Isaiah 37
Song of Solomon « Isaiah 36 ‹ Isaiah 37 › Isaiah 38 » Jeremiah
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ԴԻՄԷ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ (Դ. Թագ. 19. 1-7)
1Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հագուստները պատռեց, քուրձ հագաւ եւ Տէրոջ տունը մտաւ։
2Յետոյ Եղիակիմ արքունապետը, Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն երէցները, քուրձեր հագած, ղրկեց Ամովսի որդիին՝ Եսայի մարգարէին։
3Անոր ըսին. «Եզեկիա սա՛ կ’ըսէ. “Այսօր տագնապի, կշտամբանքի եւ անարգանքի օր է. քանի որ 1զաւակները մինչեւ 2արգանդին բերանը՝՝ հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։
4Թերեւս Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ Ռափսակի խօսքերը լսէ,— որ իր տէրը՝ Ասորեստանի թագաւորը՝ ղրկեց ապրող Աստուածը նախատելու համար,— ու Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ իր լսած խօսքերուն համար կշտամբէ։ Ուրեմն դուն 3գոյութիւն ունեցող՝՝ մնացորդին համար աղօ՛թք բարձրացուր”»։
5Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիի գացին.
6Եսայի ալ անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջ սա՛ ըսէք. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Մի՛ վախնար քու լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին սպասաւորները ինծի հայհոյեցին։
7Ահա՛ ես անոր վրայ ոգի մը պիտի 4ղրկեմ, եւ լուր մը լսելով՝ իր երկիրը պիտի վերադառնայ. իր երկրին մէջ զայն սուրով պիտի 5զարնեմ"”»։
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՂՐԿԵՆ ՈՒՐԻՇ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՄԸ (Դ. Թագ. 19. 8-19)
8Ռափսակ վերադարձաւ, եւ Ասորեստանի թագաւորը գտաւ՝ որ Լեբնայի դէմ կը պատերազմէր, որովհետեւ լսած էր թէ Լաքիսէն մեկներ է։
9Սենեքերիմ Եթովպիայի Թարակա թագաւորին մասին լսեց թէ կ’ըսէին. «Ահա՛ ան քեզի դէմ պատերազմելու համար դուրս ելեր է»։ Երբ ասիկա լսեց, Եզեկիայի պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով.
10«Յուդայի Եզեկիա թագաւորին սա՛ ըսէք. “Քու Աստուածդ՝ որուն կը վստահիս, քեզ թող չհրապուրէ՝ ըսելով. "Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չմատնուի"։
11Ահա՛ դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին, ի՛նչպէս զանոնք աւերեցին. ուստի միայն դո՞ւն պիտի ազատիս։
12Միթէ իմ հայրերուս կոտորած ազգերուն — Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի, եւ Թելասարի մէջ եղող Եդեմի որդիներուն — աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։
13Ո՞ւր են Եմաթի թագաւորը, Արփաթի թագաւորը, ու Սեփարուիմ քաղաքին, Անայի եւ Աւայի թագաւորը”»։
14Եզեկիա 6նամակը պատգամաւորներուն ձեռքէն առաւ եւ զայն կարդաց. ապա Տէրոջ տունը բարձրացաւ, ու Եզեկիա Տէրոջ առջեւ զայն 7բացաւ։
15Եզեկիա Տէրոջ առջեւ աղօթեց՝ ըսելով.
16«Ո՛վ զօրքերու Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, որ քերովբէներու վրայ կը բազմիս, երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն Աստուածը միայն դուն ես. երկինքն ու երկիրը դո՛ւն 8ստեղծեցիր։
17Ո՛վ Տէր, դարձո՛ւր ականջդ եւ լսէ՛. ո՛վ Տէր, բա՛ց աչքերդ ու նայէ՛, եւ լսէ՛ Սենեքերիմի բոլոր խօսքերը, որ ղրկեց ապրող Աստուածը նախատելու համար։
18Ո՛վ Տէր, Ասորեստանի թագաւորները ի՛րապէս բոլոր 9ազգերն ու անոնց երկիրները՝՝ աւերեցին,
19եւ անոնց աստուածները կրակի մատնեցին, որովհետեւ անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ էին, փայտ ու քար. ուստի զանոնք կորսնցուցին։
20Ուստի հիմա, ո՛վ Տէր, մեր Աստուա՛ծը, ազատէ՛ մեզ անոր ձեռքէն, որպէսզի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դո՛ւն ես Տէրը»։
ԵՍԱՅԻԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ (Դ. Թագ. 19. 20-37)
21Ամովսի որդին՝ Եսայի Եզեկիայի մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին մասին ինծի աղօթեցիր,
22ահա՛ւասիկ անոր դէմ Տէրոջ ըսած խօսքը. "Սիոնի կոյս աղջիկը քեզ արհամարհեց, քեզ ծաղրեց. Երուսաղէմի աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։
23Դուն ո՞վ նախատեցիր, որո՞ւն հայհոյեցիր. Որո՞ւն դէմ ձայնդ բարձրացուցիր. Իսրայէլի սուրբի՛ն դէմ աչքերդ վերցուցիր։
24Տէ՛րը նախատեցիր քու ծառաներուդ 10միջոցով, եւ ըսիր. «Իմ 11բազմաթիւ կառքերովս՝՝ լեռներուն բարձունքը ելայ, Լիբանանի լանջերը. Անոր յաղթահասակ մայրիները Եւ ընտիր եղեւինները 12պիտի կտրեմ՝՝, Ու 13պիտի հասնիմ՝՝ անոր ծայրագոյն բարձունքը, Անոր 14Կարմեղոսին անտառը։
25Ես փորեցի, ու ջուր խմեցի. Ոտքերուս ներբաններով ցամքեցուցի 15Պաշարուած տեղերուն՝՝ բոլոր գետերը»։
26Միթէ լսած չե՞ս թէ ասիկա ե՛ս պատրաստեցի նախապէս, Ե՛ս 16ծրագրեցի վաղեմի օրերէն. Հիմա իրագործեցի, Որպէսզի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի կոյտերու վերածես։
27Ուստի անոնց բնակիչները 17անզօր եղան, Զարհուրեցան եւ ամչցան. Անոնք դաշտի բոյսի պէս, Կանաչ դալարի պէս, Տանիքի խոտի պէս, Հասուննալէն առաջ խորշակահար ցորենի պէս եղան։
28Բայց ես քու նստիլդ, դուրս ելլելդ ու ներս մտնելդ գիտեմ, Նաեւ ինծի դէմ ունեցած մոլեգնութիւնդ։
29Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած մոլեգնութիւնդ Եւ քու անպատկառութիւնդ ականջներուս բարձրացան։ Ես ալ իմ օղակս քու քիթդ պիտի դնեմ, Եւ իմ սանձս՝ քու շրթունքդ, Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ պիտի վերադարձնեմ։
30Եւ սա՛ քեզի նշան պիտի ըլլայ. Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը պիտի ուտէք, Երկրորդ տարին՝ ինկած հատերէն բուսածը, Իսկ երրորդ տարին՝ սերմանեցէ՛ք ու հնձեցէ՛ք, Այգինե՛ր տնկեցէք եւ անոնց պտո՛ւղը կերէք։
31Յուդայի տունէն ազատած մնացորդը՝ Վարէն արմատ պիտի 18արձակէ, Ու վերէն պտուղ պիտի տայ.
32Արդարեւ Երուսաղէմէն մնացորդ մը պիտի ելլէ, Ու Սիոն լեռնէն՝ ազատածներ. Ասիկա զօրքերու Տէրոջ նախանձախնդրութիւնը պիտի կատարէ։
33Հետեւաբար Ասորեստանի թագաւորին մասին Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ան այս քաղաքը պիտի չմտնէ Անոր նետ պիտի չարձակէ, Անոր առջեւ վահանով պիտի չգայ, Անոր դէմ հողաբլուր պիտի չբարձրացնէ.
34Իր եկած ճամբայէն պիտի վերադառնայ, Եւ այս քաղաքը պիտի չմտնէ,— կը պատգամէ Տէրը։—
35Այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ՝ Որ զայն ազատեմ իմ անունիս համար, Ու իմ ծառայիս՝ Դաւիթի սիրոյն համար»"”»։
36Տէրոջ հրեշտակը դուրս ելաւ, եւ Ասորեստանցիներու բանակավայրին մէջ հարիւր ութսունհինգ հազար մարդ զարկաւ. երբ առտուն՝ կանուխ ելան, ահա՛ անոնք բոլորն ալ մեռած 19մարմիններ էին։
37Ուստի Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը մեկնեցաւ. գնաց, Նինուէ վերադարձաւ եւ հոն մնաց։
38Երբ իր աստուծոյն՝ Նեսրաքի տան մէջ կ’երկրպագէր, իր որդիները՝ Ադրամելէք ու Սարասար՝ զինք սուրով զարկին, եւ Արարատի երկիրը խոյս տուին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Ասորդան թագաւոր եղաւ։