Loading...

Isaiah 36

Song of Solomon  «  Isaiah 35  ‹  Isaiah 36  ›  Isaiah 37  »  Jeremiah


ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ (Դ. Թագ. 18. 13-27։ Բ. Մնաց. 32. 1-19)

1

Եզեկիա թագաւորին տասնչորրորդ տարին՝ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն դէմ բարձրացաւ, ու զանոնք գրաւեց։

2

Ասորեստանի թագաւորը Ռափսակը շատ զօրքով Լաքիսէն Երուսաղէմ ղրկեց՝ Եզեկիա թագաւորին, եւ ան 1Թափիչին արտին պողոտային վրայ՝ վերի աւազանին ջրմուղին քով կայնեցաւ։

3

Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմ 2արքունապետը, Սեբնա ատենադպիրը, եւ Ասափի որդին՝ Յովաք 3դիւանադպիրը, դուրս ելան՝ անոր քով։

4

Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիայի ըսէ՛ք. “Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, սա՛ կը յայտարարէ. "Ի՞նչ է այդ վստահութիւնը՝ որուն 4կ’ապաւինիս։

5

Դուն ըսիր. «Պատերազմի համար ծրագիր ու զօրութիւն ունիմ». բայց ատոնք շրթունքի խօսքեր են։ Ուրեմն որո՞ւ վստահելով ինծի դէմ ըմբոստացար։

6

Ահա՛ դուն այդ ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսի կը վստահիս, որուն եթէ մէկը յենի՝ իր ձեռքը պիտի մտնէ եւ զայն ծակէ։ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը այդպէս է բոլոր իրեն վստահողներուն"”։

7

Բայց եթէ ինծի ըսես. “Մենք մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի կը վստահինք”, ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու զոհասեղանները Եզեկիա հանեց՝ Յուդայի եւ Երուսաղէմի բնակիչներուն հրամայելով. “Միայն ա՛յս զոհասեղանին առջեւ երկրպագեցէք”։

8

Ուրեմն հիմա իմ տիրոջս՝ Ասորեստանի թագաւորին 5հետ հաշտուէ՛՝՝, ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ կարենաս անոնց վրայ հեծեալներ դնել։

9

Ի՞նչպէս իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին 6ընկրկիլ պիտի տաս,՝՝ դուն որ կառքերու եւ ձիաւորներու համար Եգիպտոսի կը վստահիս։

10

Հիմա այս երկիրը արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն բարձրացեր եմ՝ զայն կործանելու համար։ Եհովան ինծի ըսաւ. “Այս երկրին դէմ բարձրացի՛ր, ու զայն կործանէ՛”»։

11

Եղիակիմ, Սեբնա ու Յովաք Ռափսակի ըսին. «Կ’աղերսե՛նք, քու ծառաներուդ հետ 7ասորերէ՛ն խօսէ, քանի որ մենք կը հասկնանք. մեզի հետ 8եբրայերէն մի՛ խօսիր՝ պարիսպին վրայ եղող ժողովուրդին ականջներուն»։

12

Բայց Ռափսակ պատասխանեց. «Միթէ այս խօսքերը ըսելու համար իմ տէրս զիս միայն քու տիրոջդ ու քեզի՞ ղրկեց. այս մարդոց ալ չէ՞, որ պարիսպին վրայ կը կենան, ձեզի հետ իրենց կղկղանքը ուտելու եւ իրենց մէզը խմելու»։

13

Յետոյ Ռափսակ ոտքի ելաւ, ու բարձր ձայնով եբրայերէն գոչեց եւ ըսաւ. «Մտի՛կ ըրէք մեծ թագաւորին՝ Ասորեստանի թագաւորին խօսքերը։

14

Թագաւորը սա՛ կը յայտարարէ. “Եզեկիա ձեզ թող չհրապուրէ, քանի որ ան չի կրնար ձեզ ազատել։

15

Եզեկիա ձեզ Եհովայի վրայ վստահիլ թող չտայ՝ ըսելով. "Եհովան մեզ անշուշտ պիտի ազատէ, եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չմատնուի"”։

16

Եզեկիայի մտիկ մի՛ ընէք, որովհետեւ Ասորեստանի թագաւորը սա՛ կը յայտարարէ. “Ինծի հետ 9հաշտութի՛ւն ըրէք ու ինծի՛ 10եկէք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր որթատունկէն եւ իւրաքանչիւրը իր թզենիէն ուտէ, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ջրհորին ջուրէն խմէ.

17

մինչեւ որ ես գամ եւ ձեզ տանիմ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու քաղցուի երկիր մը, հացի եւ այգիներու երկիր մը։

18

Թող Եզեկիա ձեզ չհամոզէ՝ ըսելով. "Եհովան մեզ պիտի ազատէ"։ Միթէ միւս ազգերուն աստուածներէն իւրաքանչիւրը ազատե՞ց իր երկիրը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն։

19

Եմաթի եւ Արփաթի աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմի աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։

20

Այս երկիրներուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովան Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ”»։

21

Իսկ անոնք լուռ կեցան եւ ո՛չ մէկ խօսքով անոր պատասխանեցին. քանի որ թագաւորը պատուիրեր էր. «Անոր մի՛ պատասխանէք»։

22

Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմ արքունապետը, Սեբնա ատենադպիրը, եւ Ասափի որդին՝ Յովաք դիւանադպիրը, իրենց հագուստները պատռած՝ Եզեկիայի գացին ու Ռափսակի խօսքերը անոր հաղորդեցին։



1 Այսինքն՝ Լուացարարին
2 Եբր.՝ թագաւորին տան վրայ եղողը
3 Եբր.՝ յիշատակութիւններու դպիրը
4 Եբր.՝ կը վստահիս
5 Կամ՝ պատա՛նդ տուր
6 Եբր.՝ երեսը պիտի դարձնես
7 Եբր.՝ արամերէ՛ն, կամ՝ քաղդէարէ՛ն
8 Եբր.՝ հրէերէն
9 Եբր.՝ օրհնութի՛ւն
10 Եբր.՝ դուրս ելէք