Isaiah 32
Song of Solomon « Isaiah 31 ‹ Isaiah 32 › Isaiah 33 » Jeremiah
ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ
1Ահա՛ թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ, Եւ իշխանաւորները իրաւունքով պիտի իշխեն։
21Այս մարդը՝՝ հովին դէմ թաքստոցի պէս պիտի ըլլայ, Հեղեղին դէմ՝ ծածկոյթի պէս, Տափաստանը՝ ջուրի առուներու պէս, Եւ ծարաւուտ երկրին մէջ՝ Մեծ ժայռի մը հովանիին պէս։
3Տեսնողներուն աչքերը պիտի չշլանան, Լսողներուն ականջները ուշադիր պիտի ըլլան,
4Շտապողներուն սիրտը գիտութիւնը պիտի ըմբռնէ, Ու թոթովախօսներու լեզուն 2Արագ եւ յստակ պիտի խօսի՝՝։
5Անզգամը անգա՛մ մըն ալ ազնուաբարոյ պիտի չկոչուի, Ո՛չ ալ կծծիին առատաձեռն պիտի ըսուի։
6Արդարեւ անզգամը անզգամութիւն կ’արտաբերէ, Եւ անոր սիրտը անօրէնութիւն կը գործէ. Կեղծաւորութեամբ կը վարուի ու Տէրոջ դէմ քամահրանք կ’արտայայտէ։ Անօթիին անձը կերակուրէ կը 3զրկէ, Եւ ծարաւին խմելիքը կը 4հատցնէ։
7Կծծիին 5հնարքները գէշ են. Ան սուտ խօսքերով դժբախտները բնաջնջելու համար 6Նենգութիւններ կը խորհի, Նոյնիսկ եթէ 7աղքատին դատը արդար ըլլայ՝՝։
8Իսկ ազնուաբարոյ մարդը ազնիւ բաներ կը խորհի, Եւ ազնիւ բաներով 8հաստատ կը մնայ՝՝։
ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
9Ո՛վ անխռով կիներ, կանգնեցէ՛ք, Մտի՛կ ըրէք իմ ձայնս. Ո՛վ ապահովութեան մէջ եղող աղջիկներ, Ունկնդրեցէ՛ք իմ խօսքս։
10Օրերով ու տարիներով պիտի վրդովիք, Ո՛վ ապահովութեան մէջ եղող կիներ, Քանի որ այգեկութը 9կորսուեցաւ, 10Հունձքին ժամանակը պիտի չգայ։
11Ո՛վ անխռով կիներ, դողացէ՛ք. Ո՛վ ապահովութեան մէջ եղող կիներ, վրդովեցէ՛ք. Հանուեցէ՛ք ու մերկացէ՛ք, Եւ ձեր մէջքը քո՛ւրձ կապեցէք։
12Ցանկալի արտերուն ու պտղաբեր որթատունկին համար 11Իրենց կուրծքը պիտի ծեծեն՝՝։
13Իմ ժողովուրդիս հողին վրայ Փուշ եւ ցախ պիտի բուսնին. Նոյնպէս բոլոր բերկրանքի տուներուն վրայ՝ Հրճուալից քաղաքին մէջ։
14Արդարեւ պալատները երեսէ պիտի ձգուին, 12Խռովալից քաղաքը՝՝ պիտի լքուի, Բերդերն ու աշտարակները յաւիտեան քարայրներ պիտի ըլլան, Վայրենի էշերու բերկրանքին համար ու հօտերու արօտ ըլլալու համար,
15Մինչեւ որ վերէն՝ մեր վրայ Հոգի թափուի։ Այն ատեն անապատը բարեբեր արտի պիտի վերածուի, Եւ բարեբեր արտը անտառ համարուի.
16Անապատին մէջ իրաւունքը պիտի բնակի, Ու բարեբեր արտին մէջ արդարութիւնը պիտի մնայ.
17Արդարութեան գործը խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, Եւ արդարութեան 13արդիւնքը՝ հանդարտութիւն ու ապահովութիւն յաւիտեան։
18Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակարանի մէջ, Ապահով բնակարաններու մէջ, Եւ անխռով հանգստավայրի մէջ պիտի բնակի.
19Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ, Ու քաղաքը բոլորովին պիտի նուաստանայ։
20Երանի՜ ձեզի, որ բոլոր ջուրերուն քով կը սերմանէք, Եւ եզին ու իշուն ոտքը ամէն տեղ 14կոխել կու տաք՝՝։