Loading...

Isaiah 31

Song of Solomon  «  Isaiah 30  ‹  Isaiah 31  ›  Isaiah 32  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ

1

Վա՜յ անոնց՝ որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ’իջնեն. Ձիերու 1կ’ապաւինին ու կառքերու կը վստահին՝ որովհետեւ շատ են, Նաեւ ձիաւորներու՝ որովհետեւ յոյժ 2հզօր են, Սակայն իրենց նայուածքը Իսրայէլի Սուրբին չեն դարձներ, Ու Տէրը չեն փնտռեր։

2

Բայց ինք ալ իմաստուն է. ձախորդութիւն կը բերէ, Իր խօսքերը զանց չ’ըներ. Չարերուն տան դէմ պիտի կանգնի, Եւ անօրէնութիւն գործողներուն օգնութեան դէմ։

3

Եգիպտացիները մարդ են, ո՛չ թէ Աստուած. Անոնց ձիերը մարմին են, ո՛չ թէ հոգի։ Երբ Տէրը իր ձեռքը երկարէ՝ Թէ՛ օգնողը պիտի գայթի, Թէ՛ օգնութիւն ստացողը պիտի իյնայ, Եւ բոլորը միասին պիտի 3կորսուին։

4

Արդարեւ Տէրը ինծի սա՛ ըսաւ. «Ինչպէս առիւծը կամ կորիւնը իր որսին համար կը 4մռնչէ, Ու երբ հովիւներուն 5բազմութիւնը անոր դէմ 6համախմբուի՝ Անոնց ձայնէն չի զարհուրիր, Եւ անոնց դղրդիւնէն չի հպատակիր, Այնպէս ալ զօրքերու Տէրը Սիոն լերան համար Ու անոր բլուրին համար պատերազմելու պիտի իջնէ։

5

Ինչպէս թռչնազգիները իրենց ձագերուն վրայ իրենց թեւերը կը տարածեն, Այնպէս զօրքերու Տէրը Երուսաղէմը պիտի պաշտպանէ. Զայն պաշտպանելով պիտի ազատէ, Անոր 7վրայէն անցնելով՝՝ պիտի փրկէ»։

6

Իսրայէլի որդինե՛ր, վերադարձէ՛ք այն Աստուծոյն՝ Որուն դէմ 8չափազանց ապստամբեցաք.

7

Արդարեւ այդ օրը ամէն մարդ պիտի մերժէ Իր արծաթէ չաստուածներն ու ոսկիէ չաստուածները, Որոնք ձեր մեղաւոր ձեռքերը շինեցին ձեզի։

8

«Ասորեստանցին սուրով պիտի իյնայ, բայց ո՛չ թէ ազնուական մարդու սուրով. Այն սուրը որ զինք պիտի սպառէ՝ ռամիկ մարդու չէ։ Ան սուրէն պիտի փախչի, Եւ անոր երիտասարդները հարկատու պիտի ըլլան։

9

9Իր ժայռը երկիւղէն պիտի հեռանայ՝՝, Եւ անոր իշխանաւորները դրօշակէն պիտի զարհուրին», Կը պատգամէ Տէրը, որուն կրակը Սիոնի մէջ է, Ու փուռը՝ Երուսաղէմի մէջ։



1 Եբր.՝ կը կռթնին
2 Կամ՝ բազմաթիւ
3 Եբր.՝ սպառին
4 Եբր.՝ գոչէ
5 Եբր.՝ լիութիւնը
6 Եբր.՝ կանչուի
7 Կամ՝ խնայելով
8 Եբր.՝ խորապէս
9 Կամ՝ Իր երկիւղին պատճառով իր ժայռէն պիտի անցնի