Isaiah 35
Song of Solomon « Isaiah 34 ‹ Isaiah 35 › Isaiah 36 » Jeremiah
ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ
1Անապատն ու տափաստանը 1պիտի բերկրին, Եւ անբնակ երկիրը պիտի խայտայ ու նարկիսի պէս պիտի ծաղկի։
2Ան բոլորովին պիտի ծաղկի, Եւ խայտալով ու ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։ Անոր պիտի տրուի Լիբանանի փառքը, Կարմեղոսի եւ Սարոնի վայելչութիւնը. Անոնք պիտի տեսնեն Տէրոջ փառքը, Մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը։
3Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք, Ու 2դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք։
43Այլայլած սիրտ ունեցողներուն ըսէ՛ք. «Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք. Ահա՛ ձեր Աստուածը վրէժխնդրութեամբ Եւ Աստուծոյ վարձատրութեամբ պիտի գայ. Ան պիտի գայ ու ձեզ ազատէ»։
5Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին, Եւ խուլերուն ականջները պիտի բացուին։
6Այն ատեն կաղը երջերուի պէս պիտի ոստնու, Ու համրին լեզուն պիտի օրհներգէ, Քանի որ անապատին մէջ ջուրեր պիտի ժայթքեն, Եւ անբնակ երկրին մէջ՝ վտակներ։
7Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի վերածուի, Ու ծարաւուտ երկիրը՝ ջուրի աղբիւրներու. Շնագայլերուն պառկած բնակարանը Խոտ, եղէգ եւ պրտու պիտի բուսցնէ։
8Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ, Եւ ան Սրբութեան պողոտայ պիտի կոչուի։ Անկէ անմաքուր մէկը պիտի չանցնի, Հապա ան միայն անոնց համար պիտի ըլլայ. Այդ ճամբայէն գացողները — մինչեւ անգամ յիմարները — պիտի չմոլորին։
9Հոն առիւծ պիտի չըլլայ, Անոր վրայ պատառող գազան պիտի չբարձրանայ Ու հոն պիտի չգտնուի, Հապա փրկուածները հոն պիտի քալեն։
10Տէրոջ ազատածները պիտի վերադառնան, Ցնծերգերով Սիոն պիտի գան, Ու անոնց գլուխին վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ. Անոնք բերկրանք եւ ուրախութիւն պիտի ստանան, Տրտմութիւնն ու հառաչանքը անոնցմէ պիտի 4հեռանան։