոնց վրայ կռթնեցաք,

13

Այս անօրէնութիւնը Բարձր պարիսպի մը մէջ՝ իյնալու մօտ եղող Ուռած ճեղքուածքի պէս պիտի ըլլայ ձեզի, Որուն փլուզումը յանկարծ կու գայ՝ մէկ վայրկեանի մէջ։

14

Զայն բրուտներու կարասին բեկումին պէս պիտի կոտրէ. Պիտի փշրէ ու չխնայէ։ Անոր բեկորներուն մէջ 11Խեցատ մը պիտի չգտնուի՝ կրակարանէն կրակ առնելու, Կամ լճակէն ջուր հանելու համար»։

15

Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան, Իսրայէլի Սուրբը, սա՛ կը յայտարարէ. «Դուք դարձի գալով եւ հանգստանալով պիտի փրկուիք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեան ու վստահութեան մէջ պիտի կայանայ»։ Բայց դուք չուզեցիք,

16

Հապա ըսիք. «Ո՛չ, ձի հեծնելով պիտի փախչինք». Ուստի պիտի փախչիք։ Նաեւ ըսիք. «Արագընթաց ձիերու վրայ պիտի հեծնենք». Հետեւաբար ձեզ հետապնդողներն ալ արագընթաց պիտի ըլլան։

17

Մէկուն սաստով՝ հազար մարդ, Հինգին սաստով՝ բոլորդ պիտի փախչիք. Մինչեւ որ լերան գագաթը սիւնի պէս լքուիք, Եւ բլուրին վրայ՝ դրօշակի պէս։

18

Բայց Տէրը պիտի սպասէ՝ որպէսզի ձեզի ողորմի, Ու պիտի բարձրանայ՝ որպէսզի ձեզի գթայ, Քանի որ Տէրը 12արդար Աստուած մըն է. Երանի՜ բոլոր անոնց՝ որ անոր կը յուսան։


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆԷ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

19

Արդարեւ ա՛լ պիտի չլաս, Երուսաղէմի մէջ՝ Սիոնի վրայ բնակող ժողովուրդ. Երբ աղաղակիդ ձայնը լսէ՝ շուտով քեզի պիտի ողորմի. Զայն լսելով՝ քեզի պիտի պատասխանէ։

20

Թէեւ Տէրը ձեզի տագնապի հաց ու տանջանքի ջուր տայ, Քու ուսուցիչներդ անգա՛մ մըն ալ պիտի չսքօղուին, Հապա քու աչքերդ ուսուցիչներդ պիտի տեսնեն։

21

Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը շեղիք, Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն՝ որ կ’ըսէ. «Ա՛յս է ճամբան, ասկէ՛ քալեցէք»։

22

Այն ատեն քանդակուած 13կուռքերուդ արծաթապատումը Ու ձուլածոյ կուռքերուդ ոսկիէ 14դրուագը անմաքուր պիտի համարես. Զանոնք դաշտանի լաթի պէս պիտի նետես. Անոնց պիտի ըսես. «Դո՛ւրս ելէք»։

23

Այն ատեն Տէրը անձրեւ պիտի տայ քու հունտերուդ՝ որով գետինը պիտի սերմանես, Ու գետինի բերքէն՝ հաց, Որ առատ եւ պարարտ պիտի ըլլայ։ Այդ օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտներու մէջ պիտի արածի։

24

Գետինը մշակող եզներն ու էշերը Թիով ու հեծանոցով հոսուած Մաքուր 15կեր պիտի ուտեն։

25

Մեծ ջարդին օրը, Երբ աշտարակները տապալին, Ամէն բարձր լերան վրայ Եւ ամէն 16վեհ բլուրի վրայ Առուներ ու ջուրի հոսանքներ պիտի ըլլան։

26

Այդ օրը, երբ Տէրը իր ժողովուրդին 17վէրքը փաթթէ Եւ անոր հարուածին խոցը բուժէ, Լուսինին լոյսը արեւին լոյսին պէս պիտի ըլլայ, Ու արեւին լոյսը՝ եօթնապատիկ աւելի, Եօթը օրուան լոյսին չափ։


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԸ

27

Ահա՛ Տէրոջ անունը հեռուէն կու գայ. Անոր բարկութիւնը կը վառի, եւ բոցը 18սաստիկ է. Շրթունքը սրտմտութեամբ լեցուած է, Ու լեզուն սպառող կրակի պէս է։

28

Անոր շունչը յորդահոս 19հեղեղի պէս է Որ մինչեւ վիզը կը հասնի, Որպէսզի ազգերը ունայնութեան մաղով մաղէ, Եւ ժողովուրդներուն ծնօտը պախուրց դնելով՝ զանոնք մոլորեցնէ։

29

Դուք սուրբ տօնի մը գիշերուան պէս երգ պիտի ունենաք. Իսրայէլի Վէմին՝ Տէրոջ լեռը երթալու համար Սրինգով գացողի պէս սիրտի ուրախութիւն պիտի ունենաք։

30

Տէրը իր փառաւոր ձայնը լսել պիտի տայ, Ու իր 20երկարած բազուկը՝՝ ցոյց պիտի տայ՝ Սաստիկ բարկութեամբ եւ սպառող կրակի բոցով, Թաթառով, հեղեղով ու կարկուտի քարերով։

31

Արդարեւ Ասորեստանցին Տէրոջ ձայնէն պիտի զարհուրի. Զայն գաւազանով պիտի զարնէ։

32

Որոշուած գաւազանի ամէն 21հարուած՝ Որ Տէրը անոր վրայ պիտի իջեցնէ, Թմբուկներով եւ քնարներով պիտի ըլլայ. Անոր դէմ ձեռքի 22շարժումի պատերազմներով պիտի պայքարի։

33

Արդարեւ Տոփէթ առաջուընէ պատրաստուած է. Թագաւորին համար ալ պատրաստուած է։ Զայն խորունկցուց ու լայնցուց. Անոր խարոյկը կրակ եւ շատ փայտ է։ Տէրոջ շունչը՝ ծծումբի հեղեղի պէս՝ զայն պիտի վառէ։



1 Եբր.՝ որդիներուն
2 Եբր.՝ Խորհուրդ կ’ընեն
3 Կամ՝ Ծածկոցով կը ծածկուին
4 Եբր.՝ բերանիս
5 Եբր.՝ ամրոցին
6 Եբր.՝ եղան
7 Եբր.՝ թռչող
8 Եբր.՝ Ռահաբ, որ Եգիպտոսի մակդիրն է
9 Եբր.՝ դադրեցուցէ՛ք
10 Եբր.՝ վստահեցաք
11 Այսինքն՝ Թրծուած կաւի կտոր
12 Եբր.՝ իրաւունքի
13 Եբր.՝ պատկերներուդ
14 Կամ՝ եփուտը
15 Կամ՝ շաղուածք
16 Եբր.՝ բարձրացած
17 Եբր.՝ բեկումը
18 Եբր.՝ ծանր
19 Եբր.՝ վտակի
20 Եբր.՝ բազուկին իջնելը
21 Եբր.՝ անցք
22 Եբր.՝ երերումի