Loading...

Isaiah 33

Song of Solomon  «  Isaiah 32  ‹  Isaiah 33  ›  Isaiah 34  »  Jeremiah


ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

1

Վա՜յ քեզի, ո՛վ կործանող, որ չկործանուեցար. Վա՜յ քեզի, ո՛վ 1դաւաճան, որ քեզի 2չդաւաճանեցին։ Երբ դուն կործանելը լմնցնես՝ քեզ պիտի կործանեն, Երբ դաւաճանելէ դադրիս՝ քեզի պիտի դաւաճանեն։

2

Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ մեզի, քեզի՛ կը յուսանք. Ամէն առտու 3մեր զօրութի՛ւնը՝՝ եղիր, Ու տագնապի ժամանակ՝ մեր փրկութիւնը։

3

Դղրդիւնին ձայնէն ժողովուրդները կը փախչին, Քու բարձրանալէդ ազգերը կը ցրուին։

4

Ձեր աւարը պիտի հաւաքեն՝ գրուիճի հաւաքումին պէս. Անոր վրայ պիտի խոյանան՝ մարախներու խոյանքին պէս։

5

Տէրը բարձրացած է, որովհետեւ բարձր վայրերը կը բնակի. Սիոնը իրաւունքով եւ արդարութեամբ լեցուց։

6

Իմաստութիւնն ու գիտութիւնը քու 4օրերուդ ապահովութիւնը պիտի ըլլան, Եւ փրկութեանդ 5զօրութիւնը. Տէրոջ վախը 6քու գանձդ է։

7

Ահա՛ անոնց հերոսները դուրսը կ’աղաղակեն. Խաղաղութեան պատգամաւորները դառնապէս կու լան։

8

Պողոտաները ամայացան, Ուղիէն անցնող 7չմնաց։ Անիկա ուխտը խզեց, քաղաքները անարգեց. Մարդը չի յարգեր։

9

Երկիրը կը սգայ ու կ’ուժաթափի. Լիբանան ամչցաւ եւ թարշամեցաւ. Սարոն անապատի պէս եղաւ։ Բասան ու Կարմեղոս կը թօթուուին։


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՐԱՏԷ ԻՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ

10

«Հիմա պիտի կանգնիմ,— կ’ըսէ Տէրը,— Հիմա պիտի 8փառաւորուիմ, Հիմա պիտի բարձրանամ։

11

Դուք չոր խոտ պիտի յղանաք եւ խոզան պիտի ծնանիք, Ու ձեր 9շունչը կրակի պէս ձեզ պիտի սպառէ։

12

Ժողովուրդները 10կիրով պիտի այրին՝՝. Անոնք կրակի մէջ պիտի այրին՝ կտրուած փուշերու պէս»։

13

Ո՛վ հեռու եղողներ, լսեցէ՛ք թէ ի՛նչ ըրի. Ո՛վ մօտ եղողներ, ճանչցէ՛ք իմ զօրութիւնս»։

14

Սիոնի մէջ մեղաւորները կը վախնան, Դողը համակած է կեղծաւորները։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ սպառող կրակին մէջ. Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ յաւիտենական վառարանին մէջ.—

15

Արդարութեամբ ընթացողը եւ ուղղամտութեամբ խօսողը, Անիրաւութեան շահը 11մերժողը, Կաշառք չստանալու համար ձեռքերը թօթուողը, Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները խցողը, Ու չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը։

16

Անիկա բարձր վայրերը պիտի բնակի, Անոր միջնաբերդը ամուր ժայռերու վրայ պիտի ըլլայ. Անոր հաց պիտի տրուի, Եւ անոր ջուրը ապահովուած պիտի ըլլայ։


ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ

17

Քու աչքերդ թագաւորը պիտի տեսնեն՝ իր գեղեցկութեամբ. Անոնք հեռաւոր երկրին պիտի նային։

18

Քու սիրտդ ահերու մասին պիտի խորհրդածէ. «Ո՞ւր է ատենադպիրը, ո՞ւր է կշռողը, Ո՞ւր է աշտարակները հաշուողը»։

19

Դուն ա՛լ պիտի չտեսնես այն յախուռն ժողովուրդը, Դժուարիմաց ու 12անծանօթ լեզու ունեցող ժողովուրդը, Թոթովախօս եւ անհասկնալի լեզուով խօսող ժողովուրդը։

20

Մեր տօնախմբութիւններու քաղաքին՝ Սիոնի՛ նայէ. Քու աչքերդ Երուսաղէմը պիտի տեսնեն, Իբրեւ անխռով բնակարան մը եւ անխախտ վրան մը, Որուն ցիցերը ընդմիշտ պիտի 13չխլուին, Ու պարաններէն ո՛չ մէկը պիտի փրթի։

21

Հապա հոն վեհափառ Տէրը պիտի ըլլայ մեզի՝ Լայնատարած գետակներու եւ գետերու տեղ մը, Ուր թիաքարշ նաւ պիտի չմտնէ, Եւ անկէ հոյակապ նաւ պիտի չանցնի։

22

Արդարեւ մեր դատաւորը Տէ՛րն է, Մեր օրէնսդիրը Տէ՛րն է, Մեր թագաւորը Տէ՛րն է. Ի՛նք մեզ պիտի ազատէ։

23

Քու պարաններդ թուլցան, Իրենց կայմին խարիսխը չկրցան ամրացնել, Առագաստը չկրցան բանալ. Այն ատեն մեծ աւար բաժնուեցաւ, Մինչեւ անգամ կաղերը կողոպուտէն առին։

24

Ու հոն բնակողը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ»։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի։



1 Եբր.՝ անհաւատարիմ
2 Եբր.՝ անհաւատարիմ չեղան
3 Եբր.՝ անոնց բազո՛ւկը
4 Եբր.՝ ժամանակներուդ
5 Եբր.՝ գանձը
6 Եբր.՝ անոր
7 Եբր.՝ դադրեցաւ
8 Եբր.՝ բարձրացուիմ
9 Կամ՝ բարկութեան ոգին
10 Կամ՝ կիրի այրուածքին պէս պիտի ըլլան
11 Կամ՝ անարգողը
12 Եբր.՝ խորունկ
13 Եբր.՝ չվերցուին