Isaiah 34
Song of Solomon « Isaiah 33 ‹ Isaiah 34 › Isaiah 35 » Jeremiah
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԻՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ
1Ո՛վ ազգեր, մօտեցէ՛ք՝ որպէսզի լսէք, Ո՛վ 1ժողովուրդներ, ուշադի՛ր եղէք. Երկիրն ու անոր 2բոլոր բնակիչները՝՝, Երկրագունդը եւ անոր բոլոր արտադրածները թող մտիկ ընեն։
2Արդարեւ Տէրոջ բարկութիւնը բոլոր ազգերուն վրայ է, Ու ցասումը՝ անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ. Ինք զանոնք անճիտեց, զանոնք սպանդի մատնեց։
3Անոնց 3սպաննուածները պիտի նետուին, Եւ անոնց դիակներէն գարշահոտութիւն պիտի ելլէ. Անոնց արիւնէն լեռները պիտի հալին։
4Երկինքի բոլոր զօրքերը պիտի մաշին. Երկինքը 4մագաղաթի պէս պիտի ոլորուի, Եւ անոր բոլոր զօրքերը վար պիտի թափին՝ Ինչպէս տերեւը որթատունկէն կը թափի, Ինչպէս թուզը թզենիէն կը թափի։
5Արդարեւ իմ սուրս երկինքի մէջ արբեցած է. Ահա՛ ան Եդովմի վրայ եւ իմ նզոված ժողովուրդիս վրայ Դատաստան կիրարկելու պիտի իջնէ։
6Տէրոջ սուրը արիւնով լեցուած է. Ճարպով իւղոտած է, Պարարտ գառներուն եւ նոխազներուն արիւնով, Խոյերու երիկամունքներուն ճարպով, Քանի որ Տէրը Բոսրայի մէջ զոհ ունի, Ու Եդովմի երկրին մէջ՝ մեծ սպանդ։
7Անոնց հետ պիտի իյնան 5գոմէշները, Նաեւ զուարակները՝ ցուլերուն հետ. Անոնց երկիրը արիւնով պիտի ոռոգուի, Եւ անոնց հողը ճարպով պիտի պարարտանայ,
8Որովհետեւ Տէրոջ վրէժխնդրութեան օրն է, Ու Սիոնի դատին հատուցումի տարին։
96Եդովմի վտակները ձիւթի պիտի վերածուին, Եւ հողը՝ ծծումբի. Անոր երկիրը վառուող ձիւթ պիտի ըլլայ,
10Գիշեր ու ցերեկ պիտի չմարի, Անոր ծուխը յաւիտեան պիտի բարձրանայ։ 7Դարէ դար՝՝ անապատ պիտի ըլլայ, Ցմիշտ անկէ անցնող պիտի չըլլայ.
11Հապա հաւալուսնը եւ ոզնին պիտի տիրանան անոր, Հոն քաջահաւն ու ագռաւը պիտի բնակին։ Անոր վրայ ամայութեան լարը պիտի քաշուի, Եւ դատարկութեան 8հարթաչափը։
12Անոր ազնուականները 9թագաւորութեան պիտի կանչեն, Բայց ո՛չ մէկը հոն պիտի ըլլայ. Անոր բոլոր իշխանաւորները պիտի ոչնչանան։
13Անոր պալատներուն մէջ փուշեր պիտի բուսնին, Եւ անոր ամրոցներուն մէջ՝ 10եկքան ու 11մոշենի. Շնագայլերու բնակարան, Ջայլամներու բակ պիտի ըլլայ։
1412Վայրենի կատուները՝՝ բորենիներուն պիտի հանդիպին, Այծամարդերը զիրար պիտի կանչեն. Յուշկապարիկները հոն պիտի հանգչին, Եւ իրենց հանգստավայր գտնեն։
15Հոն նետօձը իր բոյնը պիտի շինէ ու հաւկիթ ածէ, Թխսէ եւ ձագերը իր հովանիին տակ խնամէ. Ուրուրներն ալ հոն պիտի հաւաքուին, իւրաքանչիւրը իր ընկերին հետ։
16Տէրոջ գիրքին մէջ փնտռեցէ՛ք ու կարդացէ՛ք. «Ասոնցմէ ո՛չ մէկը պիտի պակսի, Ո՛չ մէկը ընկերը 13պիտի փնտռէ՝՝, Որովհետեւ 14Տէրոջ բերանը՝՝ հրամայեր է, Եւ իր Հոգին զանոնք հաւաքեր է։
17Ինք անոնց համար վիճակ ձգեր է, Ու իր ձեռքը 15զայն լարով բաժներ է անոնց. Յաւիտեան անոր պիտի տիրանան, Դարէ դար անոր մէջ պիտի բնակին»։